«­Հո­րի­զոն» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Վա­հագն Գա­րա­գա­շեան հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցած է Հ­րանդ Տին­քի գոր­ծով պաշտ­պան փաս­տա­բան Ֆե­հի­յէ Չե­թի­նի հետ, երբ վեր­ջինս Գա­նա­տա հրա­ւի­րո­ւած էր իբ­րեւ Տին­քի ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր բա­նա­խօս։ Հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Ոս­կան Հա­զա­րա­պե­տեան ստանձ­նեց թարգ­մա­նի­չի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։

 

 

Կր­նա՞ք մե­զի ներ­կա­յաց­նել Հ­րանդ Տին­քի դա­տա­կան հար­ցին վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը։

Ֆեթ­հի­յէ Չե­թին.- Բո­լորս գի­տենք, որ ա­րար­քը կա­տա­րող­նե­րը ներ­կա­յիս բան­տար­կո­ւած ե­րի­տա­սարդ­ներն էին, սա­կայն ո­ճի­րին ե­տին կանգ­նող­նե­րը գիտ­նա­լու հա­մար, ու­թը տա­րիէ ի վեր կ­՚աշ­խա­տինք։ Մենք գի­տենք, որ ա­րար­քին ե­տին կանգ­նող­ներն են Թր­քա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­ներն (MIT) ու զի­նո­ւո­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը, եւ մենք կ­՚աշ­խա­տինք, որ այդ մէ­կը փաս­տենք։ Պե­տու­թիւ­նը, այս բո­լո­րը գիտ­նա­լով հան­դերձ, այդ կա­ռոյց­նե­րու պաշ­տօ­նեա­նե­րու դա­տա­կան հե­տապն­դու­մը ար­գե­լա­կեց։ Երբ մեր դի­մաց դռնե­րը փա­կո­ւե­ցան, մենք դի­մե­ցինք եւ­րո­պա­կան դա­տա­րան­նե­րուն, ո­րոնց վճիռ­նե­րուն հի­մամբ յա­ռաջ շար­ժե­ցանք։ Դա­տա­վա­րու­թեան 8րդ տա­րին ենք եւ այժմ ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն դէմ դատ կը բա­ցո­ւի։ Վեր­ջերս ոս­տի­կան­նե­րու հար­ցաքն­նու­թիւն­նե­րէն ի յայտ ե­կաւ, որ ճշմար­տու­թիւ­նը թաք­ցո­ւած է։ Ձեր­բա­կա­լո­ւած եր­կու ոս­տի­կան­ներ այժմ, «մենք չենք, այլ ա­նոնք են», ը­սե­լով, կը մատ­նեն ու­րիշ­նե­րը, եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ սկսած են բա­ցա­յայ­տո­ւիլ այլ գաղտ­նիք­ներ։

Ա­ռայժմ այդ ոս­տի­կան­նե­րը միայն հար­ցաքն­նու­թեան կ­՚են­թարկուին եւ ա­նոնց դէմ դատ չէ բա­ցո­ւած, եւ մենք այդ մէ­կը կա­տա­րե­լու հա­մար կը սպա­սենք հար­ցաքն­նու­թեան ա­ւար­տին։

Սա­կայն մենք այս­տեղ եր­կու մտա­վա­խու­թիւն ու­նինք. ա­ռա­ջի­նը՝ միայն եր­կու ոս­տի­կան­նե­րուն վրայ կեդ­րո­նա­նա­լով, այս հար­ցի փա­կումն է։ Ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու նկատ­մամբ տա­կա­ւին ո­չինչ կա­տա­րո­ւած է։ Երկ­րորդ մտա­վա­խու­թիւ­նը կը բխի վեր­ջին վեց ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին Կիւ­լե­նա­կան շար­ժու­մին ու Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան (AKP) մի­ջեւ հա­կա­մար­տու­թե­նէն, ո­րով­հե­տեւ մենք կը տես­նենք, որ աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի Տին­քի սպա­նու­թեան յան­ցան­քը բեռց­նե­լու այդ շար­ժու­մին ան­դամ կամ հա­մա­կիր ոս­տի­կան­նե­րու ու­սե­րուն։ Մենք մտա­հոգ ենք այն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ Հ­րանդ Տին­քի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը կ­՚օգ­տա­գոր­ծո­ւի Էր­տո­ղան-­Կիւ­լեն հա­կա­մար­տու­թեան մէջ։ Մենք աշ­խա­տանք կը տա­նինք, որ Տին­քի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը այդ հա­կա­մար­տու­թեան զո­հը չդառ­նայ եւ ժո­ղո­վուր­դին ցոյց տանք, որ ա­նի­կա այդ հա­կա­մար­տու­թեան չէ առն­չո­ւած։

15 տա­րի ա­ռա­ջո­ւան (նախ­քան Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան իշ­խա­նու­թեան գա­լը) եւ ներ­կայ օ­րե­րուն մի­ջեւ բաղ­դա­տա­կան մը կա­տա­րե­լով՝ խօս­քի ա­զա­տու­թեան հար­ցով ի՞նչ տար­բե­րու­թիւն կայ, եւ ար­դեօք Թուր­քիոյ մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի՞։ Իսկ նոր սե­րուն­դը տե­ղեա՞կ է պատ­մու­թե­նէն։

15 տա­րի ա­ռաջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին կա­րե­լի չէր խօ­սիլ։ Այդ ժա­մա­նակ «ես քիւրտ եմ ը­սո­ղին» ալ գլխուն փոր­ձանք կու գար։ 2004ին, Հ­րանդ Տին­քը Ա­թա­թուր­քին որ­դե­գիր դուստ­րը՝ Սա­պի­հէ Կէօք­չե­նը հայ է ը­սե­լուն հա­մար թի­րա­խի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ։ Ա­տե­նօք ռազ­մա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հար­ցե­րուն նկատ­մամբ ա­ւե­լի խիստ կե­ցո­ւածք ու­նէր։ Այ­սօր ար­դէն կա­ցու­թիւ­նը փո­խո­ւած է եւ 24 Ապ­րի­լին 23 քա­ղաք­նե­րու մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չում տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ։ Թր­քա­կան պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան մը նշեց, որ Հ­րանդ Տին­քի մա­հը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է։ Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ մար­դիկ պատ­մու­թեան հետ սկսած են ա­ւե­լի ա­ռե­րե­սո­ւիլ։ Ներ­կա­յիս, մա­նա­ւանդ քիւրտ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րուն հա­մար, պատ­մու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւի­լը շատ կա­րե­ւոր է։ Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին՝ մամ­լոյ ա­զա­տու­թիւ­նը ճնշո­ւած ու շատ սահ­մա­նա­փակ է։ Էր­տո­ղան ամ­բողջ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կ­՚ու­զէ առ­նել իր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ։

Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր շատ կը խօ­սո­ւի «թա­քուն հայ»ե­րու մա­սին։ Ձեր կար­ծի­քով՝ Թուր­քիոյ մէջ «թա­քուն հայ»ե­րու մօ­տա­ւոր թո­ւա­քա­նա­կը ի՞նչ է։

Կը խօ­սո­ւի, որ ա­նոնց թի­ւը ա­ւե­լի քան 300 հա­զար է։ Ես կ­՚այ­ցե­լեմ այդ­պի­սի ըն­տա­նիք­նե­րու եւ կը տես­նեմ, որ այդ­պի­սի ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ ար­դէն թոռ­նե­րու թի­ւը 8-9 անձ է։ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ, Է­լա­զի­կի եւ Խար­բեր­դէն հա­րաւ գո­յու­թիւն ու­նին գիւ­ղեր, ո­րոնց ամ­բողջ բնա­կիչ­նե­րը թա­քուն հա­յե­րու թոռ­նիկ­ներն են։ Այժմ այս մար­դի­կը ի­րենք զի­րենք ի՞նչ կը նկա­տեն։ Ո­մանք կ­՚ըն­դու­նին եւ կը պրպտեն ի­րենց հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րը, ու­րիշ­ներ կ­՚ը­սեն, որ ի­րենց մեծ հայ­րը կամ մեծ մայ­րը հայ ե­ղած է, սա­կայն ի­րենք քիւրտ են, իսկ ու­րիշ­ներ ալ՝ թուր­քէն ա­ւե­լի թուրք ե­ղած են։ Ա­նոնց թի­ւը մեծ է, սա­կայն տե­սակ­ներն ալ շատ են։ Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ ո­րու հետ որ խօ­սինք, ան­պայ­ման կը գտնենք մէ­կը, ո­րուն նա­խա­հայ­րե­րէն մէ­կը հայ է։