Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը 2014ին առաջին անգամ ըլլալով աղջիկներ ընդունած է։ «Մետիամաքս» ներկայացուցած է զինուորական ասպարէզը իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրած եօ
թը աղջիկները, որոնցմէ մէկն է Մարիամ Վարդանեան:
Ան 17 տարեկան է։ Ծնած եւ մեծցած է Արագածոտն մարզի Ոսկեվազ գիւղին մէջ։ Մարիամ ռազմական հիմնարկ ընդունուելու եւ զինուորական ծառայութեան անցնելու որոշումը տուած է «Նախնական զինուորական պատրաստութիւն» դպրոցական նիւթը ուսանելու առաջին իսկ օրէն։ 2011էն սկսեալ մասնակցած է ռազմամարզական ողիմպիականներուն։
«Զինուորական գործի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը երթալով կ՚աճէր։ Պէտք է նշեմ, սակայն, որ ռազմական հիմնարկէն դուրս չկայ այն խորին գիտակցութիւնը, թէ զինուորականը իր ուսերուն ի՜նչ պատասխանատուութիւն կը կրէ։ Որքան ալ սիրես այս գործը, միեւնոյնն է, առանց համազգեստ կրելու՝ չես կրնար լիարժէք կերպով զգալ ատոր պատիւն ու կարեւորութիւնը»,- Կ՚ըսէ Մարիամ:
Իր կարծիքով՝ զինուորական գործին մէջ սեռային տարբերութիւնը կարեւոր չէ. կարեւորը հայրենիքին զօրակցիլն է։
«Մասնագիտութեանս ընտրութիւնը հայերնասիրութեանս լաւագոյն դրսեւորումը կը համարեմ»։
Մեր հերոսուհին ընտրած է թնդանօթաձիգի մասնագիտութիւնը։ Կը կարծէ, որ հետագային պիտի փոխէ մասնագիտական ուղղուածութիւնը՝ դառնալով հետախոյզ։ Մինչեւ ռազմական հիմնարկին մէջ ուսանիլը, Մարիամ տարբեր մրցումներու ծիրին մէջ պարգեւատրուած է մրցանակներով ու պատուոյ գիրերով՝ «Լաւագոյն հրաձիգ», «Աղջիկներու մէջ խիզախ մասնակից», Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ խրախուսուած է զինուորական կարգապահութեան եւ մարտավարութեան համար։
«Այդ ամէնուն շնորհիւ ընտանիքիս մօտ ձեւաւորուեցաւ վստահութիւն առ այն, որ կրնամ դառնալ զինուորական եւ ապագայ ունենալ։ Մայրս միշտ կ՚ըսէր, որ ասիկա աղջկայ մասնագիտութիւն չէ, եւ ճանապարհին դժուարութիւններ կրնան ըլլալ, սակայն գիտակցելով, որ նպատակի գոյութեան պարագային արգելքները միայն կը խոչընդոտեն ատոր կայացումը, ընտանիքս փորձեց օգնել եւ առաջնորդել զիս այստեղ։ «Ճիշդ հիմա կը զգանք՝ ի՞նչ է հպարտութիւնը»,- հիմնարկին մէջ կայացած երդման արարողութենէն ետք ըսաւ մայրս»։
Զինուորականին համար միջակութիւն գոյութիւն չունի
Ռազմական գործին մէջ դժուարութիւնները շատ կան։ Սկսնակի համար յատկապէս բարդ է օրուան կարգացուցակին յարմարիլը։
«Երբ արդէն կը կրես համազգեստիդ տուած պատասխանատուութիւնն ու պատիւը, դժուարութիւնները կը չքանան։ Զինուորականին համար միջակութիւն գոյութիւն չունի. պէտք է ըլլաս լաւագոյնը»։
Մարիամն ու վաշտի միւս ուսանող աղջիկները կը բնակին զօրանոցէն դուրս՝ առանձին կացարաններու մէջ։ Այստեղ օրը կատարելապէս տարբեր է քաղաքացիական կեանքէն։ Ուսանողներու ամէն մէկ վայրկեանը հաշուուած է։ Աղջիկները օրը կը սկսին վեր-կացով՝ առաւօտեան ժամը 6։00ին, որուն կը յաջորդեն ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը, դասերը, ինքնապատրաստութիւնը…Օրը կ՚աւարտի 22։30ին՝ երեկոյեան։
«Երբեք ինքզինքս այսքան աղջիկ չեմ զգացած, որքան այստեղ»
«Քաղաքացիական կեանքէն ու հագուստէն զինուորականին անցումը սկիզբը բաւական անսովոր էր։ Պէտք էր մէկ անգամէն մէկ կողմ դնել աղջիկներու յատուկ սովորութիւններն ու զարդարանքները՝ մտնելով նոր կերպարի մէջ։ Հիմա արդէն ինքզինքս աւելի ներդաշնակ կը զգամ զինուորական համազգեստով, քան քաղաքացիական հագուստով»։
Ընտանիք կազմելու եւ զայն զինուորական գործի հետ համադրելու բարդութեան մասին Մարիամին շատ կը հարցնեն։ Պատասխանը նոյնն է.- «Իւրաքանչիւր տղու պէտք է հաճելի ըլլայ իր կողքին ունենալ հայրենիքի պաշտպանութեան գիտակցումը ունեցող կին»։ Հարիւրաւոր տղոց հետ սորվելու եւ ծառայելու դժուարութիւններու մասին հարցումը եւս յստակ պատասխան ունի.-
«Թերեւս քիչ մը կոպիտ հնչէ, սակայն երբեք ինքզինքս այսքան աղջիկ չեմ զգացած, որքան ծառայութեան տարիներուն։ Այսքան տղոց մէջ եօթը աղջիկներս շուտով աչքի կը զառնենք, ինչ որ կը ստիպէ աւելի ցայտուն արտայայտել աղջկական ճիշդ կեցուածքն ու կոկիկութիւնը՝ այդպիսով դրական ազդեցութիւն գործելով նաեւ տղոց կեցուածքին վրայ»։
Զրուցավար՝ Սիրանուշ Եղիազարեան