Տեսակցութիւն՝ քանդակագործ-նկարիչ Գագիկ Ալթունեանի հետ
«Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք» խորագիրը կը կրէ Աթէնքի «Թեխնոխորոս» սրահէն ներս կազմակերպուող Գագիկ Ալթունեանի գործերու ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին եւ կը համախմբէ 12 հայ անուանի նկարիչներու գործեր։
Յունաստանէն եւ հայրենիքէն նկարիչներու գործերը, իրենց առանցքային գիծերով, յոյն հանդիսատեսին կը ներկայացնեն հայութեան ապրած արհաւիրքը, հայ ժողովուրդի տարած պայքարն ու գոյատեւումի ճանապարհը, հասնելով մինչեւ վերածնունդ, ազատ հայրենիք եւ կազմակերպուած սփիւռքի իրականութիւնները։
Համբաւաւոր հայ քանդակագործ ու նկարիչ Գագիկ Ալթունեան երկար ժամանակէ ի վեր ծրագրած ու աշխատած է տուեալ ցուցահանդէսի կազմակերպման համար։ Ծանօթ արուեստագէտի մտածումները, ներշնչումները եւ իւրայատուկ ոճը, մեծապէս գնահատուած են հայ եւ յոյն մշակութասէր հանրութեան կողմէ։ Ան փափաքելով իր ներդրումը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանման գործին մէջ, ծրագրեց եւ իրականացուց 12 հայ անուանի նկարիչներու գործերով լրացուած ցուցահանդէսը։
«Ազատ Օր»ի խմբագրատուն իր այցելութենէն օգտուելով՝ շահեկան զրոյց մը ունեցանք համբաւաւոր նկարիչին եւ իրեն ընկերացող ու Փաթրասէն յատկապէս ցուցադրութեան առիթով ժամանած՝ Առաքել Գրիգորեանի հետ։ Նշենք, որ ցուցադրութեան կը մասնակցին նաեւ Գագիկ Ղազանչեան, Ալպերթ Յակոբեան, Սարգիս Համալպաշեան, Հայկ Մեսրոպեան, Էօժէն Յակոբեան, Աննա Ղամարեան, Առաքել Գրիգորեան, Իրինի Մնացականեան, Էտուարտ Սագայեան, Մինաս Սեմէրճեան, Մարիամ Չաքըրեան։
Մինաս Սեմէրճեանի մասին բացատրելով, նկարիչները նշեցին թէ ան Ժանսէմի (Յովհաննէս Սեմէրճեանի՝ Ժանսէմի եղբօր զաւակն է), որ մեծապէս գնահատուած եւ Յունաստանի մէջ կշիռ ունեցող անձնաւորութիւն է, անհատական բազմաթիւ ցուցադրութիւններով։ Նոյնպէս բոլոր մասնակիցները, սիրուած ու գնահատուած տաղանդաւոր նկարիչներ են։ Կարեւոր էր կալերիստ Փեթրոս Տումասի խանդավառ եւ պատրաստակամ մօտեցումը, որ չի զլացաւ ամէնալաւ ձեւով կազմակերպելու ցուցադրութիւնը, Փլաքայի մէջ իր կալերիէն ներս։
Բացատրելով թէ ի՛նչ կը ներառնէ ցուցադրութիւնը Գագիկ Ալթունեան կ'ըսէ թէ երկու մասի բաժնուած է։ Ցուցադրութեան վայր մտնողը նախ դէմ յանդիման կուգայ քանդակ-նկարներ եւ քոլաժներ համադրող գործի մը հետ, որ 15 մեթրի վրայ երկարող գեղանկարչական խառն աշխատանք մըն է։ Այս գործը ցոյց կուտայ իր ընտանիքի անդամներու պատմութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ իր պապն ու իր փոքրիկ քոյրը միակ վերապրողները եղան ամբողջ գիւղի մը բնակչութենէն։ Նմանօրինակ էին հայութեան բեկորներու պատմութիւնները։ Բազմաթիւ դժուարութիւններով ու փորձանքներով անոնք իրար կորսնցուցին, ապա վերագտան, «աճեցնելով» դարձեալ ընտանեկան «ծառը»։
Ցուցահանդէսի այցելուները առաջին հերթին շփման մէջ կուգան ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնը տեսնելով, զգալով վերապրողներու տառապանքը եւ անոնց տարած գոյատեւելու պայքարը։
Ցուցադրութեան երկրորդ բաժինը կը վերաբերի հայութեան ներկային։ Մոխիրէն վերածնելու հայութեան կարողութիւնը, վերազարթօնքն ու վերակազմակերպման ճիգը արդէն կþարտացոլան արուեստի իւրաքանչիւր գործի ընդմէջէն, ամէն մէկուն պարտադրած ոճին համաձայն։ «Մենք մէկ դպրոց կարծես աւարտած ենք։ Ճաշակի ձեւով՝ մենք դաստիարակուած ենք։ Կայ մշակութային մտածողութիւն որ ուղղակի կապ ունի մեր հայկական ինքնութեան հետ։ Երբ կþանցնիս թեմատիկ մօտեցումներու, մեքանիք ձեւով արդէն կþանցնիս քու ազգութեամբ բնորոշուած նկարներու։ Քեզմէ բոլորովին անկախ գործընթաց մըն է այդ։ Մինասն է, Յակոբ Յակոբեանն է, Սարեանն է, որ մեզ բոլորիս ցոյց տուած են այդ ճամբան եւ մենք հետեւորդներն ենք անոնց։ Տարբեր ալ չ'ըլլար» յատկանշականօրէն կ'ըսէ Գագիկ Ալթունեանը։
Իրեն հարց կուտանք թէ ինչպէ՞ս կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կը զգայ յոյն ժողովուրդի կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի վերաբերեալ։
«Տարբեր է երբ կը լսես, տարբեր է երբ կþուսումնասիրես պատմութիւնը։ Ես կը տեսնեմ թէ մարդիկ ուղղակի փաստեր տեսնելու կարիքը ունին, որպէսզի կարողանան ըմբռնել ոճիրի տարողութիւնը։ Այցելուները կուգան, արդէն տեղեակ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Բայց երբ կը տեսնեն լուսանկարները, փաստերը՝ հոգեկան մեր տագնապը կը զգան եւ գործուած ոճիրի ծաւալը, որ երբեք չէ աւարտած ցեղասպանութեամբ, այլ հետքը կը թողու վերապրածներուն, անոնց ժառանգորդներուն վրայ»։
Յոյն եւ հայ հասարակութիւնը առիթը պիտի ունենայ ըմբոշխնելու Գագիկ Ալթունեանի եւ ցուցադրութեան մասնակից բոլոր արուեստագէտներու ներշնչուած ու զգայացունց գործերը, Փլաքայի «Թեխնոխորոս» կալերիէն ներս։
Բացումը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 20 Ապրիլ 2015, ժամը 20։00-23։00ին։