«­Հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­տի ի­րա­ւա­տէ­րը Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնն է»

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ տա­րե­լի­ցը սո­վո­րա­կան տա­րե­թիւ չէ եւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­ րուն զու­գա­հեռ պէտք է յստակ ըլ­լայ, թէ որն է հայ ժո­ղո­վուր­դի նպա­տա­կը, թի­րա­խը եւ ին­չի վրայ պէտք է շեշ­տը դնել: Այս մա­սին կ’ընդգ­ծէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա կա­թո­ղի­կո­սը Armenpress-­ին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին: Վե­հա­փա­ռը կը ներ­կա­յացնէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին եւ ան­կէ ետք հայ ժո­ղո­վուր­դի ը­նե­լիք­նե­րուն իր տես­լա­կա­նը, կը կա­րե­ւո­րէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցի բարձը­րա­ցու­մը ի­րա­ւա­կան հիմ­քի վրայ: Հար­ցազ­րոյ­ցը ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի վերածած է Ե­ռա­գոյն կայ­քէ­ջը։

Հար­ցազ­րոյ­ցը` Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեա­նի

­Վե­հա­փա՛ռ Տէր, այս տա­րի հայ ժո­ղո­վուր­դը կ’ո­գե­կո­չէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ տա­րե­լի­ցը: Ո՞րն է Ձեր պատ­գա­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան:

Երբ շուրջ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ սկսանք պատ­րաս­տել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ տա­րե­լի­ցի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, մենք կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տե­ցինք հե­տե­ւեա­լը. իբ­րեւ մեր գոր­ծըն­թա­ցի մեկ­նա­կէտ, ինչ­պէս նաեւ նպա­տա­կա­կէտ` ա­ռա­ջին հեր­թին յայ­տա­րա­րե­ցինք, որ 2015-­ը սո­վո­րա­կան տա­րե­լից չէ, որ պէտք է նշենք եւ իր խոր­քով, բնոյ­թով ու նպա­տա­կով բո­լո­րո­վին պէտք է տար­բե­րի: Սո­վո­րա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէն բա­ցի, պէտք է յստակ դառ­նայ մեր նպա­տա­կը` ուր պէտք է շեշ­տը դնել` ինչ պի­տի ըլ­լայ մեր թի­րա­խը: Ռազ­մա­վա­րա­կան եւ մար­տա­վա­րա­կան մեր մօ­տե­ցում­նե­րը պէտք է յստա­կօ­րէն ճշտենք: Նոյ­նը պէտք չէ կրկնել: Ներ­կայ պայ­ման­նե­րու լոյ­սի ներ­քոյ վե­րա­տե­սու­թեան պէտք է են­թար­կենք մեր մօ­տե­ցում­նե­րը: 100­-րդ տա­րե­լի­ցը պէտք չէ նկա­տել գա­գաթ­նա­կէտ Հայ դա­տի գծով հա­րիւր տա­րի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քի հա­մար: Այն միայն գա­գաթ է եւ հե­տե­ւա­բար ա­ւե­լի բարձր գա­գաթ­ներ նո­ւա­ճե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը պէտք է մղիչ ուժ դառ­նայ Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն: Յի­շեալ մօ­տեց­ման լոյ­սի տակ ե­րեք բա­ռե­րու մէջ փոր­ձե­ցինք խտաց­նել մեր ը­նե­լիք­նե­րը` յի­շել, յի­շեց­նել եւ պա­հան­ջել:

Հա­կիրճ կեր­պով բա­ցատ­րեմ, թէ ինչ կը նշա­նա­կէ ա­նի­կա:

Ա. Հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դի կեան­քի մէջ կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի: Պատ­մու­թիւ­նը սոսկ դէպ­քե­րու ու դէմ­քե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն չէ ամ­փո­փո­ւած գիր­քի մէջ, այլ շա­րու­նա­կո­ւող եւ կեն­դա­նի ի­րա­կա­նու­թիւն: Սե­րուն­դէ ­սե­րունդ փո­խան­ցո­ւած յի­շո­ղու­թիւնն է, որ ան­ցեա­լը ան­ցած պէտք չէ դարձ­նենք, զայն պէտք է վե­րա­ծել կեն­դա­նի ու գո­յու­թե­նա­կան ներ­կա­յու­թեան: Հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւնն է, որ սե­րուն­դէ ­սե­րունդ ինք­նու­թիւ­նը կը կազ­մա­ւո­րէ եւ ա­նոնց պատ­կա­նե­լու­թեան ար­մատ­նե­րը կը զօ­րաց­նէ: Հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւնն է, որ սե­րունդ­նե­րը կ’ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի ա­պա­գան` ա­նոնց մէջ վառ պա­հե­լով ի­րենց ազ­գա­յին գե­րա­գոյն ի­դէալ­ներն ու ձգտում­նե­րը: Մի­թէ այս­պէս չե­ղաւ հա­րիւր տա­րի մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը` ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րու կեան­քին մէջ:

Բ. Անհ­րա­ժեշտ է ան­ցեա­լի մեր յի­շո­ղու­թիւ­նը վե­րա­ծել նաեւ յի­շեց­ման` ուղ­ղո­ւած մեր շրջա­պա­տին: Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած ներ­կայ աշ­խար­հը, ուր գո­յու­թիւն չու­նին ցան­կա­պա­տեր, մեզ կը պար­տադ­րէ, որ զա­նա­զան ձե­ւե­րով յի­շեց­նենք մեր շրջա­պա­տին, թէ հայ ժո­ղովր­դի դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ այդ ո­ճի­րը կը շա­րու­նա­կէ ան­պա­տիժ մնալ: Անց­նող հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք կա­տա­րո­ւած է: Քա­րոզ­չա­կան, հրա­տա­րակ­չա­կան, յա­րա­բե­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, կրօ­նա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ ե­կե­ղե­ցին, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, Հայ դա­տի մար­մին­նե­րը, վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեա­կին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք կա­տա­րե­ցին: Այս աշ­խա­տանք­նե­րը վե­րա­նո­րո­գո­ւած թա­փով պէտք է շա­րու­նա­կո­ւին, սա­կայն տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րով, մե­թոտ­նե­րով ու շեշ­տադ­րում­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ աշ­խար­հը հիմ­նո­վին փո­խո­ւած է:

Գ. Պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի դա­տի էու­թիւնն է: Մենք ոչ միայն մեր ժո­ղո­վուր­դի դէմ գոր­ծադ­րուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պէտք է յի­շենք ու  յի­շեցը­նենք աշ­խար­հին, այլ պէտք է ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջենք: Պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գով եւ մօ­տե­ցու­մով պէտք է մշա­կենք մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հետ ա­ղերս ու­նե­ցող ծրա­գիր­ներն ու ճշտենք քայ­լե­րը: Մեր մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը տա­կա­ւին կը մնան բռնա­բա­րո­ւած: Մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յու ա­րիւն թա­փած է: Մեր ազ­գա­պատ­կան, ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ան­հա­տա­կան կա­լո­ւած­նե­րը ցե­ղաս­պան թուր­քի կող­մէն բռնագ­րա­ւո­ւած են: Այս կա­ցու­թեան դի­մաց մենք չենք կրնար միայն ող­բալ, գրել ու խօ­սիլ: Պէտք է մեր ի­րա­ւունք­նե­րը պա­հան­ջենք: Մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ տրա­մա­բա­նուած, ծրագ­րո­ւած եւ պատ­մաի­րա­ւա­կան տուեալ­նե­րով ա­մուր, հե­ռու մնայ ա­մէն տե­սա­կի զգա­ցա­կան, պա­րա­գա­յա­կան եւ ժա­մա­նա­կավ­րէպ մօ­տե­ցում­նե­րով:

­Վե­հափառ տէր, ի՞նչ դաս պէտք է քա­ղենք Հա­յոց ցեղասպանութենէն  եւ 100-­րդ տա­րելիցէն ետք, ո­րոնք պէտք է ըլ­լան հայ ժո­ղո­վուր­դի քայ­լե­րը:

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ տա­րե­լի­ցի մա­սին խօ­սե­լով` մենք յա­ճախ կը յի­շեց­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դին, որ անհ­րա­ժեշտ է նա­յիլ հա­րիւ­րա­մեա­կէն այն կողմ: Այս խօս­քով, մեր ծրա­գիր­նե­րը պէտք է այն­պէս կա­տա­րո­ւին, որ մեզ ա­ռաջ­նոր­դեն 100-­րդ տա­րե­լի­ցի շրջա­գի­ծէն այն կողմ: Նեղ օ­ղակ­նե­րու մէջ պար­փակուած գոր­ծե­լը մեզ հե­ռու կը պա­հէ յա­ջո­ղու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող ճամ­բա­նե­րէն: Ինչ­պէս ար­դէն նշե­ցի 100-­րդ տա­րե­լի­ցը գա­գաթ­նա­կէտ չէ Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ, այն միայն հանգ­րո­ւան է, հանգ­րո­ւան, որ մեզ կը մղէ ան­ցեա­լը նա­յե­լու, կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը վեր­լու­ծե­լու, ար­ժե­ւո­րե­լու եւ գնա­հա­տե­լու եւ ա­պա ա­պա­գա­յա­տե­սիլ մօ­տե­ցում ծրագ­րե­լու 100-­րդ տա­րե­լի­ցէն այն կողմ: Հե­տե­ւա­բար, ինչ պէտք է ը­նել 100­-րդ տա­րե­լի­ցէն ետք:

Ա­մէ­նէն ա­ռաջ հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րը պի­տի ստի­պէ մեզ միաս­նա­կան ո­գիով եւ հա­մա­հայ­կա­կան մօ­տեց­մամբ ու ծրա­գի­րով կա­տա­րենք այս աշ­խա­տան­քը: Միայն ա­ռի­թէ ա­ռիթ քո­վե­քով չգանք ու պա­րա­գա­յա­բար մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը չար­տա­յայ­տենք: Դժ­բախ­տա­բար նման մօ­տե­ցում ու­նե­ցանք անց­նող հա­րիւր տա­րո­ւան ըն­թաց­քին: Մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է մեր կեան­քի մէջ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­նայ եւ ան պէտք է դառ­նայ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի մղիչ ու­ժը: Անհ­րա­ժեշտ է այս ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն մշա­կել:

Մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը կը դառ­նայ զգա­ցա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր, երբ ան հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան վրայ խա­րիս­խո­ւած չէ: Մեր ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յաց­նող կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, բնա­կա­նա­բար, Հա­յաս­տան պե­տու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ, պէտք է միաս­նա­բար մտա­ծեն, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է կազ­մա­կեր­պել մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման աշ­խա­տան­քը 100­-րդ տա­րե­լի­ցէն ետք: Հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ աշ­խա­տան­քի ա­ռա­ջին եւ մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր քայլն է: Հռ­չա­կագ­րին պէտք է յա­ջոր­դեն գործ­նա­կան քայ­լեր ու ճշտո­ւի քննար­կում­նե­րու եւ ծրա­գիր­նե­րու յստակ գոր­ծըն­թաց: Այս ա­ռու­մով զա­նա­զան ա­ռի­թե­րով յի­շե­ցու­ցած ենք, մեր պա­հան­ջի գի­ծով յստա­կե­ցում կա­տա­րե­լուն ա­ռըն­թեր, անհ­րա­ժեշտ է նաեւ աշ­խա­տան­քի բա­ժա­նում կա­տա­րել: Բ­նա­կա­նա­բար Հա­յաս­տա­նը իր ը­նե­լի­քը պէտք է ու­նե­նայ, Ս­փիւռ­քը` իր: Կա­տա­րե­լիք­նե­րը պէտք է ի­րար ամ­բող­ջաց­նեն եւ ներ­դաշ­նակ ըլ­լան` ու­նե­նա­լով նոյն ուղ­ղո­ւա­ծու­թեան նպա­տա­կա­կէ­տը: Վեր­ջա­պէս, ինչ կը վե­րա­բե­րի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան խոր­քին ու բնոյ­թին, կը կար­ծենք, որ ժա­մա­նակն է, որ մեր աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ կի­զա­կէ­տը դառ­նայ ի­րա­ւա­կան ո­լոր­տը: Բ­նա­կա­նա­բար, յի­շե­լու եւ յի­շեց­նե­լու մեր աշ­խա­տանք­նե­րը պէտք է շա­րու­նա­կո­ւին, սա­կայն մե­ծա­պէս անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր դա­տը մուտք գոր­ծէ ի­րա­ւա­կան դաշտ: Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ Հայ դա­տի մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ կ’ը­սէինք` այժ­մէա­կա­նու­թիւն, քա­ղա­քա­կա­նա­ցում եւ մի­ջազ­գայ­նա­ցում: Այս ուղ­ղու­թեամբ գնա­հա­տե­լի աշ­խա­տանք է կա­տա­րո­ւած: Այս գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կե­լով հան­դերձ անհ­րա­ժեշտ է ծրագ­րո­ւած կեր­պով եւ հանգ­րո­ւա­նա­յին մօ­տե­ցում­նե­րով մուտք գոր­ծել ի­րա­ւա­կան դաշտ: Սա­կայն պէտք է ըլ­լալ ի­րա­տես, այս բնա­գա­ւա­ռը այն­քան ալ վար­դա­գոյն պատ­կե­րով չի ներ­կա­յա­նար: Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի տո­ւեալ­նե­րը այն­քան ալ մեր դա­տին ի նպաստ չեն: Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը նոյն­պէս: Այս դառն ի­րա­կա­նու­թեա­նը հա­կա­ռակ, պէտք չէ ու­նե­նալ պար­տուո­ղա­կան ո­գի եւ կրա­ւո­րա­կան մօ­տե­ցում, այլ քա­ջու­թիւն ի­րա­ւա­կան ո­լոր­տի մէջ գործ­նա­կան քայ­լե­րու դի­մե­լու հա­մար: Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան առ­նե­լիք ի­րա­ւա­կան քայ­լը այս նպա­տա­կը կը հե­տապն­դէ: Ինչ­պէս գի­տէք, շուրջ ե­րեք տա­րի մենք լծո­ւած ենք յա­տուկ աշ­խա­տան­քի: Ի­րա­ւա­կան թղթած­րար կը պատ­րաս­տենք` պա­հան­ջե­լու Սի­սի մեր պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը:

Այս քայ­լին պէտք է յա­ջոր­դեն մեր ազ­գա­պատ­կան ու ան­հա­տա­կան կալուած­նե­րու պա­հան­ջը: Սա­կայն ա­սի­կա դիւ­րին գործ չէ:

Այն հե­տե­ւո­ղա­կան ու լուրջ աշ­խա­տանք պի­տի պա­հան­ջէ նաեւ նիւ­թա­կան լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն: Հե­տե­ւա­բար, 100-­րդ տա­րե­լի­ցէն ետք այս ուղ­ղու­թեամբ պէտք է անհ­րա­ժեշտ գործ­նա­կան քայ­լե­րու դի­մենք: Անհ­րա­ժեշտ է մեր ար­խիւ­նե­րը քննել, ու­սում­նա­սի­րել, կազ­մել մեր կո­րուստ­նե­րը եւ ու­սում­նա­սի­րել այդ հար­ցի առն­չու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րը: Այս ող­ղու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն գնա­հա­տե­լի աշ­խա­տանք կա­տա­րո­ւած է: Անհ­րա­ժեշտ է այդ աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գով ա­ւե­լի լայն հիմ­քի վրայ դնել եւ աշ­խա­տան­քի գոր­ծըն­թա­ցը ճշտել: Այս ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան դե­րը խիստ կա­րե­ւոր է: Ան ա­ռաջ­նոր­դո­ղի դեր պէտք է ստանձ­նէ, քա­նի որ հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­տի ի­րա­ւա­տէ­րը Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնն է:

Ին՞չ կա­րե­լի է ակն­կա­լել մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թե­նէն Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման­հար­ցի առն­չու­թեամբ: Ար­դեօ՞ք այս հար­ցի առըն­չու­թեամբ նոյն­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք էա­պա­ւի­նի սե­փա­կան ու­ժե­րուն:

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ըն­թաց­քը բնա­կա­նոն կեր­պով պէտք է շա­րու­նա­կո­ւի: Ո­րոշ պե­տու­թիւն­ներ ճանչ­նա­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մեր կող­քին կանգ­նած են, միւս­նե­րը Թուր­քիոյ հետ շա­հե­րէն կամ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մեկ­նե­լով կամ կրօ­նա­կան զգաց­մունք­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով այս հանգ­րո­ւա­նին պաշ­տօ­նա­պէս չեն ճանչ­ցած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Սա­կայն մենք վստահ ենք, որ ա­նոնք ալ ներ­քուստ մե­զի հետ են: Ա­նոնք շատ լաւ գի­տեն, որ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն է: Հե­տե­ւա­բար, մեր մօ­տե­ցու­մը այդ պե­տու­թիւն­նե­րու ու կա­ռոյց­նե­րու նկատ­մամբ պէտք է ոչ թէ ժխտա­կան, այլ բա­րե­կա­մա­կան ըլ­լայ, միշտ յի­շեց­նե­լով ա­նոնց մեր ակն­կա­լիք­նե­րու մա­սին:

Եր­բեք չմոռ­նանք, որ իւ­րա­քան­չիւր պե­տու­թիւն կը գոր­ծէ մեկ­նե­լով իր շա­հե­րէն: Հե­տե­ւա­բար, հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է իր սե­փա­կան ու­ժե­րուն ա­պա­ւի­նի: Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի պատ­գա­մը յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թեան վե­րա­հաս­տա­տումն է. “ով հայ ժո­ղո­վուրդ, քո միակ փրկու­թիւ­նը քո հա­ւա­քա­կան ու­ժի մէջ է”: Ա­յո՛, մեր հզօ­րու­թիւ­նը մեր միաս­նա­կա­նու­թեան ու սե­փա­կան ու­ժի մէջ է: Մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը, Հա­յաս­տա­նի հզօ­րա­ցու­մը, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ամ­րապն­դու­մը, Հա­յաս­տան­-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապն­դու­մը մեր սե­փա­կան ու­ժի հիմքն են: Պէտք է մեր ազ­գին ու հայ­րե­նի­քը, մեր սե­փա­կան տան հիմ­քը պա­հենք ա­մուր ու զօ­րեղ` հա­մախմ­բո­ւե­լով մեր գե­րա­գոյն եւ ընդ­հան­րա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ ի­տէալ­նե­րու շուրջ: Սա մեզ կը թե­լադ­րէ մեր դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը: