Հարցազրոյց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի հետ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը։ Տաթեւ Սրբազանը ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է Ֆրանսահայ համայնքին։ Ծնած է Իրաք, 1966-ին։ Աւարտած է
Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ապա Զուիցերիոյ մէջ 2 տարի հետեւած է աստուածաբանութեան։ Հինգ տարի ծառայած է Իրաքի մէջ, 7 տարի՝ Ֆրանսայի Սէնթ Էթիէն քաղաքը որպէս հոգեւոր հովիւ, ապա 7 տարի ծառայած է Հոլանտայի մէջ։ Երկու տարի առաջ ընտրուած է Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ։ Անցեալ տարի ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։
Ընդհանուր գիծերու մէջ կրնա՞ք ներկայացնել Ռումանիոյ թեմը։
Ռումանիոյ հայոց թեմը հիմնուած է 1401 թուականին, ունեցած է 42 առաջնորդներ։ Երջանկայիշատակ Վազգէն կաթողիկոսը այստեղ 12 տարի պաշտօնավարած է որպէս առաջնորդ։ Այսօր մենք Ռումանիոյ մէջ ունինք 2 վանք, 14 եկեղեցի, 8 մատուռ, 8 գերեզմանատուն։ Ունինք 5 ամուսնացեալ քահանաներ եւ մէկ կուսակրօն եկեղեցական։ Մեր բոլոր հոգեւորականներու եւ աշխարհական պաշտօնէութեան ամսականները պետութիւնը կը հոգայ։
Եկեղեցիները գործո՞ղ են, ընդհանրապէս հայութիւնը ո՞ւր հա ւաքուած է։
Մենք Պուքրէշի մէջ ունինք շուրջ 930 հայ ընտանիք, այսինքն շուրջ 3000 հայ։ Անշուշտ ասոնց շուրջ 20 տոկոսն է որ կը յաճախէ եկեղեցի։ Ամբողջ Ռումանիոյ մէջ մօտ 5000 է հայերու թիւը։ Յարաբերաբար աւելի հայահոծ շրջաններու մէջ ամէն Կիրակի պատարագ կը կատարուի, իսկ կարգ մը ծուխերու մէջ՝ պարբերաբար։ Հայաստանէն շուտով պիտի ունենանք հոգեւորական մը, որով կարելի պիտի ըլլայ աւելի յաճախակի դարձնել պատարագները, իսկ եթէ ունենանք եւս երկու քահանայ, բոլոր ծուխերուն մէջ ամիսը երկու անգամ պատարագ կրնանք ընել։ Հիմա այնպէս մը կազմակերպած ենք, որ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ գէթ ամիսը մէկ անգամ պատարագ կատարուի։
Բոլո՞ր եկեղեցիներն ալ դարաւոր հնութիւն ունին։
Այո, մենք չունինք նոր եկեղեցի։ Ամենէն նոր եկեղեցին Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց առաջնորդանիստ եկեղեցին է, որ կառուցուած է 1915 թուականին։ Անշուշտ այստեղ եղած է եկեղեցի 1700-ական թուականներէն, նախ փայտաշէն, ապա քարաշէն, բայց փոքր եկեղեցի եղած է, եւ որովհետեւ առաջնորդանիստ է, հայերը ուզեցին աւելի մեծ եւ փառաւոր եկեղեցի մը շինել։
Եկեղեցիներու կողքին կա՞ն փոքր թանգարաններ։
Եկեղեցական իրերու մէջ կրնամ ըսել որ մենք ամենահարուստ թեմն ենք։ Առաջնորդարանին մէջ ունինք թանգարան, գրադարան, շուրջ 2000 հնատիպ գիրք, 60 ձեռագիր, շուրջ 400 սրբանըկարներ, ունինք եկեղեցական սպասներ։ 5 եկեղեցիներ տուած ենք ռումէն եկեղեցւոյ ի գործածութիւն, որովհետեւ այդ քաղաքներուն մէջ ընդհանրապէս հայ չկայ։ Այն եկեղեցիները որոնք տուած ենք ռումէն եկեղեցւոյ, եկեղեցական իրերն ու սպասները բերած ենք Առաջնորդարանի թանգարանը։ Իսկ միւս գործող եկեղեցիներուն մէջ կը մնան եկեղեցական սպասներն ու հնութիւնները։ Անոնք եւս ունին փոքրիկ թանգարաններ։ Ես այդ իրերը բերի մայրաքաղաք, նպատակս էր Պուքրէշը դարձնել Եւրոպայի հայութեան ձեւով մը մշակոյթի մայրաքաղաքը, չեմ ըսեր կեդրոն, որովհետեւ բնական է որ աւելի մեծ համայնքներ կան, Ֆրանսան ամենամեծ համայնքն է, բայց մշակութային եւ պատմական առումով ռումանահայ գաղութը ամենահինն է ու ամենէն հարուստը։ Այդ պատճառով թանգարանային իրերը փորձեցինք կեդրոնացնել մայրաքաղաքին մէջ, մենք հիմա ծրագիր ունինք մեծցնելու թանգարանը, ճոխացնելու եւ արդիականացնելու, ի վայելումն մեր այցելուներուն, որոնք բաւական մեծ թիւ կը կազմեն։
Եթէ պատմաբան մը ուզէ ռումանահայութեան պատմութիւնը վերականգնել, կա՞ն գրաւոր աղբիւրներ, ինչպէս՝ ատենագրութիւններու տետրակներ, նամակներ եւայլն։
Ռումանահայութեան պատմութեան մասին շատ մեծ գործ կատարած է Յակոբ Ճօլօլեան Սիրունին։ Ռումաներէն լեզւով հրատարակած է «Անի» հայագիտական ամսագիրը, եւ այդ ամսագրին մէջ մեծ թիւով յօդւածներ կան ռումանահայ գաղութի պատմութեան վերաբերեալ։ Կան նաեւ այլ ուսումնասիրութիւններ եւ գիրքեր։ Կան նաեւ ծխական մատեաններ, որոնք բոլորը մեր մօտ կը գտնուին։ Մենք այժմ մեր եկեղեցիներուն մէջ արխիւ չունինք, բոլոր մեր եկեղեցիներուն եւ վանքերուն արխիւները Առաջնորդարանին մէջ կը պահուին։ Մենք այստեղ ստեղծած ենք արխիւատուն, ուր կը գտնուին մեր թեմի բոլոր արխիւները։ Բայց պէտք է ըսել որ գաղութի արխիւներուն 30 տոկոսը միայն մեր մօտ է։ 70 տոկոսը բռնագրաւուած է պետութեան կողմէ։ Մենք հիմա ճիգ կը թափենք վերադարձնելու այդ արխիւները։ Համայնավարութեան շըրջանին ներքին գործոց նախարարութիւնը մեր եկեղեցիներու արխիւները բռնագրաւած էր։ Հիմա իրենք ալ չեն գիտեր ինչ դասակարգումով եւ ուր պահ-ւած են այդ արխիւները։ Որովհետեւ ժամանակին կը գրաւէին ու կը պահէին։ Հիմա փնտռել ու գտնելն ալ դժուար է։ Կարելի եղաւ գտնել Յ. Ճ. Սիրունիի արխիւները, որոնք հսկայ պահարանի մը մէջ կը պահուին, ես անձամբ տեսած եմ զանոնք եւ կ’ուզենք անպայման ետ բերել։
Եկեղեցին ճիգ կը թափէ՞ երիտասարդութիւնը քով քովի բերելու։
Երկու տարի առաջ մենք կազմեցինք Հայ Եկեղեցասէր Երիտասարդաց Կազմակերպութիւնը, որ շուրջ 90 անդամ ունի։ Այդ երիտասարդները ամառը հաւաքեցինք Սուչաւայի մէջ, անոնց հետ ամէնօրեայ ծրագիր ունէինք, ճիշդ մեր բանակումներուն նման։ Մենք այսօր շատ ուրախ ենք անոնցմով, իրենք ալ ուրախ եւ խանդավառուած են։ Անոնց մեծ մասը զիրար չէր ճանչնար, եւ այս կազմակերպութեան ստեղծումը պատճառ դարձաւ որ անոնք զիրար ճանչնան։
Մեր երիտասարդները ընդհանրապէս շատ քիչ կապ ունեցած են գաղութին հետ։ Անոնք հիմա սկսան զանազան քաղաքներ երթալ, հանդիպումներ ունենալ գաղութին հետ, երիտասարդութիւնը յայտնաբերել եւ կորիզներ հիմնել։
Սուչաւայի ամառնային հաւաքին կը ծրագրէ՞ք հրաւիրել նաեւ այլ երկիրներէ երիտասարդներ։
Այս տարի ծրագրած ենք հրաւիրել մեզի սահմանակից Պուլկարիոյ հայ երիտասարդութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցասէր Երիտասարդաց Կազմակերպութեան համագաղութային տարեկան համագումարը կազմակերպել Սուչաւայի մէջ։ Պիտի մասնակցին նաեւ Անգլիայէն եւ Չեխիայէն երիտասարդներ։ Այս տարի Յունիսին Պուլկարիոյ թեմը կազմակերպած է մանկապատանեկան ճամբար։ Մենք Պուլկարիոյ առաջնորդական տեղապահ Հայր Աբգարին հետ համաձայնած ենք որ այս տարի մեր մանուկները տանինք Պուլկարիա եւ Պուլկարիոյ երիտասարդները բերենք այստեղ։ Այսպիսով պիտի սերտացնենք կապերը երկու դրացի գաղութներու միջեւ, մանաւանդ որ մինչեւ մօտիկ անցեալին մէկ թեմ եղած ենք։
Ծրագիր ունինք մեր կապերը ընդլայնելու եւ յաջորդ տարիներուն հրաւիրելու շրջակայ այլ գաղութներու՝ Չեխիայի, Սլովաքիայի, Հունգարիոյ, Լեհաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ երիտասարդները։ Կոչ կ’ուղղենք նաեւ Ֆրանսահայ գաղութի երիտասարդութեան մասնակցելու այս հաւաքներուն։
Ապրիլ 24-ի առթիւ ի՞նչ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին ։
Ես 47 տարեկան եմ եւ իմ կեանքիս մէջ միայն մէկ տարի է որ ցոյցի չեմ մասնակցած Ապրիլ 24-ին, այն ալ իմ առաջին տարիս էր այստեղ, երբ զարմանքով տեսայ որ ցոյց չեն կազմակերպեր։ Ես կը հաւատամ ցոյցի կարեւորութեան։ Արդէն այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով էր որ ցոյց կազմակերպեցինք, եւ կը կարծեմ որ մնայուն աւանդութեան մը հիմերը դրինք։ Յաջորդ տարի Ապրիլ 24-ին պիտի ջանանք ամբողջ գաղութը բերել մայրաքաղաք, Ռումանիոյ բոլոր քաղաքներէն։ Ռումանահայոց Միութիւնը ինք կը հովանաւորէ եւ կը հոգայ բոլոր ծախսերը։
Ի՞նչ է Ռումանահայոց Միութիւնը։
Մենք այստեղ ունինք Ռումանահայոց Միութիւնը, որու նախագահն է պրն. Վարուժան Ոսկանեանը, որ այժմ նաեւ Ռումանիոյ տնտեսութեան նախարարն է։ Իսկ փոխ նախագահն է պրն. Վարուժան Փամպուքճեանը, որ նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան է եւ կը ներկայացնէ հայ համայնքը եւ միեւնոյն ժամանակ Ռումանիոյ Փոքրամասնութիւններու Միութեան նախագահն է։ Ռումանիոյ մէջ կան 18 փոքրամասնութիւններ։ Մշակութային միութիւն ըլլալով եւ ֆինանսաւորուած ըլլալով պետութեան կողմէ, իր դաշտն է մշակութային գործունէութիւնը։ Ունի հրատարակչատուն, տարեկան բազմաթիւ գիրքեր կը հրատարակէ, ռումաներէն լեզուով։ Դժբախտաբար հայերէն կարդացող շատ քիչ մարդիկ կան գաղութին մէջ։ Ունինք երկու ամսագիր՝ «Նոր Կեանք» եւ «Արարատ», ունինք կայքէջ՝ araratonline, առայժմ միայն ռումաներէն է, հետագային անգլերէն ալ պիտի ըլլայ, ունինք հայերէն լեզուի ուսուցման կիրակնօրեայ դպրոց, երկու դասարանով, գրեթէ ամիսը անգամ մը կը կազմակերպենք գրական-գեղարուեստական երեկոյ։ Միութիւնը ունի նաեւ պարախումբ, որ մեծ դեր կը խաղայ երիտասարդութիւնը հաւաքելու իմաստով, գրեթէ տարին անգամ մը համերգ կու տայ, ինչպէս նաեւ ելոյթ կ’ունենայ զանազան առիթներով։
Ուրիշ խօսք ունի՞ք մեր ընթերցողներուն։
Ես պատգամ մը կ’ուզեմ յղել հայութեան։ Մենք այստեղ մշակութային եւ հնագիտական հսկայ հարըստութիւն ունինք, եւ ատիկա չի պատկանիր միայն ռումանահայութեան, ատիկա ամբողջ հայութեան սեփականութիւնն է։ Ռումանահայութիւնը իր ուժերով չի կրնար տէր կանգնիլ այդ ժառանգութեան։ Ամբողջ հայութեան պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ օգնել այդ ազգային ժառանգութեան պահպանութեան։ Թանգարանին մէջ բազմաթիւ իրեր կան որոնք նորոգութեան կը կարօտին։ Մեր կոչն է համայն հայութեան, որ իրենք ալ մտահոգուին այս հարստութեան պահպանութեամբ, եւ իրենց ձեռքը մեկնեն օգ- նելու համար որ մեր այս մշակութային մեծ ժառանգութիւնը պահենք ու պահպանենք։
Հարցազրոյցը վարեց՝
Գրիգոր Դաւիթեան