Գրասենեակի հիմնադրութենէն արդէն անցած են աւելի քան 10 տարիներ։ Ինչպիսի՞ իրագործումներ յաջողուած են անցնող տարիներուն ընթացքին։ Գոհացում տրուա՞ծ է սկզբնական դրդապատճառներուն։
Զանազան երկիրներու մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբերու հիմնադրութենէն յետոյ, յատկապէս 80ական թուականներուն, Եւրոպայի երկիրներուն մէջ սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներու շարք մը, որ յատկանշուեցաւ 1987ին Եւրոպական Խոր-հըրդարանի կողմէ ճանաչման բանաձեւով, որ նախապայման կը դնէր Թուրքիոյ Եւրոպական անդամակցութեան առջեւ՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Քաղաքական այս աշխատանքը համակարգելու համար անհրաժեշտ նկատուեցաւ գրասենեակի գոյութիւնը Եւրոպայի մայրաքաղաք՝ Պրիւքսելի մէջ։ Մինչ այդ, աշխատանքները կը տարուէին տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի Յանձնախումբերու ջանքերով, բայց հետզհետէ աւելի հզօրացող ու ազդեցիկ դարձող Եւրոպական Միութեան շրջագծէն ներս համադրող մնայուն մարմնի մը գոյութիւնը՝ անյետաձգելի դարձած էր։ Այսպէս Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով հիմնուեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը Պրիւքսելի մէջ։ Ունէինք արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջող օրի-նակը, Ուաշինկթընի մէջ գործող գրասենեակով։
Գրասենեակի աշխատանքները վստահուեցան Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, որ կը բաղկանար տարբեր երկիրներէ մասնակցող անդամներէ եւ նախագահութիւնը ստանձնեց Ֆրանսայէն ընկ. Հիլտա Չոպոյեան, մինչեւ իր հրաժարումը քանի մը ամիս առաջ: Բոլորի ներդրումով եւ արդիւնաբեր աշխատանքով ու զոհաբերութեամբ գրասենեակը դարձաւ Եւրոպայի մէջ կայացած հաստատութիւն, որ շօշափելի արդիւնքներ ունեցած է եւրոպական քաղաքական դաշտին վրայ հայութեան արդար պահանջները ներկայացնելու եւ Հայ Դատի գործերուն առանձին ներուժ տալու իմաստով։
Եւրոպայի մէջ աշխատանքը չափազանց բարդ է, ապերախտ եւ դժուար։ Կայ Եւրոպական Միութիւնը 27 անդամ երկիրներով, կայ Եւրոպայի Խորհուրդը, իր խորհրդարանական վեհաժողովով, կայ ԵԱՀԿն դարձեալ իր խորհրդարանական վեհաժողովով, կայ ՆԱԹՕն եւ տակաւին տասնեակ մը այլ կազմակերպութիւններ, որոնք միջեւրոպական առումով դերակատարութիւն ունին եւրոպական որոշումներու կայացման մէջ։
Մեր գործը թէեւ ընդհանրապէս եղած է Եւրոպական Խորհրդարանին եւ Քոմիսիոնին մօտ, սակայն վերջին շրջանին պէտք է ըսել, որ աշխատանք կը տանինք նաեւ մնացեալ կազմակերպութիւններուն մօտ։ Օրինակի համար յիշեմ՝ քանի մը ամիս առաջ, ԵԱՀԿի Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ քննարկուող Արցախի օրակարգին պարագան, երբ նաեւ հայկական պատուիրակութեան խնդրանքով, աշխատանք տարինք իւրաքանչիւր երկրէ ներս Հայ Դատի Յանձնախումբերու հետ գործակցաբար՝ կապեր հաստատելով ժողովին մասնակցելիք երեսփոխաններու հետ եւ յաջողցուցինք դրական կեցուածքներ ապահովել բանաձեւի քննարկման եւ քուէարկման ընթացքին։ Բացի երկու հոգիէ, որոնք փրո-ազերիական կեցուածք ունեցան, խօսք առնողներու ճնշիչ մեծամասնութիւնը, մեզի ի նպաստ արտայայտուեցաւ:
Երկրորդ օրինակ մը յիշեմ, երբ պուլկարացի երեսփոխան մը դարձեալ Արցախի հարցի մասին զեկուցում մը պիտի ներկայացնէր. գրասենեակի եւ Պուլկարիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերով յաջողեցանք հաւասարակշռուած եւ դրական զեկուցում մը ապահովել իր կողմէ։
Այս օրինակները յիշեցի ցոյց տալու համար մեր գործունէութեան դաշտի ծաւալը եւ բազմազանութիւնը։ Ծանօթ է արդէն Եւրոպական Միութեան բարդ միջավայրը, ուր ամէն ինչ համաձայնութեան արդիւնք է, «կլորցուած» որոշումներով, որպէսզի կարողանան տեղ մը յանգիլ...։
Կրնա՞նք արդեօք ըսել որ կան բարեկամ կամ մեզի հանդէպ «նախապաշարուած» խմբաւորումներ...
Ոչ, սխալ է այդպէս ըսել, որովհետեւ մեր բարեկամներն ու «հակառակորդները» մենք կը ստեղծենք, մեր աշխատանքով։ Ամէն երեսփոխան, կամ ամէն մէկ խմբաւորում, կամ ամէն մէկ երկիր, ունի ի՛ր շահերը եւ իր կեցուածքը ի՛ր շահերէն կը բխի։ Անշուշտ կան երկիրներ, որոնք աւանդաբար եւ պատմականօրէն մեզի մօտ եղած են, ինչպէս են Յունաստանը, Կիպրոսը, եւ այդ մէկը կը շարունակէ ըլլալ։ Սակայն ուրիշ երկիրներու մէջ ալ կան անձեր, որոնք մեզի շատ մօտ են, կան ուրիշներ ալ որոնք դէմ են։
Հոս վայրկեան մը կանգ առնենք, ըսելու համար թէ դէմ եղողներու մեծամասնութիւնը յստակ է թէ տարբեր շահեր կը պաշտպանէ։ Պրիւքսելը պզտիկ տեղ մըն է, բոլորս գիտենք, թէ մեր շուրջը ի՛նչ կ'անցնի-կը դառնայ. ուրեմն յայտնի է, թէ ո՛ւր որ կարծր կեցուածք կայ մեզի հանդէպ՝ հոն վարձատրութեան հարց գոյութիւն ունի. այդ անձերը չեն պաշտպաներ Ատըրպէյճանի շահերը եթէ վարձատրութիւն չստանան։ Ծանօթ է, թէ Ատրպէյճան մեծ գումարներ կը ծախսէ, իր քարոզչութիւնը յաջողցնելու նպատակով եւ կը գործածէ անձեր, որոնք ազերի չեն։ Ատրպէյճան կազմած է Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններ, որոնց անդամներու ցանկը եթէ ստուգէք, պիտի տեսնէք անունները քաղաքական, ակադեմական անձնաւորութիւններու, նախկին նախարարներու։ Բնական է որ այդ անձերը սիրայօժար չէ որ կը մասնակցին այդ կազմակերպութիւններուն մէջ...։
Օրինակն ալ կայ «համբաւաւոր» Կորան Լինտպլանտին, Շուէտէն, որ բացառիկ թրքասէր եւ ազերիասէր անձ մըն էր, ոչ անշուշտ գաղափարաբանութենէ, այլ անձնական շահերէ եւ նշանակուած էր Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանկան Վեհաժողովի օրուայ թուրք նախագահ՝ Չաւուշօղլուին կողմէ Հայաստանի մասին համազեկուցող: Մեր կողմէ կատարուած ծրագրուած աշխատանքով ձախողեցուցինք իր վերընտրութիւնը Շուէտի Խորհըրդարանէն ներս եւ ան չկարողացաւ ստանձնել զեկուցաբերի պաշտօնը: Սակայն ան՝ վարձատրուեցաւ Ազերիներէն, քանի որ ներկայիս դարձած է պաշտօնեայ ազերիական մեծ կազմակերպութեան մը մօտ եւ կը խոստովանի թէ իրենց համար լոպիիստ մըն է այլեւս...
Ինչպէ՞ս կարելի է դիմադրել այս ձեւի կեցուածքներուն։
Ամէն ինչ կախեալ է մեր աշխատանքէն եւ մեր աշխուժութենէն։ Գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մեզի դէմ կանգնող շրջանակներուն մօտ աշխատելով, հարկաւոր է ստեղծել այդ միջաջավայրը, ուր մենք զօրաւոր կերպով պիտի պաշտպանենք մեր դիրքերը։ Մեր դատը արդար է։ Համադրուած ու մասնագէտօրէն ծրագրուած աշխատանքով թէ՛ Պրիւքսելի եւ թէ՛ իւրաքանչիւր երկրի մէջ, կրնանք յաջողութիւններ արձանագրել։
Արցախի հարցը ի՞նչ նոր հանգրուաններով կ'ընթանայ։
Բանակցութիւններու գործընթացին մէջ մենք վճռակամութեամբ կը պահանջենք Արցախի ուղղակի՛ մասնակցութիւնը խօսակցութիւններուն, որովհետեւ համաձայնութեան մը պարագային՝ ի՛նքն է որ պիտի ստանձնէ պատասխանատուութիւնը կիրարկելու այդ համաձայնութիւնը, երկրէն ներս։ Որքան ատեն որ այս մէկը չըլլար, բացայայտ է որ կարելի չէ համաձայնութիւն ստորագրել, ուրիշի մը հաշւոյն։ Իր ապագան մի՛այն Արցախի ժողովուրդը կրնայ որոշել։
Մինսկի խմբակը ունեցած է դերակատարութիւն բանակցային գործընթացին մէջ, որոշ զիջումներ ալ ապահովելով հայկական կողմէն։ Որոշ ժամանակներ ակնկալիքներու մասին շատ խօսք կþըլլայ, ինչպէս եղած էր Քազանի խորհրդաժողովի նախօրեակին. նոյնիսկ Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս ակնկալիքները մեծ էին, գիտակցելով թէ Հայաստան ընդունած էր Քազանի խորհրդաժողովէն յառաջ քշուող շրջագիծը։ Ինչպէս փաստուեցաւ սակայն հոն, վերջին պահուն, Ատրպէյճանի նախագահը 10 նոր կէտերէ բաղկացած թղթածրար մը բերաւ, հիմնովին խանգարելով գործընթացը։
Եւրոպայի մէջ ծանօթ են Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները եւ կեցուածքը, ուր եթէ փոխադարձ շահերու հարցը գոյութիւն չունենար, վստահաբար Ալիեւը շատոնց ծաղրանկարիչներու մնայուն հերոսը դարձած կ'ըլլար...
Ներկայիս յառաջընթաց գոյութիւն չունի Արցախի հարցին մէջ, ինչ որ կը նախատեսուի նաեւ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին ալ, քանի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ ընտրութիւններ կան:
Ներկայիս աշխատանք կը տանինք ապահովելու համար եւրոերեսփոխաներու այցելութիւնը Արցախ, ինչպէս անցեալին ալ եղած էր, երբ երկու ֆրանսացի երեսփոխաններ Հիլտա Չոպոյեանի հետ միասնաբար Արցախ այցելած էին։ Արդէն կայ թիւ մը երեսփոխաններու որոնք պատրաստ են Արցախ այցելելու, երկիրը մօտէն տես- նելու ու կացութիւնը գնահատելու։ Արցախի իշխանութիւններուն հետ գործակցելով կը ծրագրենք Հոկտեմբերէն սկսեալ կազմակերպել պարբերաբար այս այցելութիւնները։
Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոպայի տարածքին ճանչցուած է, նոյնիսկ հանգրուան մը անդին անցնելով՝ ուրացման դէմ որդեգրուած օրէնսդրութեամբ։ Ներկայիս կը դիմագրաւենք հատուցումը ապահովելու հանգրուանը։
Հայ Դատի Յանձնախումբերը եւ գրասենեակը մեծ ներդրում ունեցած են Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք 1987-ին, անոր բազմաթիւ նշումներու Եւրոխորհրդարանին կողմէ, Թուրքիոյ հետ կապուած զանազան զեկուցումներու մէջ:
Հարկաւոր է նշել նաեւ թէ մեր Գրասենեակի հիմնական ներդրումով ալ, 2008-ի Նոյեմբերին Եւրոպական միութեան Խորհուրդը, «ցեղասպանութեան եւ օտարատեացութեան դէմ շրջագիծ որոշում» մը կայացուց, որուն հիման վրայ Սլովաքիոյ մէջ արդէն հայկական ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացած է, իսկ ծանօթ է Ֆրանսայի պարագան ուր թէ՛ Ազգային Ժողովը եւ թէ՛ Ծերակոյտը, ընդունեցին նման օրէնք, որը սակայն բեկանուեցաւ սահմանադրական դատարանին կողմէ: Կը սպասենք, որ նոր ընտրուած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, նոր բանաձեւումով նորէն ներկայացնէ օրէնսդիր մարմիններուն, յարգելով իր համապատասխան խոստումը:
Հայ Դատի Յանձնախումբերուն հետ գործակցաբար, անհրաժեշտ է նման աշխատանք տանիլ, այլ երկիրներու մէջ եւս, որոնք անդամ են Եւրոպական Միութեան, որպէսզի քուէարկեն համապատասխան օրէնքներ:
Ներկայիս ի՞նչ աշխատանքներու ձեռնարկած էք։
Անցեալ տարի յաջողեցանք Եւրոպայի ամէնամեծ թերթին մէջ, (որ 88.000 տպաքանակով կը տպուի եւ Եւրոպական Միութեան ու դիւանագիտական ամբողջ շրջանակներուն մօտ կը բաժնուի) ամբողջ էջով յօդուած մը հրատարակել գրուած հեղինակաւոր Ալֆրետ Տէ Զայասի կողմէ «Հայկական Հարցը եւ Միջազգային Օրէնքը» նիւթով, ինչպէս եւ Սումկայթի ջարդերու մասին յօդուած մը։
Մօտ յառաջիկային կը ծրագրենք 16 էջերէ բաղկացած յաւելուած մը հրատարակել նոյն թերթին մէջ, նուիրուած Արցախին։ Շատ լաւ պատրաստուած գործ մը պիտի ըլլայ, որ քարոզչական մեծ ազդեցութիւն ունենալէ անդին, նաեւ իբրեւ տեղեկութիւններու աղբիւր պիտի ծառայէ Եւրոպական շրջանակներէն ներս:
Այլ աշխատանքներու շարքին յիշենք նախորդ տարիներուն ընթացքին, երկու անգամով, Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած եւրոպահայերու խորհըրդաժողովները, ինչպէս եւ ձեռնարկները Եւրոպական Խոր-հըրդարանէն ներս, ինչպիսին էր Ցեղասպանութեան ճանաչման 20ամեակի ձեռնարկը, երբ մեծարուեցան 1987ի ճանաչման որոշումին մասնակից դարձած երեսփոխանները։ Այլ ձեռնարկներ եւս կազմակերպուած են տարբեր առիթներով։
Յառաջիկայ Նոյեմբերին, Եւրոպական Խորհրդարանի շէնքէն ներս, 1987ի Եւրպական Միութեան կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի 25ամեակին առիթով, պիտի գումարենք եւրոպահայութեան Գ. համագումարը, որու ընթացքին տեղի պիտի ունենայ գիտական խորհրդաժողով մը, հիմնական նիւթ ունենալով Թուրքիայէն մեր պահանջները եւ հատուցման հանգրուանը։ Քննութեան առարկայ պիտի դառնան նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները: Ջանք պիտի տարուի, որ ներկայ գտնուին Եւրոպայի բոլոր երկիրներէն ներկայացուցիչներ, քանի միաժամանակ պիտի կազմակերպենք նաեւ համաժողով մըն ալ ներկայ կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ, քննելու համար ծրագրուած եւ համադրուած կերպով Եւրոպահայութեան կարելիութիւնները:
Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանի Պրիւքսել այցելութեան առիթով, առիթը ունեցաք Ջաւախքահայութեան հարցերը լսելի դարձնելու Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մօտ։ Ի՞նչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին ապագայի մասին։
Կը կարծեմ որ արդէն պէտք էր, որ նման աշխատանք ըրած ըլլայինք: Արտակ Գաբրիէլեանի ներկայութիւնը լաւագոյն առիթն էր Կովկասեան տարածաշրջանի նիւթերով զբաղող շուրջ 15 երեսփոխաններու հետ հանդիպելու, լաւապէս ուսումնասիրուած ու ամբողջական թղթածրար մը յանձնելով իրենց, որ կը պարունակէր Ջաւախքահայութեան հիմնական պահանջները: Այս աշխատանքը կատարուեցաւ Երեւանի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի գործակցութեամբ։
Հանդիպումներ ունեցանք նաեւ Եւրոպայի ընդլայնման Ս. Ֆիւլէի եւ արտաքին հարցերու պատասխանատու Լէյտի Աշթընի բաժանմունքներու Վրաստանի պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի դեսպանուհիին հետ: Հանդիպումները շարունակուեցան նաեւ Թիֆլիսի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան հետ։ Նշեմ, որ մի քանի տարիէ ի վեր Թիֆլիսի մէջ կը գործէ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի մասնաճիւղ, Սլաւիկ Մեզտոյեանի պատասխանատուութեամբ։
Այս աշխատանքը պիտի շարունակուի ծրագրուած եւ հետեւողական ձեւով, մօտ յառաջիկային առնելով նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ եւս:
Վերջերս առիթը ունեցաք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կլոր սեղանի զրոյցներու մասնակցելու եւ Հայ Դատի նուիրուած նիւթեր արծարծելու։ Ծանօթ է նորաստեղծ հայկական գաղութներու պարագան այդ շրջանէն ներս։ Քաղաքական դաշտի իմաստով, ինչպիսի՞ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին։
Իսկապէս Ապրիլ 28-ին Ապու Տապի գտնուեցանք Հ.Յ.Դ Բիւրոյի Քաղաքական եւ Հայ Դատի հարցերու գրասենեակի տնօրէն՝ Կիրօ Մանոյեանը, Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու՝ Վերա Եագուպեանը, Ա.Մ.Ն.ի գրասենեակի տնօրէն՝ Արամ Համբարեանը եւ ես: Առաջին անգամն էր, որ կը գտուէինք բոլորս կլոր սեղանի զրոյցի մը շուրջ: Նշելի է, թէ ամբողջութեամբ լեցուն սրահէ մը ներս, մօտ երեք ժամ տեւող զրոյցին, որ վարեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տոքթոր Վարդգէս Արզումանեանը, արծարծուեցան մեզի յուզող բոլոր հարցերը եւ անոնց հետապնդման կարելիութիւնները իւրաքանչիւր գրասենեակի կողմէ:Նախորդ օրը Տուպայի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած էր դասախօսական երեկոյ Ռոպերթ Ֆիսքին հետ, ուր ներկայ էին բացի մեր գաղութի անդամներէն նաեւ լուրջ թիւ մը օտար ուսանողներու, որոնց յաջողած էին բերել մեր ուսանող երիտասարդները:Իսկ Ապրիլ 29-ին ընկ. Կիրօ Մանոյեանը եւ ես գտնուեցանք Քուէյթ, ուր մեծ թիւով հայրենակիցներու ներկայութեան, զրուցավարութեամբ Հ.Դ.Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Մանուկ Մանուկեանի, առիթը ունեցանք ներկայացնելու Հայ Դատի ներկայի բոլոր հոլովոյթները:
Ինչ կը վերաբերի, տեղական կարելիութիւններուն, պէտք է նշել թէ՝ նկատի ունենալով այդ երկիրներուն քաղաքական պայմանները, Հայ Դատի աշխատանքները ընդհանրապէս կը միտին քարոզչական աշխատանք կատարելու մամուլէն եւ ակադեմական շրջանակներէն ներս: Սակայն նշեմ, թէ համեմատաբար մեր լաւ կազմակերպուած գաղութներուն, տեղւոյն վրայ եւս յաջողուած է մինչեւ օրս, իրենց ունեցած կարելիութիւններով, որոշ չափով, առաջքը առնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի թափանցման իբրեւ արդիւնք՝ հակահայ կեցուածքներու: Հոս պէտք է նշել նաեւ Քուէյթի մէջ դեսպան՝ պրն.Ֆադէյ Չարչողլեանի աշխուժութիւնը եւ ձեռնհասութիւնը, որ գաղութին հետ սերտ գործակցութեամբ յաջողուած է թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ գաղութին համար կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովել: