Թեսաղոնիկէի «Տիմիթրիա» փառատօնի ծիրէն ներս, այս Ուրբաթ 19 Հոկտեմբեր 2012ին, Թեսաղոնիկէի համերգասրահէն ներս (Μέγαρο Μουσικής Θεσσαλονίκης) ելոյթ կ'ունենայ տաղանդաւոր ջութակահար Խրիսթոս Ղալիլէաս, Պերլինի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ:


Երաժշտական զգայուն ձիրքով օժտուած երիտասարդ յունահայ արուեստագէտը սոլօ ելոյթներ կ'ունենայ մեծանուն յօրինողներու ստեղծագործութիւնները ներկայացնելով:

Պերլինի նուագախումբին հետ կայանալիք ձեր համերգին մասին որոշ տեղեկութիւններ կարելի՞ է փոխանցել: Ինչպիսի՞ նախադրեալներու վրայ հիմնած էք ներկայացուելիք յայտագիրը:

Թեսաղոնիկէի մէջ Տիմիթրիա փառատօնը երկար տարիներու աւանդ ունի եւ այս ծիրէն ներս միշտ ներկայացուած են խնամուած ու բարձր մակարդակի ելոյթներ: Ինծի համար պատիւ եւ ուրախութիւն է, որ առիթը կ'ունենամ ներկայանալու Պերլինի ֆիլարմոնիքի նման բարձրորակ խումբի մը հետ: Պերլինի նուագախումբը համբաւի տիրացած եւ ժողովուրդին կողմէ գնահատուած նուագախումբ է: Իր կարգին՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող փառատօն մըն է Տիմիթրիան, որու ծիրէն ներս ընտիր երաժշտական գործեր կը ներկայացուին:

Դուք ի՞նչ յայտագրով ելոյթ պիտի ունենաք:

Պիտի ներկայացնենք Պեհթովենի «թրիփլ քոնչերթօ»ն, որը ծանօթ եւ սիրուած գործ է, յայտնի է նաեւ իր ներկայացուցած դժուարութեամբ: Իմ սրտիս խօսող ստեղծագործութիւններէն է: Երկրորդ մասով նուագախումբը պիտի նուագէ Մենտելսոնի «իտալական սիմֆոնին»: Կը հաւատամ, որ ընտրուած յայտագիրը ժողովուրդին հաճոյք պատճառող եւ գնահատանքին արժանացող յայտագիր մըն է:
Կը կարծեմ որ ներկայ ժամանակամիջոցին Թեսաղոնիկէի մէջ այսպիսի բարձր մակարդակի ներկայացում մը շատ կարեւոր է եւ յուսատու պատ-գամներ նաեւ փոխանցող:
Նուագախումբը վաղը Հինգշաբթի օր կը հասնի Թեսաղոնիկէ. առիթը պիտի ունենանք մէկ փորձ կատարելու եւ իրարու համահունչ նուագելու: Երբ սոլիստ եւ նուագախումբի ղեկավար փորձառութիւն ունեցող ուժեր են, այս մէկ միասնական փորձը շատ արդիւնաբեր կÿըլլայ:

Հայրենի արուեստագէտներու հետ ելոյթներ ունեցա՞ծ էք: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր յարաբերութիւնները Հայաստանի կամ սփիւռքի այլ օճախներու մէջ արուեստագէտներու հետ:

Շատ պիտի փափաքէի որ մեզ միացնող եւ իրար քով-քովի բերող գործեր, համերգներ, երաժշտական նախաձեռնութիւններ ըլլային: Մանաւանդ Յունաստանի մէջ: Ոչ միայն միասնաբար նուագելու, այլ առաջին հերթին իրար ծանօթանալու եւ իրարու փորձառութիւնները ու գաղափարները տեսնելու: Այսպիսի գործերու ընդմէջէն կրնայ իրապէս խթանուիլ ոչ միայն  հայկական երաժշտական արուեստը, այլ կրնան հիմքերը դրուիլ հիմնականօրէն հայութեան նպաստող նոր ու հեռանըկարային ծրագիրներու:
Կարեւոր է համագործակցութիւններու առիթ տալ: Կարեւոր է հայութեան ուժերը համախմբելու առիթներ ստեղծել, նաեւ արուեստի մարզէն ներս:  Իմ կարծիքով, այսպիսի նախաձեռնութիւններ կարեւոր գործիք կրնան դառնալ հայութեան ձեռքին, բազմապիսի մարզերէ ներս: Քաղաքական դաշտէն ներս մղուած աշխատանքը իր կարեւոր դերը ունի, բայց նուազ կարեւոր չէ նաեւ մշակոյթի մարզէն ներս հայութեան ներուժի համախմբումը:

Հայ թէ յոյն երիտասարդ սերունդը ինչպէ՞ս կ'ընկալէ երաժշտական դաշտը, որպէս արուեստ այլ նաեւ որպէս ասպարէզ:

Յունաստանի մասին խօսելով, կը կարծեմ թէ երկրի ներկայ իրավիճակը չ'օգներ այս պահուս. բայց հարցը աւելի ընդհանուր է. հայ տղաքը պէտք է առիթը ունենան իրենց լեզուն, իրենց մշակոյթը սորվելու, բոլոր մարզերէն ներս մեր ազգի յատկութիւնները զարգացնելու իմաստով: Օրինակ՝ շատ յայտնի յօրինողներ ունինք, որոնք գնահատանք կը վայելեն եւ կը փաստեն երաժշտական մարզէն ներս մեր հարուստ գանձը: Անոնց  գործերը լսելու, անոնց մասին  սորվելու առիթը պէտք է ունենան հայ երիտասարդները:

Որպէս ջութակահար ձեր գործը չի սահմանափակուիր Յունաստանի մէջ: Ըստ ձեր փորձառութեան կը գնահատուի՞ հայ կատարողական արուեստը երաժշտական օտար շրջանակներուն կողմէ:

Այո՛ կը գնահատուի: Ես իմ փորձառութեան ընդմէջէն կրնամ հաստատել յարգանքը որ կը վայելէ հայկական արուեստն ու մշակոյթը յոյներուն եւ ընդհանրապէս օտարներուն մօտ: Նոյն զգացումը ունեցայ հոս, ինչպէս եւ Ամերիկայի մէջ:

Հայաստանի մէջ ելոյթներ ունեցա՞ծ էք:
 1994ին ելոյթ ունեցայ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիայի հետ, Լորիս Ճգնաւորեանի ղեկավարութեան տակ: Նուագախումբին մակարդակը շատ բարձր էր: Ինծի համար մեծ պատիւ էր որ իրենց հետ նուագած էի:
Ներկայիս, գիտեմ որ շատ մեծ թիւով հայրենի արուեստագէտներ ստիպուած եղած են արտասահման մեկնելու, Եւրոպա, Ամերիկա:
Յոյսս է որ կացութիւնը կը բարելաւուի եւ անոնք կը վերադառնան Հայաստան, նոր ուժ տալով այս մարզէն ներս:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր ելոյթին:



Թեսաղոնիկէի «Տիմիթրիա» փառատօնի ծիրէն ներս, Ուրբաթ 19 Հոկտեմբեր 2012, ժամը 21:00ին, տեղի պիտի ունենայ Խրիսթոս Ղալիլէասի ելոյթը, Պերլինի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ, Թեսաղոնիկէի համերգասրահէն ներս: Նուագախումբը կը ղեկավարէ  Եուրի Եանքօ:

Սոլօ՝ Խրիսթոս Ղալիլէաս (ջութակ)
Պօ-Քիունկ Հոնկ (թաւ ջութակ)
Եուն Սօ Ռի (դաշնակ)

Տոմսակի գին՝ 35, 30, 20, 15 եւրօ: