Տաղանդաւոր հայ ոսկերիչներու արուեստը հինէն ծանօթ եւ հպարտութեան առիթ է իւրաքանչիւր հայու համար: Անտարակոյս կարելի է ըսել թէ ոսկեգործութիւնը իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ նաեւ հայկական մշակոյթի բնագաւառէն ներս, որ յենուած է հայկական պատմութեան եւ հայ մտքի ու հոգիի ստեղծագործական քաղաքա- կրթութեան վրայ:

Կարեւոր նախաձեռնութեան մը արդիւնքն էր հայ ոսկերիչներու միութեան ստեղծումը, որու ծրագրերը կը միտին խթանել տուեալ մարզի աշխատանքները:

Անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ կայացաւ հայ ոսկերիչներու միութեան (AJA -Armenian Jewellers Association) հանդիպումը, որ յաջողութիւն արձանագրեց: Իսկ ընթացիկ տարուայ մէջ, Փետրուար 16-18ին Փարիզի մէջ կայացաւ դարձեալ նոր համախմբում-ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած թանկագին իրերը գրաւեցին բոլորի ուշադրութիւնը:

Վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ ոսկերիչներու արհեստակցութեան համաժողովին նախագահ ընտրուեցաւ «Էսթետ» ոսկերչական տան նախագահ Գագիկ Գէորգեանը:

Միութեան աշխատանքներուն եւ ոսկեգործութեան մարզին յաւելեալ ծանօթանալու նպատակով՝ «Ազատ Օր» դիմեց Հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանին, որ սիրով ընդառաջեց մեր դիմումին: 

Քանի տարուա՞յ աշխատանք կը հաշուէ Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը եւ ինչպէ՞ս ծնաւ այս մարզէն ներս ուժերը համախմբելու գաղափարը: 

Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը ( AJA) պաշտօնապէս հիմնադրուեցաւ Երեւանի մէջ, 1997- ի Սեպտեմբեր 19-20ին (անցած տարի մենք արդէն նշեցինք մեր միութեան 15-ամեակը). Միութեան ստեղծումը համագործակցութեան արդիւնքն էր Հայաստանի կառավարութեան եւ շահագրգիռ հայրենասէր հայ ոսկերիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

Նման միութեան գաղափարը անցեալին ալ կար, թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, ինչ որ անշուշտ բնաւ զարմանալի չէ, քանի որ աւանդական է հայերու մասնակցութիւնը ոսկերչական արդիւնաբերութեան միջազգային դաշտէն ներս, ինչպէս նաեւ ոսկերչական արուեստի զարգացումը Հայաստանի մէջ:

Ես AJA-ի անդամ էի 2005 թուականէն, եւ միշտ կը հիանայի AJA-ի հիմնադիրներու նախաձեռնութիւններով եւ գործողութիւններով:

Հետագային, երկրորդ, աւելի պաշտօնական ժողով մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 1998ին, որու աշխատանքներուն հետեւեցան մօտ 200 ոսկերիչներ Պելճիքայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Իսրայէլէն, Աւստրիայէն եւ, անշուշտ Երեւանի մէջ գործող ոսկերիչ-գործարարներ:

Անկէ ետք մեր միութիւնը ընդլայնուեցաւ եւ այժմ մենք ունինք աւելի քան 1600 անդամներ եւ 20ի շուրջ երկիրներու մօտ AJAի ներկայացուցչութիւններ (ԱՄՆի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմ, Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի մէջ):

AJA՝ առաջին համահայկական մասնագիտացած կազմակերպութիւններէն է: Մեր միութեան նպատակն է իր անդամներու ուշադրութիւնը հրաւիրել հայկական ժառանգութեան պահպանման վրայ, նոյն պահուն ուժեղացնելով տարբեր ձեռնարկատիրական եւ գործարարական նախաձեռնութիւններն ու փորձառութիւնը, որպէսզի բարձրանայ հայ ոսկերիչներուն միջեւ կապի եւ համագործակցութեան մակարդակը: Ջանք կը տանինք բարձրացնել մասնագիտական պատկերը, խթանել հետաքրքրութիւնը եւ աջակցիլ զարգացող եւ ընդլայնուող Հայաստանի ոսկերչական ընկերութիւններուն, ամբողջ աշխարհէն ներս:

Որքանո՞վ կը տարբերին տեղական պայմանները եւ մարդոց մտայնութիւնները Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։ Ինչպէ՞ս է համագործակցութեան մթնոլորտը։

Հայկական մտայնութիւնն ու բնաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի հաւաքական մտածելակերպը կազմաւորուած են դարերուն ընթացքին: Մեր հայրենիքի աշխարհագրութիւնն ու պատմութիւնը հսկայական ազդեցութիւն ունեցած է սեփական ժողովուրդին վրայ: Մշտական այս պայքարի առկայութեան եւ օտար արշաւանքներու պատճառով է, որ մեր նախնիները ստեղծեցին օրէնքներ ու բարքեր, ձեւաւորելով հայկական ազգային ինքնութիւնը: Ուժ ու վճռակամութիւն են մեր ազգային յատկանիշները, որ մեզ օգնեցին գոյատեւել անցնող տասնամեակներուն ընթացքին: Օրէնքներ եւ բարքեր, որ մեզ առաջնորդեցին դէպի նոր տարիներ, փաստօրէն մեզ դէմ յանդիման բերելով նոր մարտահրաւէրներու:

Անշուշտ խորին եղած է նաեւ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու տեղական կենսապայմաններու եւ սովորութիւններու ազդեցութիւնը: Փարիզի մէջ դուք կը հանդիպիք ֆրանսական առոգանութեամբ խօսող հայերու, Պէյրութի մէջ՝ լիբանանեան, Մոսկուայի մէջ՝ ռուսական եւ այսպէս ամէն տեղ...

Բայց ուր ալ ըլլայ հայ անհատը իր մէջ զօրաւոր կը յամենայ «լեռնաբնակի շեշտադրումը». ազնիւ եւ համարձակ, արդար եւ հիւրընկալ, որ սրբացած կը պահպանէ իր ազգի բարոյականութիւնն ու ընտանեկան արժէքները, կը յարգէ իր նախնիները եւ միշտ պատրաստ է պաշտպանելու իր հայրենի հողը, ժողովուրդը եւ քրիստոնէութիւնը:

Սա բնածին երեւոյթ է, կը կարծեմ, որ բնորոշ է ամբողջ հայութիւնը յատկանշող վարքագիծի, անկախ, թէ ո՞ր երկրին մէջ կը բնակի:

Ինչպիսի՞ օգտակարութիւն կ'ունենայ ձեր միութեան ծրագիրներու յաջողութիւնը նաեւ Հայաստանի մէջ տուեալ բնագաւառի զարգացման տեսակէտէ։

Համատեղելով մեր կարողութիւնները եւ փորձառութիւնը, կրնանք նոր ծրագրեր սկսիլ, նոր ներ- դրումներ ներգրաւել եւ նոր հեռանկարներ զարգացնել՝ ի յօգուտ մեր պատմական հայրենիքին: Այսօր ի զօրու են աւելի քան բարենպաստ պայմաններ, քանի որ մենք ունինք աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան:

Հայաստանի մէջ կազմակերպուող AJAի ծրագրերը հետզհետէ կը մեծնան, կ'ընդարձակուին՝ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն բերելով ոչ միայն Հայաստանի ոսկերչական արդիւնաբերութեան զարգացման, այլեւ ամբողջ Հայաստանի տնտեսութեան:

Ներկայիս AJA-ի փորձագէտները կ'աշխատին ստեղծել ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտի մը Հայաստանի մէջ, որ թոյլ պիտի տայ մրցակցելու Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ զարգացող ոսկերչական բնագաւառին հետ:

Այս ծրագիրը, -որ զօրաւոր աջակցութիւնը կը վայելէ Հայաստանի ղեկավարութեան եւ յատկապէս նախագահ Սերժ Սարգսեանի,- առիթը պիտի տայ փոխակերպելու մեր երկրէն ներս ոսկերչութեան եւ ադամանդագործութեան արդիւնաբերութեան դաշտը դուրսէն եկող հզօր եկամուտներու աղբիւրի, միաժամանակ նոր աշխատատեղեր եւ նշանակալի արհեստագիտութիւն ստեղծելով: Այս ձեւով կարելի է Հայաստանը այս հիմնական բնագաւառի համաշխարհային հզօր դերակատարներէն մէկը դարձնել:

Օտար շրջանակներու մօտ գնահատուա՞ծ է հայկական ոսկերչութիւնը։

Հայ ոսկերիչներու վարպետութիւնը հռչակաւոր է ամբողջ աշխարհի մէջ: Իրականութեան մէջ, աշխարհի ոսկերչական արդիւնաբերութեան 6-8 տոկոսը կը պատկանի հայ մասնագէտներու: Ի դէպ, Հայաստանը միակ երկիրն է աշխարհի մէջ, ուր Ոսկերչութեան օրը կը նշուի տօնական միջոցառումներով Հոկտեմբերի վերջին Կիրակի օրը...

Շատ քիչ են աշխարհի մէջ ծանօթ դարձած ազգերը որ հռչակաւոր են ոսկերգործութեան մէջ, իսկ Հայաստան անոնց շարքին կը գտնուի: Եւ պատահական չէ, որ Համաշխարհային Ոսկերգործութեան Խորհրդաժողովի CIBJO նախագահ Gaetano Cavalieri մեծապէս գնահատեց հայ ոսկերիչներու բարձր մակարդակն ու որակը, երբ ան ներկայ եղաւ մեր միութեան 15ամեակի տարեդարձի նշումին, Երեւանի մէջ: Ան իր խօսքին մէջ գովասանքի խօսքերով արտայայտուեցաւ հայ ոսկերիչներու արհեստագիտական բարձր մակարդակի մասին, ընդգծելով, որ Հայաստան մեծ ներուժ ունի եւ կրնայ առաջատար երկիրներու կողքին դասուիլ, ոսկերչութեան համաշխարհային մարզէն ներս: Պրն. Cavalieri նաեւ ըսած էր, որ շնորհիւ իր իւրայատուկ աշխարհագրական դիրքին, Հայաստանը կրնայ կապել Ասիան Եւրոպայի հետ, եւ այս հանգամանքը լուրջ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ:

Բայց կարելի չէ խօսիլ հայ ժամանակակից ոսկերչական մարզի մասին, առանց նայելու մեր ժողովուրդի անցեալին ու սորվելու մեր հարուստ աւանդութենէն, որովհետեւ հայերուն մօտ ոսկերչական ժառանգութիւնը այնքան ետ կրնայ երթալ, որքան մենք ծանօթ ենք մեր պատմութեան:

Մեր միութեան առաքելութիւնը կը նկատենք՝ ուսումնասիրել հարուստ հայկական ոսկերչական անցեալը, որը դեռ լիովին վաւերագրուած չէ: Կ'ուզենք բացայայտել հետաքրքրական բոլոր այն փաստերը, որ ցոյց պիտի տան թէ ինչպէ՛ս հայ ոսկերիչները առաջատար դարձան տուեալ մարզէն ներս: Օրինակ, թանկարժէք քարերով զարդարուած եւրոպական ամէնէն շքեղ գահը, որ պատկանած է Ռուսաստանի Ցարին, պատրաստուած է Նոր - Ջուղայի (Իրանի), հայերուն կողմէ, որոնք բացառիկ առեւտրային արտօնութիւններ կը վայելէին ռուսական կայսրութեան հետ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւրոպացի ազնուականներուն եւ արքայական ընտանիքներուն ներկայացուած ոսկերիչները մեծ մասով հայ արհեստաւորներ էին:

Կրնամ հաստատել թէ մեր առաւելութիւններուն մաս կը կազմէ մեր ազգի հմտութիւնը ոսկերչական մարզէն ներս, որ հիմնուած է մեր երկրի բազմադարեայ աւանդութեան վրայ եւ մեզ անքակտելիօրէն կը կապէ մեր մշակոյթին հետ, անկախ թէ մենք ո՞ր երկրին մէջ կը բնակինք: Մեր հայ արհեստագործներու վարպետութիւնը հռչակաւոր է: Մենք ոչ միայն զարդեր կը ստեղծենք, այլ մենք իւրաքանչիւր գոհարեղէնի կը վերաբերինք որպէս արուեստի ստեղծագործութիւն մը: Իմ զօրաւոր փափաքն է այս ձեւով ճանչցուիլ աշխարհի մէջ:

Իսկ հայ երիտասարդները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերե՞ն ոսկերչութեան մարզին հետեւելու առումով: 

Անկասկա՛ծ: Բայց հետաքրքրութիւնը բաւարար չէ: Տաղանդաւոր երիտասարդները պէտք ունին աջակցութեան. միայն այդ ձեւով կարելի է օգտակար դառնալ ոչ միայն անհատին, այլ ամբողջ ոսկերչական արդիւնաբերութեան եւ Հայաստանի տնտեսութեան:

Մեր այլ նպատակներու շարքին, -ինչպիսին են հայ ոսկերիչներու կապի ամրապնդումը ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ այլն,- AJA իր ջանքերը կը կեդրոնացնէ հայկական ոսկերչութեան հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելու առումով եւ ազգային աւանդութիւնները նոր սերունդի, երիտասարդ ոսկերիչներուն անցնելու նպատակով: Ինչպէս նախապէս ալ ըսի, AJA հիմնադրամը հետազօտութիւններ կը կատարէ հայկական զարդերու ժառանգութիւնը պահպանելու առումով: Այս ազդակն ալ կարեւոր է երիտասարդ հայ ոսկերիչներու արուեստի զարգացման համար: Աւելին, AJA արդէն իրականացուցած է ոսկերչական դպրոցներու ծրագրեր, որ այժմ կը գործեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի տարբեր մասերու մէջ: Մենք կը նախատեսենք ընդլայնել այս ծրագիրը:

Մեր հարուստ աւանդը պահպանելու համար AJA հիմնած է ոսկերչութեան դասընթացներու կեդրոններ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Արցախի մէջ, ուր կ'ուսանին մօտ 20 երիտասարդ մասնագէտներ: Մենք արդէն ցուցադրած ենք որոշ երիտասարդ ոսկերիչներու գործերը «Երեւան Show-2012»-ին ընթացքին եւ պիտի շարունակենք նոյնանման նախաձեռնութիւններով ապագային եւս: Այս տեսակի ուշադրութիւն զարկ կուտայ տաղանդաւոր արհեստաւորներու առաջընթացին եւ կը խթանէ հետագայ ստեղծագործական զարգացումը: Մեր ուսուցման կեդրոններէն ներս կատարուող աշխատանքը ցոյց կուտայ, որ եթէ ճիշդ պայմանները ստեղծուին՝ մեր երիտասարդ հայ ոսկերիչները կը հմայեն լման աշխարհը: Ես անկեղծօրէն կը հաւատամ այս:

Ժամանակին կ'ըսուէր թէ ոսկերչութեան մարզը ընտանեկան ժառանգութեամբ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուէր։ Ինչպէ՞ս է ներկայի իրավիճակը:

Մարդիկ միշտ կիսած են իրենց փորձառութիւնն ու գիտելիքները սերունդէ-սերունդ: Հայերու մէջ իրերայաջորդ սերունդներու կապը եղած է շատ ուժեղ: Այս կապը կը վերաբերի վարպետ-աշակերտ փորձառութեան, որ թոյլ կուտայ հայկական ոճը պահպանելու եւ հայկական աշխատանքը ճանաչելի դարձնելու ամբողջ աշխարհին մէջ:

Հայկական զարդերը միայն գեղեցիկ իրեր եւ թանկարժէք մետաղներ ու քարեր չեն: Անոնք կը խօսին մարդոց հոգիներուն եւ կը պատմեն հայ ժողովուրդի բազմադարեայ մշակոյթի մասին: Հայութեամբ յատկանշուած մեր ծիներն են որ զարդի մը գեղագիտական նախասիրութիւնները կը պարտադրեն:

Ինչպէս գիտէք հայերը պատմականօրէն ծանօթ դարձած են ոսկերչական արուեստի մէջ հնագոյն ժամանակներէն: Էրեբունի, Մեծամորի հնագիտական պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են բազմաթիւ զարդեր, ոսկիէ եւ արծաթէ ծիսական սպասներ, որ ուրախութիւն կը պատճառեն մեզի իրենց գեղեցկութեամբ ու կատարելութեամբ: Հայ կիները աւանդաբար կը զարդարուէին արծաթէ եւ ոսկիէ գօտիներով, կոճակներով, նախշերով, վիզնոցներով եւ օղերով: Հետեւաբար, կարելի է ըսել, թէ մեր ճանաչումը որպէս հայ ոսկերիչ-մասնագէտներ՝ ապահով տիտղոս մըն է մեզի համար: Չենք կրնար կորսնցնել այն, ինչ որ մեզի փոխանցուած է մեր նախնիներէն: Վարպետ-աշակերտ յարաբերութիւնները կարեւոր մասն են բոլոր մասնագիտութիւններուն ու յատկապէս ոսկերչական արուեստին:

Եւրոպայի մէջ ծանօթ էք անշուշտ թէ տնտեսական լուրջ տագնապ կը դիմագրաւուի։ Ինչպէ՞ս կ'ազդէ այս կացութիւնը ձեր աշխատանքի մարզին վրայ։ Երկրագունդի այլ ցամաքամասերու մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ ոսկերչութեան մարզէն ներս։ Որո՞նք են առաջատար երկիրները։

Ակնյայտ է վերջին տասնամեակին տնտեսութեան լուրջ տագնապը որ դժուարութիւններ բերած է ամբողջ մարզէն ներս: Դժբախտաբար, տնտեսական ճգնաժամը, ունեցած է իր բացասական ազդեցութիւնը աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ աշխատող գործարարներու համար: Յունաստանը, տագնապէն ծանրօրէն տուժած երկիրներու շարքին է: Բայց հակառակ այս վիճակին, ես կը կարծեմ, որ յատկապէս հայ ըլլալով՝ պիտի յաղթահարենք բոլոր խոչընդոտները: AJAն միաւորելով հայ ոսկերիչները պիտի նպաստէ պայմաններու տուեալ արդիւնաբերութեան հետագայ զարգացման:

Դուք վերջերս ընտրուեցաք Ռուսաստանի Ոսկերչական Միութեան նախագահ: Նաեւ ծանօթ է ձեր աշխուժ գործունէութիւնը որպէս հայկական գաղութի անդամ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ինչպէ՞ս կը համադրէ՞ք ձեր ժամանակը՝ գործի եւ ընկերային մատուցումի պահանջքոտ պայմաններուն մէջ։

Ինծի յաճախ կ'ուղղեն այս հարցումը, զարմանալով թէ ինչպէս կը կարողանամ համատեղել իմ աշխատանքս տարբեր պաշտօններու վրայ, կապուած նաեւ գործարարի եւ հասարակական գործունէութեան հետ: Անկեղծ ըլլալու համար, պէտք է ըսեմ, որ եթէ երբեք այս հարցումները չուղղուէին՝ երկրորդ անգամ պիտի չմտածէի հարցի մասին, քանի որ ինչ որ կ'ընեմ մեծ սիրով կը կատարեմ, ըլլայ այդ գործարարական, թէ ընկերային գործունէութեան մասին. Բոլորը մէկ ամբողջութիւն են եւ փաստօրէն իմ կեանքը կը կազմեն: Այնպէս որ կեանքս չեմ կրնար բաժնել տարբեր մասերու՝ պիզնես, կամ ընկերային աշխատանք, եւ այլն:

Ինծի համար մեծ պատիւ էր ընտրուիլ Ռուսաստանի Ոսկերչական Միութեան նախագահ, նոյն պահուն նաեւ ծանր պատասխանատուութիւն, որ կը վկայէ իմ գործընկերներուս վստահութեան եւ ճանաչման մասին, իմ անձիս հանդէպ:

Ռուսաստանը, ծանօթ է որպէս աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրը ոսկիի եւ ադամանդի պաշարներու գծով: Միութիւնը պարտի համախմբել Ռուսաստանի մէջ ոսկերչական բոլոր ներուժը: Ես պատրաստ եմ կատարելու մեր միութեան բոլոր ծրագիրները եւ համոզուած եմ, որ AJAի եւ Ռուսաստանի ոսկերիչներու միութեան միջեւ սերտ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ հայ ոսկերիչներուն եւ, ի վերջոյ, պիտի յանգեցնէ մեր հայրենիքէն ներս ոսկերչական արուեստի բարգաւաճման եւ կատարելութեան:

Ինչ կը վերաբերի ձեր հարցումի երկրորդ բաժնին, ըսեմ, որ իմ կեանքի մէկ մասը Լոս Անճելըսի մէջ է: Այսուհանդերձ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին համաշխարհային փոփոխութիւնները վերացուցած են երկիրներու միջեւ սահմանները եւ արգելքները, ինչպէս եւ անտեսանելի դարձուցած են ժողովուրդներուն մօտ մշակոյթներու միջեւ տարբերութիւնները: Նոյնպէս փոփոխութեան ենթարկուած է մեր վերաբերմունքն ու ընկալումները: Անձ մը այլեւս այնքան ալ կապուած չէ իր հայրենի տան պայմաններուն:

Այդ ինչ որ շարունակական եւ անփոփոխ կը մնայ ինծի համար սէրն ու գուրգուրանքն է որ կը տածեմ մեր հայրենիքի, Հայաստանի եւ մեր տաղանդաւոր ժողովուրդին հանդէպ:

Խորին շնորհակալութիւն հարցազրոյցին եւ ձեր ազնիւ տրամադրուածութեան համար։