«Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութեան համագումարին մասնակցելու պաշտօնական հրաւէրով, երկօրեայ այցելութեամբ Աթէնք գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ եւ Հայաստանի խորհրդարանի Հայաստան-Յունաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանով։
Իր այցելութեան ծիրէն ներս ան առիթը ունեցաւ հանդիպումներ իրագործելու Յունաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ Հայաստանի հետ Յունաստանի խորհրդարանի բարեկամական խումբի ղեկավար Ափոսթոլոս Քաքլամանիսի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիսի հետ։
Իր տպաւորութիւններուն եւ հանդիպումներուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու իմաստով պրն. Շարմազանովին հետ հանդիպում ունեցաւ «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը։
Ի՞նչ հարցեր շօշափեցիք յոյն քաղաքական գործիչներու հետ ձեր հանդիպումներուն ընթացքին։
Իմ այցելութիւնս կուսակցական պարտաւորութեամբ էր, նկատի առած թէ Հանրապետական կուսակցութիւնը որպէս ասոցացուած անդամ կը մասնակցի Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան՝ EPP-ի, ուր նոյնպէս կ'անդամակցի Յունաստանի «Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը։
Համագումարին մասնակցեցայ որպէս կուսակցութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ եւ առիթը ունեցայ հանդիպելու կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ, մասնաւորապէս գլխաւոր քարտուղար Քեֆալոեանիսի հետ, բայց այցս չի սահմանափակուեցաւ միայն կուսակցական գործունէութեամբ, այլ աւելի ընդհանուր, քանի որ միաժամանակ ես կը վարեմ հայ-յունական միջխորհրդարանական յանձնաժողովի ղեկավարի պաշտօնը։ Այս ծիրէն ներս հանդիպեցայ մի շարք գործիչներու հետ, ինչպէս Յունաստանի խորհրդարանի նախկին խօսնակ եւ այժմ Յունաստան-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ափոսթոլոս Քաքլամանիսի հետ։ Ըսեմ, որ շատ դրական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցաւ հանդիպումը։ Որպէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հաւատարիմ բարեկամ պրն. Քաքլամանիսի հետ անդրադարձ կատարեցինք մեր պատմական անցեալի, մեր բարեկամական աւանդական կապերուն շուրջ եւ կարեւորեցինք այդ կապերու ընդլայնման հարցը 21րդ դարուն։
Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի որ 1996ին, իր նախագահութեան օրով, Յունաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծը։
Մեր խօսակցութեան մէջ կարեւորեցինք հայ եւ յոյն խորհրդարանականներու միասնական ճիգերու գործադրումը՝ թրքական մերժողական քաղաքականութեան դէմ։ Պրն. Քաքլամանիսը յաւելեալ նշեց, թէ եթէ ժամանակին բոլոր պետութիւնները ճանչնային Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա մենք նոր ցեղասպանութիւններու վտանգ դիմագրաւած պիտի չըլլայինք։ Իսկ ապագայ սերունդներուն համար կանխարգիլուած պիտի ըլլար նման վտանգ։ Վտանգը կը շարունակէ մնալ, մինչեւ որ համայն մարդկութեան կողմէ չի դատապարտուի ոճիրը։
Հանդիպեցայ նաեւ խորհրդարանի փոխ խօսնակ պրն. Թրաղաքիսի հետ։ Ինքն ալ շատ մտերիմ կեցուածք ցուցաբերեց եւ մեծապէս գնահատեց հայ համայնքի աշխուժ գործունէութիւնը։
Խօսեցանք Լեռնային Ղարաբաղի հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին, ուր դիտել տուի թէ ոեւէ մէկը չի կրնար բռնանալ Արցախի ժո-ղովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։ Խօսեցանք բանակցային գործընթացի սկզբունքներու մասին եւ շեշտեցի իրեն, թէ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի՝ Հայաստանը եւ Արցախը չեն փափաքիր պատերազմ, չեն փափաքիր ռազմական ուժով խնդրի լուծում, այլ միայն խաղաղ միջոցներու կողմնակից ենք։ Մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է։
Բանակցութիւններու գործընթացին մէջ, կարելի չէ յառաջ երթալ, առանց Արցախի իշխանութիւններու լիարժէք մասնակցութեան։
Զարգացման փոխ նախարար Նոթիս Միթարաքիսի հետ ալ հանդիպում մը ունեցայ, որու հետ քննարկեցինք փոխադարձ հետաքրքրութեան հարցեր։ Ճիշդ է որ մեր մշակութային յարաբերութիւնները բաւականին բարձր մակարդակի վրայ են, բայց տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւնները կը զիջին, եւ այդ իմաստով պէտք է ջանքեր ներդնել, բարելաւելու համար տնտեսական մեր կապերը։
Կա՞ն այդպիսի նախադրեալներ։
Այո, կան։ Որովհետեւ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հրաւիրուի հայ-յունական գործարար համաժողով։ Եւ այդ իմաստով ալ խօսեցանք եւ պրն. Միթարաքիս առաջարկեց իր աջակցութիւնը յունական կողմէ։ Մենք միայն ուրախ ենք այս գծով։
Մեր հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը, որ ներկայացուց հայ-յունական գործարարներու համաժողովի մանրամասնութիւնները։
Կը կարծեմ որ այս կ'ըլլայ առաջին գործնական քայլը, որպէսզի նոր թափ ըս- տանան հայ-յունական առեւտրատընտեսական յարաբերութիւնները։
Անդրադառնալով հայ-յունական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գործունէութեան, գործնական ի՞նչ քայլեր կարելի է ակնկալել անկէ։
Հայաստան-Յունաստան բարեկամական խումբը մեր խորհրդարանի ամէնէն բազմանդամ խմբակներէն է։ Ամէն մարդ կ'ուզէ անդամակցիլ, որովհետեւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ չկայ գործիչ, որ իրեն բարեկամ չհամարէ Յունաստանի։ Նոյնպէս եւ հակառակը, որովհետեւ հազարամեակներու վրայ խարսխուած է մեր ազգերու միջեւ բարեկամութիւնը։
Բարեկամական խումբը կրնայ շատ բաներ ընել, յատկապէս հոն ուր պաշտօնական դիւանագիտութիւնը դանդաղ կ'ընթանայ։ Ժողովրդային, խորհրդարանական քաղաքականութիւնը շատ աւելի անկաշկանդ է եւ մենք պէտք է կարողանանք շատ աւելի լաւ համագործակցութեան եզրեր գտնել յոյն պատգամաւորներուն հետ։ Մանաւանդ, նկատի առնելով թէ հայ եւ յոյն պատգամաւորները ընդգրկուած են բազմաթիւ միջազգային հարթակներու վրայ գործող կառոյցներու մէջ, ուր համակարգուած աշխատանք կրնան տանիլ։
Ըսեմ, որ ես Հայաստան հրաւիրեցի յոյն խմբակի նախագահ պրն. Ափոսթոլոս Քաքլամանիսը, որ պատրաստակամութիւն եւ փափաք յայտնեց մօտ ատենէ այցելութիւնը իրագործելու։
Ինչպէ՞ս կ'ընկալէք մեր առջեւ գտնուող խնդիրները։
Մենք կþապրինք հայկական մեր ոսկեդարը, որովհետեւ մենք անկախ պետականութիւն ունինք։ Ես ինքս պատմաբան եմ, գիտեմ ինչպէս մեր անցեալի հերոսները պայքարեցան անկախ պետականութիւն կերտելու համար։ Մենք այս բախտը ունինք, եւ մեր անկախ պետականութիւնը մեզի ոչ մէկը չնուիրեց, այլ մենք նուաճեցինք Արցախեան պատերազմով, մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ։ Մեր անկախութիւնը ողջ հայութեան կը պատկանի։ Մենք իրար սիրել պարտաւոր չենք, բայց մենք իրար հանդուրժել պարտաւոր ենք։ Պէտք է հասկնանք բոլորս, որ կայ գիծ մը, ուրկէ անդին կարելի չէ երթալ։ Ես շատ ուրախ եմ տեսնելու այս պատրաստակամութիւնը բոլորի մօտ։
Հայաստանի ընկերութիւնը տագնապեցնող հարցերը ճնշումի կ'ենթարկեն ժողովուրդը, որ չի կրնար հանդուրժել կաշառակերութիւնն ու մոնոփոլները, եւ կը պահանջէ արդարութիւն ու ժողովրդավարութիւն։ Ի՞նչ քայլերու կը դիմէ պետութիւնը բարելաւելու համար վիճակը։
Հայաստանի մէջ տնտեսական անկումը բաւական լուրջ էր եւ ճնշուած վիճակ յառաջացուց, գործարաններու փակումով եւ աշխատանքներու սահմանափակումով։ Գիտէք, մենք կ'ապրինք չաւարտուած պատերազմի պայմաններու մէջ, ուր պիւտճէտային գումարներու մէկ մասը պարտաւոր ենք տրամադրելու անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզերէն ներս, քանի որ Ատրպէյճանը կը պարտադրէ սպառազինութիւններու մրցավազք։
Ի հարկէ Հայաստանի մէջ կան շատ խնդիրներ։ Անոնցմէ մէկը տնտեսական զարգացումն է, որ ունի նաեւ ազգային անվտանգութեան բնոյթ։ Որովհետեւ տնտեսական զարգացումը իր հետ կը բերէ նոր աշխատատեղերու ստեղծում, կը բերէ արտագաղթի նուազում, կը բերէ մարդոց կենցաղային իրավիճակի բարելաւում։
Մենք մեր առջեւ ունինք բազմաթիւ խնդիրներ։ Բոլորը միանգամէն կարելի չէ բարելաւել, կամ անսխալ գործել։ Բայց մենք ունինք լսելու ունակութիւն։ Մենք միշտ ըսած ենք, որ ընդդիմութեան խօսքը կþուզենք լսել եւ շատ անգամներ իրագործուած են ընդդիմութեան առաջարկները, որոնք իրապէս եղած են կառուցողական եւ իրականանալի։
Մենք պէտք է շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։ Կարեւոր է ապահովել իշխանութիւններու բաց եւ հրապարակային աշխատանքը, որպէսզի ժողովուրդը վերագտնէ իր վստահութիւնը պետութեան հանդէպ։
Կարեւոր է քաղաքական երկխօսութիւնը։ Եւ կրնամ ըսել որ խօսքի ազատութիւնը Հայաստանի մէջ բաւական բարձր մակարդակի վրայ է։ Քննադատութիւն կայ եւ բազմակարծութիւնը եւս բաւական բարձր մակարդակի վրայ է։ Մենք ըմբռնումով կը մօտենանք հարցին եւ կարելի չէ անտեսել մեր երկրին մէջ առկայ փրոպլեմները։ Մենք կը յառաջանանք աստիճանաբար, այդ խնդիրները լուծելու նպատակով։
Հայաստանի մէջ յունական համայնքի իրավիճակը
Պրն. Շարմազանով հետաքրքրական տուեալներ փոխանցեց Հայաստանի մէջ յունական համայնքի իրավիճակի մասին, նշելով թէ ինք եւս յունական ծագում ունի։ «Յունական համայնքը Հայաստանի հասարակութեան մէջ բաւական համարկուած է։ Իրենք Հայաստանի լիարժէք քաղաքացիներ են եւ բոլորս ինքզինք կը համարենք 100 տոկոսով հայ եւ 100 տոկոսով յոյն։ Համայնքը, հակառակ որ փոքրաթիւ է, շատ կազմակերպուած ձեւով կը գործէ։ Ըստ պաշտօնական վերջին տուեալներուն՝ 1000¬1500 հոգի են, չհաշուած խառն ամուսնութիւնները։ Մշակութային բաւական միջոցառումներ կը կազմակերպուին միշտ։
Համայնքի մեծ մասը Լոռիի մարզի բնակիչներ են, յատկապէս Ալավերտիի մէջ, ուր կայ յունական կեդրոն, յունական հիւանդանոց։ Իւրաքանչիւր Մայիս 19ին, Յունաց պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան օրը, համայնքն ու քաղաքական ուժերը եւ պետութեան ներկայացուցիչները, միասնաբար կը բարձրանանք Ծիծեռնակաբերդ յարգանքի տուրք մատուցելու համար ցեղասպանութեան զոհերուն։
Յունական պետութիւնը կը հետաքրքրուի համայնքով եւ Յունաստանի դեսպանութեան հետ համագործակցութիւն կայ։
Մենք այսօր երկու համալսարաններու մեջ /Երեւանի ու Բրիւսովի անուան համալսարանին մէջ/ յունական փոքր գիտական կեդրոններ կը պահենք»:
-------------------------------------
Էդուարդ Շարմազանով ծնած է 1975ին Ալավերտիի մէջ: Ան աւարտած է ՀՊՄի հայոց պատմութեան ամպիոնի ասպիրանտուրան եւ Եւրոպայի խորհուրդին կից Մոսկուայի քաղաքական հետազօտութիւններու դպրոցը, մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածուի իր թեման ընտրելով «Գարեգին Նժդեհի մանկավարժական հայեացքները»: Հիմնադրած է Ալավերտիի ուսանողական «Զարթօնք» միութիւնը եւ պաշտօնավարած է որպէս ուսուցիչ:
Վարած է ՀՀ վարչապետի օգնականի պաշտօնը:
Պարգեւատրուած է մետալներով:
2007-2012 ընտրուած է Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ու ստանձնած ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալի պաշտօնը:
Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ: