Յա­ռա­ջի­կայ Օ­գոս­տո­սին «Եր­կիր եւ Մ­շա­կոյթ» կազ­մա­կե­պու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ «­Սա­պե­րա­թուր» օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը Դէ­պի Տիգ­րա­նա­կերտ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը կը կազ­մա­կեր­պէ՝ Հա­

յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի ա­ռի­թով։ Առ այդ հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք «Եր­կիր եւ Մ­շա­կոյթ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Շու­շան Քե­րով­բեա­նի հետ։

 

Կա­րե­լի՞ էր ո­րոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցել դէ­պի Տիգ­րա­նա­կերտ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Շու­շան Քե­րով­բեան – Ար­դա­րեւ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նո­ղը մենք ենք, սա­կայն կազ­մա­կեր­պչա­կան բա­ժի­նը յանձ­նած ենք ճամ­բոր­դա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րուն։ Այս­պէս՝ «­Սա­պե­րա­թուր»ը Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը ստանձ­նած է, իսկ Լի­բա­նա­նի, Ար­ժան­թի­նի, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կամ Թուր­քիոյ մէջ ալ տար­բեր ըն­կե­րու­թիւն­ներ պի­տի կազ­մա­կեր­պեն այս ճամ­բոր­դու­թիւ­նը։ Կա­պի մէջ ենք նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան գրա­սե­նեակ­նե­րուն հետ, ինչ­պէս՝ Կիպ­րոս, Ռու­մա­նիա, Ե­գիպ­տոս եւ այ­լուր։ Մենք այս աշ­խա­տանք­նե­րը կը հա­մադ­րենք, կը հա­մա­կար­գենք՝ ա­մէ­նօ­րեայ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ։ Մեր փա­փաքն է, որ ուխ­տա­ւոր­նե­րը ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ շփում ու­նե­նան շրջա­նի հայ­կա­կան միու­թեանց (­Տեր­սիմ, Սե­բաս­տիա, Կե­սա­րիա, Մուշ) եւ ընդ­հան­րա­պէս բնակ­չու­թեան հետ։ Որ­քան տե­ղեակ եմ այդ շրջան­նե­րու միու­թիւն­նե­րուն կեդ­րո­նը Պո­լիս կը գտնո­ւի սա­կայն տա­րին քա­նի մը ան­գամ ա­նոնք ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն եւ նշեալ վայ­րե­րու մէջ ձեռ­նարկ­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն։

Այլ խօս­քով իւ­րա­քան­չիւր ոք կրնայ իր ու­զած վայ­րե­րը եր­թալ եւ այն­տե­ղէն Օ­գոս­տոս 16 եւ 17ին Տիգ­րա­նա­կերտ գտնո­ւիլ, ուր պի­տի հա­ւա­քո­ւին աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն ե­կած Հա­յե­րը, որ­պէս­զի բո­լո­րը միա­սին մաս­նակ­ցին Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­յա­նա­լիք Սուրբ Պա­տա­րա­գին եւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեանց։ Նա­խօ­րեա­կին ալ պի­տի նշո­ւի Աս­տո­ւա­ծածը­նայ Տօ­նը։ Գի­տէք, Սուրբ Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին քա­նի մը հա­զար Հա­յեր ըն­դու­նե­լու տա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի եւ կը յու­սանք որ այս ան­գամ ալ ա­ղօ­թա­տե­ղին բազ­մա­մարդ կ­՚ըլ­լայ։

Ին­չո՞ւ յատ­կա­պէս Տիգ­րա­նա­կեր­տը ընտ­րած էք եւ յե­տոյ ին­չո՞ւ Օ­գոս­տոս ա­մի­սը եւ ոչ՝ Ապ­րի­լը։

Կ­՚են­թադ­րեմ, թէ յատ­կա­պէս այս տա­րի Տիգ­րա­նա­կերտ եր­թա­լը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, նկա­տի ու­նե­նա­լով շրջա­նին մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­պե­տին հա­յանպաստ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ե­ւայլն։

Կար­ծէք այդ մեծ քա­ղա­քին մէջ նոր շար­ժում մը սկսած է։ Ի վեր­ջոյ տրա­մա­բա­նա­կան է Տիգ­րա­նա­կեր­տի ընտ­րու­թիւ­նը որ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի սիր­տը կը սեպուի։ Բայց ա­սի­կա ա­ռա­ջին քայ­լը պի­տի ըլ­լայ, որ յա­ջո­ղու­թեան պա­րա­գա­յին կրնայ կրկնո­ւիլ նաեւ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն։

Ձեր հար­ցու­մին երկ­րորդ բաժ­նին ա­ռըն­չու­թեամբ նախ ը­սեմ, թէ Ապ­րիլ ա­մի­սը խորհր­դան­շա­կան ըլ­լա­լով խճողո­ւած է հա­րիւ­րա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րով։ Իսկ Օ­գոս­տո­սը ար­ձա­կուր­դի ա­միս է եւ մար­դիկ ա­ւե­լի դիւ­րու­թեամբ կրնան ծրագ­րել ի­րենց ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ու­սա­նող­նե­րը։

Այս ծրա­գի­րին գծով ար­դեօք այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ կը գոր­ծակ­ցի՞ք։

Ա­յո՛, ինչ­պէս «Ա­նա­տո­լու» մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը, որ կ­՚ու­զէ ո­րոշ ծրա­գիր­ներ ի­րա­գոր­ծել քա­ղա­քին մէջ։ Ան­շուշտ ու­րիշ­ներ ալ կան։

Քիչ ա­ռաջ խօ­սե­ցաք տե­ղա­կան հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նան ուխ­տա­ւոր­նե­րու հետ։ Ա­նոնք ի՞նչ ձե­ւով կրնան օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ հոն հա­ւա­քո­ւած աշ­խար­հաս­փիւռ Հա­յե­րուն։

Ը­սեմ, թէ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան վերջ­նա­կան «յայ­տա­գի­րը» պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քի մէջ է, սա­կայն կրնամ ը­սել թէ ա­նոնք օ­րի­նա­կի հա­մար կրնան ուխ­տա­ւոր­նե­րէն ո­մանց կե­ցու­թեան հար­ցը կար­գադ­րել՝ պան­դոկ­նե­րու կամ տե­ղա­ցի­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն մէջ, ե­ւայլն։
Ընդ­հա­նուր առ­մամբ կ­՚ու­զենք որ ժո­ղո­վուր­դը մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ մի­ջա­վայ­րին, տի­րող կա­ցու­թեան, լա­ւին ու գէ­շին…։

Ինչ­պէս գի­տենք Ս. Կի­րա­կոս վե­րա­նո­րո­գո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին կան նաեւ քան­դո­ւած ու փլփլած վան­քեր ու ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Ժո­ղո­վուր­դը կրնայ ընդ­հա­նուր կար­ծիք մը կազ­մել եւ յե­տա­գա­յին ըստ այնմ կողմ­նո­րո­շո­ւիլ եւ գոր­ծել։

­