Ջաւախքահայութեան հարցերը համահայկական են

Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «Ա-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան Եւրոպայի մէջ քաղաքական եւ համայնքային հանդիպումներու շարք մը իրագործեց։
Ան Աթէնք գտնուեցաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար, որու առիթով «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ իր հետ։


Վերջին տասնօրեակին ընթացքին, հանդիպումներու շարք մը իրագործեցիք եւրոպական շրջանակներու մօտ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նախնական արդիւնքները։

Պրիւքսելի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի օգնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս շրջայցը, որ առիթը տուաւ ինծի տեսակցութիւններ ունենալու մօտ երկու տասնեակ պաշտօնատարներու հետ, որոնք պատասխանատու են Հարաւային Կովկասեան շըրջագծի  կամ Վրաստանի հարցերով։ Հանդիպումները շատ արդիւնաւէտ էին. անոնց մեծ մասը Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ կամ Յանձնաժողովի անդամներ կամ ալ զեկուցողներ էին։
Իրենց ներկայացուցի Ջաւախքի հայութեան հարցերը։

Ինչպիսի հարցեր կը դիմագրաւէ՞ Ջաւախքի հայութիւնը։

Ամէնէն կարեւոր խնդիրը այն է, որ Ջաւախքցին համարկուած չէ վրացական հասարակութեան մէջ։ Ջաւախքցին միշտ ապրած է վրացական կեանքէն, վրացական կենցաղէն, վրացական անցուդարձերէն՝ զատ, առանձին։ Այդպէս եղած է Խորհրդային Միութեան ժամանակներուն եւ այդպէս ալ շարունակուած է մինչեւ այսօր։
2007ի վերջաւորութեան արդէն սկսաւ կիրարկուիլ ճնշումի մթնոլորտ։ Մեր հիմնական խնդիրներէն է վրացերէն լեզուի ոչ բաւարար տիրապետումը։ Ջաւախքցին իր խնդիրները լուծելու համար չի կրնար Թիֆլիս երթալ, լեզու չիմանալու պատճառով։ Ուստի ստիպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան, մայր հայրենիքի հետ կապուած ըլլալ։ Այսօր մօտ 600 հազար ջաւախքցիներ կ'ապրին Երեւանի մէջ։

Հալածանքի մթնոլորտ կա՞յ։

Դէպի տարածաշրջան խտրական քաղաքականութիւն կը կիրարկուի կեդրոնի կողմէ։ Այսօր կարելի չէ ըսել որ վրացական իշխանութիւնները յաջողած են լեզուի ուսուցումը ստիպողական դարձնել. տարածաշրջանին մէջ վրացերէնի լիակատար ուսուցման համար անհրաժեշտ է ստեղծել կեդրոններ եւ այս գծով աշխատանք պէտք է տանին  իշխանութիւնները:
Նախապէս ալ տեղական լեզուի իմացութեան անհրաժեշտութիւնը այնքան ալ զգալի չէր, այդ իմաստով որ շրջանէն ներս միայն հայ բնակչութիւն կայ, եւ դպրոցական ժամերուն մէջ վրացերէնի  յաւելումը կը նշանակէ հայերէնի տկարացում, որ նաեւ ազգային ինքնապատկանելիութեան առումով սպառնալիք կրնայ դառնալ:
Առաջարկներ ներկայացուցած ենք որ յաւելեալ կրթական կեդրոններ բացուին, որպէսզի ոչ միայն դպրոցի աշակերտներ, այլ նաեւ տարեց մարդիկ կարողանան սորվիլ եւ հմտանալ լեզուի գործածութեան մէջ։ Մեր խորհուրդի հիմնական պահանջքն է որ տեղւոյն վրայ բացուի հայ-վրացական համալսարան-ակադեմիա, հետեւեալ սկզբունքով՝ հայերէնի իմացութեամբ երիտասարդ մը ընդունուի այդ կրթական հաստատութենէն ներս եւ վրացերէնի իմացութեամբ աւարտէ համալսարանը. այս մէկը շատ կարեւոր է որպէսզի հաւասարի լեզուներու իմացութեան մակարդակը։

Ջաւախքահայութեան աշխատանքի ասպարէզը ո՞ր մարզերը կը ներառնէ։

Ջաւախքցիները հիմնականօրէն կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Բայց պետութեան կողմէ չի խրախուսուիր գիւղատնտեսութիւնը, ոչ ալ պետական ներդրումներ կը կատարուին. նոր արհեստագիտութիւն չկայ, ոչ ալ ժամանակակից թեքնիքական միջոցներ, որպէսզի գիւղացիի աշխատանքը դիւրանայ եւ արդիւնաւորուի։ Իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ տեղական արտադրանք ը շատ դժուար է շուկայ տրամադրել, կամ ալ շատ աժան գինով կը տրուի, որովհետեւ նոյն պահուն պետութիւնը կը խրախուսէ Թուրքիայէն ներմուծումները, որ շատ  աւելի երկրորդական որակի են։

Ի՞նչ ուրիշ հարցեր կան։

Լեզուական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային հարցեր... Ամբողջ Ջաւախքը կը բաղկանայ 145 հայկական գիւղերէ, ուր մշակոյթի տուներ չկան։ Ջաւախքցին չի գիտեր համերգը, թատրոնը կամ օփերան։ Նոյն պահուն պետութեան կողմէ շարունակաբար ճիգեր ի գործ կը դրուին երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու համար։
Կան հարցեր տեղական եւ պետական կառավարման կառոյցներուն մէջ, ուր  պէտք է բարելաւել հայերուն ներկայացուածութիւնը եւ վարչական շըրջաններու կառավարման մարմիններուն մէջ հայոց լեզուի օգտագործման իրաւունք տալ:
Այս բոլոր խնդիրները լուծելու համար, մեր խորհուրդը բազմաթիւ անգամներ առաջարկներ ներկայացուցած է վրացական իշխանութիւններուն։ Եւ հիմնականօրէն հարցերու լուծումը կը տեսնենք ինքնավարութեան մէջ, հաւատալով թէ Վրաստանի կազմին մէջ ինքնավար տարածքային միաւորի կարգավիճակ պէտք է տալ Սամցխէ-Ջաւախքին եւ յարակից Ծալկա   շրջանին:
Քանի որ այսօր Վրաստանը «տէ ֆաքթօ» դաշնային պետութիւն է. կայ ինքնավար Աճարիայի հանրապետութիւն, կայ Վրաստանը։ Եւ ինչո՞ւ Ջաւախքի մէջ նոյնպէս ինքնավարութիւն չտրուի, անշուշտ Վրաստանի կազմէն ներս։
Այս մէկը քաղաքական թեմա է եւ Վրաստանի իշխանութիւնները միջազգային շատ մը բեմերէ կը յայտարարեն, թէ պատրաստ են Աբխազիային եւ Հարաւային Օսէթիային լայն լիազօրութիւններով ինքնավարութիւն տալ։ Իսկ Ջաւախքի հայութիւնը, որպէս օրինապաշտ քաղաքացիներ, միշտ կանգնելով պետութեան կողքին եւ հանդէս գալով կառուցողական դիրքերով, այսուհանդերձ կը փորձուի որպէս անջատողական ներկայացնել, երբ կը խօսուի  ինքնավարութեան մասին։

Ի՞նչ է թուային պատկերը։

Ջաւախքի մէջ 200-220 հազար հայութիւն կայ։
1995 թուականին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ վարչատարածքային բաժանում։  Խորհրդային տարիներէն կար շրջաններու բաժանում, սակայն հետագային փորձուեցաւ տարածաշրջանի իմաստով ներառնել առանձին շրջանները։  Օրինակի համար Ջաւախքի շրջանը կոչուեցաւ Սամցխէ-Ջաւախեթի տարածաշրջան եւ իր մէջ ներառաւ վեց շրջաններ։
1995ին կատարուած վարչատարածքային բաժանումը սխալ էր եւ խտրական քաղաքականութիւն էր  հայութեան հանդէպ, այն առումով, որ այդ վեց շրջաններուն մէջ յայտնուեցան վրացական շրջաններ, իսկ դուրս մնաց զուտ հայկական Ծալքան։ Այդ առումով իշխանութիւնները փորձեցին տոկոսային համեմատութիւնը աւելցնել՝ յօգուտ վրացիներուն։
Օրինակի համար Պորժոմի շրջանը վրացական է բայց միացուած է տարածաշրջանին, ուր Նինոծմինդայի շրջանէն ներս 98 առ հարիւր տոկոսը հայութիւն է, Ախալքալաքի շրջանէն ներս 97 առ հարիւրը հայկական է։ Այս առումով է խտրական քաղաքականութիւնը։
Ուրիշ շրջաններու մէջ այդ փորձերը յաջողեցան, ինչպէս Ատիկէնի շրջանէն ներս, կամ Թիֆլիսի մէջ...։
Հիմա վտանգը կը սպառնայ Ջաւախքի տարածաշրջանին։ Մենք կը դիմենք Վրաստանի իշխանութիւններուն, որպէս լիարժէք քաղաքացիներ եւ մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան սիրոյն, այլ ոչ թէ որպէս անջատողականներ։

Այս տուեալները պարզուեցա՞ն եւրոպական շրջանակներուն մօտ։

Իմ  հանդիպումներուս ընթացքին մանրամասն կերպով խօսեցանք այս հարցերուն մասին եւրոպացի պաշտօնատարներուն պարզելով իրավիճակը, որպէսզի իրենք եւս Վրաստանի իշխանութիւններուն պարտադրեն վերջ տալ երկրամասի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան փորձերուն, ջանք տանելով բարելաւել ընկերային եւ  տնտեսական զարգացման ծրագրերը՝ Ջաւախքի մակարդակը բարձրացնելով այդ բոլոր բնագաւառներէն ներս։

Երիտասարդութիւնը ինչպիսի՞ հարցեր կը դիմագրաւէ։

5-6000 ջաւախքի երիտասարդ իր ուսումը կը ստանայ Հայաստանի մէջ։ Անոնք չեն վերադառնար. իսկ եթէ վերադառնան իրենցմէ կը պահանջուի վրացերէն լեզուի բարձր իմացութիւն. բժիշկներ, գիւղատնտեսներ, մանկավարժներ, չեն վերադառնար...
Աւելցնեմ, թէ տարածաշրջանի գլխաւոր սպառնալիքներէն է երկաթուղիի շինարարութեան կապակցութեամբ յառաջացած թրքական տարածումի վտանգը, ինչպէս եւ հետզհետէ աճող թրքական ներդրումները շրջանէն ներս։

Ի՞նչ է Հայաստանի եւ հայութեան դերը ձեր հարցերու կապակցութեամբ։

Հայաստան պէտք է յաջողի Ջաւախքը վերածել գործօնի եւ կապել հայ-վրացական բարեկամութեան  շրջանակի ծիրէն ներս։ Ջաւախքը պէտք է դառնայ առանձք եւ այդ առանձքը խթանէ հայ-վրացական յարաբերութիւններու շրջագիծը։
Ջաւախքի հարցը պէտք է համահայկական հարց դառնայ, եւ միասնական կարծիք ձեւաւորուի՝ ինչպէս են Արցախի, Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցերը։ Իւրաքանչիւր հայ պէտք է իմանայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ջաւախքը հայութեան համար։