altԳի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Ա­շոտ Մել­քո­նեան armtimesի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նած է‚  որ

ռուս-թրքա­կան վեր­ջին լա­րո­ւա­ծու­թե­նէն պէտք չէ շատ ո­գե­ւո­րո­ւիլ‚ այլ անհ­րա­ժեշտ է զգու­շա­ւոր ըլ­լալ։ Ան խիստ ու­շագ­րաւ վեր­լու­ծում­ներ կա­տա­րած է։

­- Պա­րոն Մել­քո­նեան‚ ռուս-թրքա­կան լա­րո­ւա­ծու­թեան լոյ­սին տակ ար­դէն քա­նի մը օ­րէ ի վեր‚ ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րու մէջ‚ Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի մա­սին յի­շած են եւ կը խօ­սին‚ թէ Ռու­սիոյ նա­խա­գահը չի պատ­րաս­տո­ւիր վե­րա­կանգ­նելու զայն։ Նախ‚ այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը իս­կա­պէս վե­րա­կանգն­ման են­թա­կա՞յ է‚ թէ՞ ոչ եւ ըն­հան­րա­պէս‚ այս լա­րուա­ծու­թեան լոյ­սին տակ ա­տոր նշա­նա­կու­թիւ­նը ի՞նչ է։

- Փոք­րիկ ճշդում մը. խօս­քը Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի մա­սին չէ այն­քան, որ­քան Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի, որ կնքո­ւած է 16 Մարտ 1921ին‚ Պոլ­շե­ւի­կեան Ռու­սիոյ եւ Քե­մա­լա­կան Թուր­քիոյ մի­ջեւ՝ ա­ռանց Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան՝ Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րը ոտ­նա­հա­րե­լով։ Այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի կէ­տե­րէն մէ­կը կը նա­խա­տե­սէր Ռու­սիոյ կող­մէ հա­ման­ման հա­մա­ձայ­նա­գիր պար­տադ­րել նաեւ Անդր­կով­կա­սեան 3 հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն‚ ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­դէն Կար­սի մէջ, Հոկ­տեմ­բեր 1921ի կէ­սե­րուն։ Խօս­քը Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի մա­սին է‚ ո­րով­հե­տեւ Ռու­սիան չի կրնար չեղեալ յայ­տա­րա­րել Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը‚ ո­րով­հե­տեւ ինք չէ կնքած այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Ինք կնքած է այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի մայր տար­բե­րա­կը‚ որ հե­տա­գա­յին ծնաւ Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մէջ եւ հե­տա­գա­յին նաեւ Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մէջ զայն թար­մացնե­լու կէտ չկայ։ Սա­կայն ցա­ւա­լիօ­րէն‚ ատ­կէ 90 տա­րի ետք՝ 16 Մարտ 2011ին‚ երբ Էր­տո­ղան գտնո­ւե­ցաւ Մոս­կո­ւա‚ Մետ­վե­տե­ւի հետ ա­նոնք կար­ծես թէ խորհր­դա­ւոր կեր­պով վե­րա­թար­մա­ցու­ցին այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը՝ իբ­րեւ նուէր փո­խա­նա­կե­լով հա­մա­ձայ­նա­գի­րի թեքս­թը եւ Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րէն լու­սան­կար‚ որ‚ ի հար­կէ‚ շատ ա­նըն­դու­նե­լի է։ Ցա­ւա­լիօրէն մենք այդ ժա­մա­նակ չար­ձա­գան­գե­ցինք‚ երբ ուղ­ղա­կի աղ լե­ցու­ցին մեր վէր­քին վրայ. գի­տենք‚ որ Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նագ­րին իբ­րեւ հե­տե­ւանք մենք կորսն­ցու­ցինք Կար­սի մար­զը եւ Սուր­մա­լո­ւի գա­ւա­ռը՝ Ա­րա­րատ լե­ռով միա­սին։

- Իսկ Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը վե­րա­նայ­ման են­թա­կայ չէ՞։

- Հ.Հ.ն չէ կնքած Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Ա­տի­կա կեան­քի կո­չած է Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նը‚ իսկ մենք‚ իբ­րեւ ան­կախ եր­րորդ հան­րա­պե­տու­թիւն‚ ուղ­ղա­կիօ­րէն ա­տոր պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը չենք վերց­ներ‚ եւ պա­տա­հա­կան չէ‚ որ նաեւ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով յա­ճա­խա­կի կը խօ­սո­ւի Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճի­ռի մա­սին։ Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տե­սան­կիւ­նէն‚ այ­սօր գոր­ծող հա­մա­ձայ­նա­գի­րը‚ որ թէեւ չէ վա­ւե­րա­ցո­ւած‚ կը հան­դի­սա­նայ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճի­ռը‚ ըստ ո­րու‚ Տ­րա­պի­զո­նի‚ Էրզ­րու­մի‚ Պիթ­լի­սի եւ Վա­նի նա­հանգ­նե­րու մե­ծա­գոյն մա­սը կը հա­մա­րո­ւի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րածք։

- Որ­քա­նո՞վ հա­ւա­նա­կան է‚ որ ա­տի­կա իս­կա­պէս ուժ ստա­նայ։

- Ա­տի­կա կա­խեալ է ան­կէ‚ թէ ամ­բողջ աշ­խար­հը որ­քա­նո՞վ պի­տի հա­կո­ւի Թուր­քիոյ դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու։ Ես հա­մո­զո­ւած եմ‚ որ ե­թէ ՏԱՀԵՇ (Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն - ISIS) շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նել եւս քա­նի մը տա­րի‚ ա­տի­կա պի­տի նշա­նա­կէ‚ որ խօս­քը Թուր­քիոյ կող­մէ ՏԱՀԵՇին ա­մէն տե­սակ օգ­նու­թեան մա­սին է։ Ա­ռանց Թուր­քիոյ վե­րաց­ման չի կրնար վե­րնալ ա­նոր ծնունդ հան­դի­սա­ցող ՏԱՀԵՇը։ Ե­թէ աշ­խար­հը հա­կե­ցաւ ա­տոր‚ ինչ­պէս 1916ին անգ­լիա­ցի եւ ֆրան­սա­ցի դի­ւա­նագէտ­ներ Սայքս-­Փի­քո­յի հա­մա­ձայ­նագ­րով‚ ո­րուն միա­ցաւ նաեւ ա­նոնց դաշ­նա­կից Ռու­սիան եւ ո­րո­շո­ւե­ցաւ հիմ­նա­կա­նին մէջ այդ 3 մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ բաժ­նել Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը‚ բայց յե­տոյ տե­ղի ու­նե­ցաւ պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը‚ Ռու­սիան դուրս ե­կաւ պա­տե­րազ­մէն եւ‚ ցա­ւօք‚ այդ ծրա­գի­րը մնաց թուղ­թի վրայ… Բայց ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ ա­նի­կա ո­րե­ւէ պա­հու կրնայ ի զօ­րու դառ­նալ, ո­րով­հե­տեւ նոյ­նիսկ ՆԱԹՕի ան­դամ բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ, ա­նոնց նախ­կին բազ­մա­թիւ ղե­կա­վար զի­նո­ւո­րա­կան­ներ կը յայ­տա­րա­րեն, որ Թուր­քիոյ ՆԱԹՕի կազ­մին մէջ ըլ­լա­լը կը վար­կա­բե­կէ այդ ռազ­մա­կան կա­ռոյ­ցը‚ եւ ժա­մա­նակն է Թուր­քիան վտա­րելու այդ կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն։ Ե­թէ ա­տի­կա տե­ղի ու­նե­նայ‚ պի­տի ըլ­լայ նաեւ այն‚ ին­չի մա­սին մենք կը խօ­սինք։

-­ Բայց կար­ծես թէ քիչ է հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը‚ որ ա­տի­կա կրնայ տե­ղի ու­նե­նալ։

-­ Չեմ կրնար ը­սել. չի բա­ցա­ռո­ւիր‚ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը մեծ է‚ ո­րով­հե­տեւ Թուր­քիան կայս­րու­թիւն է‚ իսկ կայս­րու­թիւն­նե­րը‚ իբ­րեւ պատ­մա­բան կ’ը­սեմ‚ դա­տա­պար­տո­ւած են փլուզ­ման։ Թուր­քիան այդ ա­ռու­մով բա­ցա­ռու­թիւն չի կրնար ըլ­լալ։ Քր­տա­կան Հար­ցը եւ ա­նոր հա­րե­ւան բո­լոր եր­կիր­նե­րու հետ ու­նե­ցած թշնա­մա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը ա­տոր վկա­յու­թիւնն են։ Ես հա­մո­զո­ւած եմ։