Յունուար 25ին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 69 տարեկանին մահացաւ յոյն հանրայայտ երգիչ Տեմիս Ռուսոս։ Տեմիս Ռուսոս համաշխարհային ծանօթ երգերու հեղինակ է՝ Goodbye my Love, Goodbye, Forever and Ever, From Souvenirs to
Souvenirs, My Only Fascination եւ այլն։ Անոր ալպոմները վաճառուած են 60 միլիոն օրինակով։ Ան կþապրէր Յունաստան, բայց բնակարան ունէր նաեւ Ֆրանսա։
1999ին ան Հայաստան գտնուեցաւ։ 2010ին Մոսկուայի մէջ ստացաւ Տաշիր փառատօնի մրցանակը՝ հայերու սիրուած արտասահմանեան երգիչ անուանակարգով։
Սպանաբնակ լրագրող Արթուր Ղուկասեան 2008ին հարցազրոյց մը ունեցաւ երգիչին հետ, անոր տան մէջ։ Կը ներկայացնենք այդ զրոյցէն հատուած մը.-
¬Քանի որ անդրադարձաք իմ ազգային պատկանելիութեան, կ'ուզէի որ հայաստանեան ձեր տպաւորութիւնները ըսէիք:
-Իմ ծանօթութիւնը Հայաստանի հետ նախ հայերէն երգերով սկսաւ։ Բնականաբար, լեզուն չեմ գիտեր, խօսքերը չէի հասկնար, բայց երաժշտութիւնը որոշ պարագաներու շատ բան կþըսէր:
-Յետոյ հրաւէր մը ստացաք Երեւան գալու համերգի մը համար:
-Այդ նոյն ժամանակահատուածին մի քանի հրաւէրներ ստացայ, բայց նախընտրեցի, այո՜, Հայաստանը: Ինձ համար կ'երթայ…
-Ի՞նչ կ'ուզէք ըսել:
-Կ'ուզեմ ըսել, որ ես այլեւս հասած եմ աստիճանի մը, որ ես կþորոշեմ եւ իմ սրտի թելադրանքը կը լսեմ: Կախում չունի աւելի կամ պակաս շահաւէտ առաջարկութիւններէն եւ ընտրեցի Երեւանը:
-Շատ լա՛ւ: Վայրէջք կատարեցիք Երեւան ե՞ւ…
-Օ՜, ես շատ լաւ տպաւորութիւններով ծանրաբեռնուած ետ եկայ: Հրաշալի ժողովուրդի մը զաւակն ես, Արթօ (ինձ Արթօ կը կոչէր միշտ - Ա.Ղ.): Բոլորը, որոնց հետ ալ որ հանդիպեցայ, հոյակապ մարդիկ էին:
-Ըսիր, որ հայկական երաժշտութիւնը որոշ պարագաներուն քեզ շատ բան կþըսէր։ Ո՞ր պարագաներուն։
-Օրինակ, ինձ տարին ձեր գլխաւոր եկեղեցին՝ անունը հիմա չեմ յիշեր...
-Սուրբ Էջմիածին:
-Չեմ գիտեր: Ես լսեցի այնտեղ պատարագը: Բացի այդ պատարագէն, իմ վրայ անջնջելի տպաւորութիւն թողեց նաեւ երգչախումբը: Ես կը վստահեցնեմ քեզ, որ այն աշխարհի լաւագոյն երգչախումբերէն մէկն է:
Յաջորդ տեսարանը, որ ինձմէ անկախ մէկ-մէկ կը յիշեցնէ իր մասին՝ սահմանամերձ բնակավայր մըն էր, որմէ միւս կողմը՝ Թուրքիան է: Ինձ վանք մը տարին, ուր կրօնաւորներ կային եւ ուխտաւորներ: Այդ վանքն ալ ուժեղ կերպով տպաւորուած է մէջս:
-Մէկ խօսքով, համերգէն բացի հնարաւորութիւն ունեցաք նաեւ որոշակիօրէն ծանօթանալու մեր երկրին հետ:
-Այո՛, ես իրօք շատ լաւ ժամանակ անցուցի հոն: Չմոռնամ նշելու, նաեւ, թէ որքան գեղեցիկ են հայուհիները եւ որքան հիւրասէր բոլոր անոնք, որոնց հետ հանդիպած էի: Հայուհիներու հարցով չեմ չափազանցեր:
-Այդ տպաւորութիւնները յոյս կը ներշնչեն, որ դարձեալ կþայցելէք Հայաստան…
-Նկատի ունեցիր, որ նախքան իմ հոն երթալս լաւ տեղեակ էի, թէ ի՛նչ կարգի տնտեսական ու այլեւայլ խնդիրներու առջեւ կանգնած է Հայաստանը, բայց ինձ համար կարեւորը այն չէր, թէ ես ի՛նչ կը ստանայի հոն, այլ ա՛յն, թէ ի՞նչ կþուզեմ հոգիովս: Մէկ խօսքով, ատիկա իմ փափաքս էր…
-Եթէ Հայաստան երթաս, այս անգամ ես ալ քեզ պիտի միանամ,¬ ըսի անոր մեր վերջին զրոյցին ընթացքին:
Կ'երեւի գիտէր, որ երկրորդ անգամ պիտի չըլլար…
Արթուր Ղուկասեան
Վալենսիա¬Սպանիա
«ՕՐԵՐ»