Առաջնակարգ դասաւորումով հանդէս կուգան հայ մարզիկները
«Ազատ Օր»ի մարզական լուրերու պատասխանատու
ընկ. Լուսի Մովսէսեանը տեսակցութիւն մը ունեցաւ
հայրենի խումբի մարզիկներուն հետ,
որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին
Աթէնքի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի ընթացքէն
Աթէնքի կեդրոնական մայրուղի Փանեփիսթիմիու պողոտային վրայ տեղակայուած «Թիթանիա» պանդոկին մէջ կը շարունակուի ճատրակի աշխարհի ախոյենութիւնը մինչեւ 20¬տարեկան երիտասարդներու համար:
Հայաստանի խումբէն ներս բարձր խանդավառութիւն կը տիրէ։ Ախոյենութեան 7¬րդ օրուայ մրցումները աւարտելէ ետք Սամուէլ Տէր¬Սահակեան կը գտնուի մրցացանկի 3¬րդ դիրքին վրայ, 5.5 կէտ ապահոված ըլլալով։ Կարէն Գրիգորեանի պարագան եւս փայլուն է. ան կը գտնուի հազիւ մէկ դիրք ետ, 4¬րդ դասակարգումի վրայ՝ ապահոված ըլլալով 5.5 կէտ։ Վահէ Պաղտասարեան կը գտնուի 51¬րդ դիրքի վրայ եւ ունի 4.0 կէտ։
Աղջիկներու մրցաշարքին մասնակցող Շուշաննա Սարգսեան 3.0 կէտով 42¬րդ դիրքին վրայ կը գտնուի։
Ինչպէս հաղորդած էինք տղոց դասակարգին կը մասնակցին 130 ճատրակիստներ 55 երկիրներէ, իսկ աղջիկներուն 60 ճատրակիստներ 40 երկիրներէ։ Յունաստան կը մասնակցի 30 մարզիկներով:
«Ազատ Օր»ի մարզական լուրերու պատասխանատու ընկ. Լուսի Մովսէսեանը տեսակցութիւն մը ունեցաւ հայրենի խումբի մարզիկներուն հետ, որոնք գոհունակութիւն յայտնեցին Աթէնքի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի ընթացքէն: Լուսիի հարցումներուն պատասխանեց Շուշաննա Սարգսեանը.¬
Ո՞ր նախադրեալներով դուք ընտրուեցաք մասնակցելու Հայաստանի պատուիրակութեան մէջ։
Հայաստանի մէջ նախապէս մենք մասնակցեցանք ՀՀ ճատրակի ախոյենութեան մրցումներուն եւ գրաւեցինք առաջին դիրքերը։ Իր երկրին մէջ յաղթական դուրս եկած իւրաքանչիւր մարզիկ այսպէս արտօնութիւն ձեռք ձգեց մասնակցելու այս մրցաշարքին։
Կը տեսնենք թէ մնացեալ երկիրները աւելի բազմանդամ պատուիրակութիւններով կը մասնակցին մրցաշարքին: Մեր խումբը չորս մարզիկներէ բաղկացած է: Ինչո՞ւ կը պատահի այս մէկը:
Ամէն երկիր իրաւունք ունի 3 ճատրակիստներ ներառնելու իր խումբին մէջ: Կարելի է յաւելեալ մարզիկներ ներառնել, այն պարագային որ մասնակիցը ինքը իր ծախսը կը ստանձնէ: Գումարները բաւական սուղ են, եւ մրցաշարքը երկար. այսպէս շատեր հնարաւորութիւնը չունին մասնակցութեան սակը վճարելու եւ այպէս մասնակցութեան իրաւունք ունենալու:
Դուն գո՞հ ես քու բերած արդիւնքներէդ։
Ո՛չ, բնաւ գոհ չեմ։ Խաղերու սկիզբէն չեմ կարողացած լաւ կեդրոնանալ։ Կը կորսնցնեմ իմ ուշադրութիւնս եւ չեմ յաջողած բերել այն արդիւնքները, որ կը փափաքիմ։
Ինչպէ՞ս կը տեսնես այս կազմակերպումը։
Շատ գոհացուցիչ կազմակերպութմ մըն է։ Մանաւանդ որ մասնակցութիւն կը բերեն բարձր արդիւնքներու արժանացած ճատրակիստներ:
Ինչպէ՞ս կը գնահատես հայկական մեր խումբի մնացեալ մարզիկներու արդիւնքները։
Սամուէլ Տէր¬Սահակեանը Հայաստանի ամէնալաւ ճատրակիստն է եւ մինչեւ հիմա շատ լաւ արդիւնքներ բերած է։ Նոյնպէս Կարէն Գրիգորեանը շատ լաւ ընթացք ունի։ Կը հաւատամ որ նոյն ձեւով պիտի շարունակեն։
Երէկ Հինգշաբթի ազատ օր էր ճատրակիստներուն համար: Անոնք առիթը ունեցան հանգստանալու եւ իրենց ուժերը վերակազմակերպելու:
Բարի յաջողութիւն կը մաղթենք Հայաստանի խումբին: