Յունահայ գաղութը հարուստ եղած է միշտ թատերական ներկայացումներով, մանաւանդ հին տարիներուն ընթացքին: 1924 թուականէն սկսեալ Պոլիսէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն, Պալքանեան թերակղզիէն անուանի դերասանապետներ

ու թատերախումբեր այցելած են Յունաստան եւ փայլուն ներկայացումներ տուած դասական կամ իրենց ժամանակակից թատրերգութիւններով:1950ական թուականներէն ետք Յունաստանի հայ թատրոնի բեմերուն վրայ փայլած են ծանօթ դերասանապետներ գլխաւորութեամբ Արշաւիր Գազանճեանի, որու անունը  ներկայիս կը կրէ Համազգայինի թատերական միաւորը:
Հայ մշակոյթը պահպանելու, հայ լեզուով մկրտուելու, երիտասարդ ուժերը քաջալերելու եւ նոր շունչով հաղորդուելու այս փորձը, ճիգ մըն է վստահաբար  որ կը գնահատուի թատերասէր մեր հայրենակիցներուն կողմէ:
Այս շաբաթավերջին Աթենահայութիւնը առիթը պիտի ունենայ վայելելու Կիպրոսի Օշական մասնաճիւղի «Դիմակ» թատերախումբի ներկայացումը՝ «Դրախտին ճամբան գիտէ՞ք» խորագրով եւ Նաթաշա Թաւուգճեանի հեղինակութեամբ ու բեմադրութեամբ:
Արդէն Աթէնք կը գտնուին բեմադրիչն ու դերասանները, որ Կիպրոսէն ժամանեցին մեր մօտ, յատկապէս ներկայացնելու համար խելացի այս կատակերկութիւնը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց ասկէ առաջ Կիպրոսի մէջ ներկայացման առիթով:
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը դիմեց Նաթաշա Թաւուգճեանին, խնդրելով որ մեր ընթերցողներուն բացատրէ թէ ի՞նչ թեմաներ կը շօշափէ «Դրախտին ճամբան գիտէ՞ք» թատերական ներկայացումը:
Տաղանդաշատ երիտասարդուհի Նաթաշա Թաւուգճեանը կը բացատրէ թէ տուեալ կատակերգութիւնը փորձ կը կատարէ զուարթախոհութեան եւ կատակաբանութեան սահմաններու մէջ դիտել  սփիւռքի հայ գաղութներու ներկայի իրավիճակը, հոն տիրող տարբեր երեւոյթները (որ առատ խնդուք կը պատճառեն իրենց ներկայացման ձեւով), իրարու հանդէպ դրսեւորուող  քաղաքական անհանդուրժողութեան մթնոլորտը, կուսակցութեանց միջեւ տարբերութիւնները եւ անհասկացողութիւնները:
«Այս թատրերգութիւնը ուղղուած է բոլորին, յատկապէս դիտել տալու համար թէ երբեմն երկրորդական հարցեր կեդրոնականի կը վերածենք, մոռնալով շեշտակին ու հրամայականը» կ'ըսէ Նաթաշա:

 

«Կը սիրեմ խնդալ, եւ մարդոց ալ զուարճացնել,
ուրեմն այս նիւթերը միշտ ալ իրենց զաւեշտալի կողմերէն կը ներկայացնեմ»

Այս թատրերգութիւնը ձեր հեղինակած երկրորդ կտորն է: Առաջին ձեր գործը՝ «Կէս հայ in LA» մեզի ենթադրել կուտայ թէ սփիւռքի հայկական գաղութներու առօրեային անդրադարձող նիւթեր ձեզ կը յուզեն: Ո՞րն է շարժառիթը այս պարագային:

Շատ կը ճամբորդեմ: Մանաւանդ Ամերիկա գտնուելու յաճախակի առիթներ ունեցած եմ: Եւ միշտ կը զարմանամ տեսնելով հոն հայերուն վիճակը, ուր կը կարծես թէ իրենց երկիրը անոնք երբեք չեն ձգած, ըլլայ Լիբանան, Սուրիա, կամ Հայաստան: Անոնք պայքար կը տանին, փորձելով չձուլուիլ օտարութեան մէջ, փորձելով պահել հայկական ինքնութիւնը: Ամէն ընտանիք տառապանք մը կÿապրի, մանաւանդ երբ պահը կուգայ ամուսնանալու: Այդ կատակերկութիւնս կը վերաբերէր տուն մնացած աղջկայ մը, որու ծնողքը ոեւէ մէկը յարմար չէր գտած, ամուսնացնելու համար իր դուստրը: Բայց ես կը սիրեմ խնդալ, եւ մարդոց ալ զուարճացնել, ուրեմն այս նիւթերը միշտ ալ իրենց զաւեշտալի կողմերէն կը ներկայացնեմ, որպէսզի մարդիկ ծանր չ'առնեն ամէն ինչ:

Ի՞նչ հանգրուաններէ անցաւ նախապատրաստական գործը:

Օգտագործած ենք կիպրահայ համայնքի սիրողական դերասաններու փաղանգէն ամենակարող եւ ամենափորձառու դերակատարները, անոնց կարողութիւններուն եւ փորձառութեան վրայ աւելցնելով նորածիլ տաղանդներ, որոնք խոստմնալից տարրեր են համայնքի՝ ապագայ թատերական կեանքին համար։ Դուք ալ պիտի տեսնէք, եւ պիտի հաստատէք թէ իւրաքանչիւր անձ շատ ճիշդ է իր ստանձնած դերին մէջ:
Ես անձնապէս կը զբաղիմ մեր ընտանեկան գործին մէջ, երկար ժամեր: Այսուհանդերձ, ճիշդ է որ կ'ըսեն թէ՝ եթէ ուզես բան մը ընել ժամանակը կը գտնես: Ինծի ալ այս գաղափարները կուգան  եւ կ'ուզեմ իմ մտածումներս եւ տեսանկիւնս յայտնել ժողովուրդին: Կը սիրեմ պատմութիւն պատմել, կը սիրեմ կատակներ ընել: Անշուշտ դդժուար է, մանաւանդ երբ կը փորձես 11 դերասան քով-քովի բերել, իրենց ունեցած շատ կարճ ազատ ժամանակին ընթացքին: Մի քանի քիլօ կը կորսնցնես, կը վազես, կը մտահոգուիս, բայց երբ ժողովուրդը ուրախութեամբ կ'ընդունի եւ կը քաջալերէ քու գործը, արդէն մեծագոյն վարձատրութիւնն է:
Ես նախապէս շատ թատրերգութիւններու մէջ դերեր վերցուցած էի, բայց ուրիշ է անշուշտ, երբ քու գործիդ վրայ կ'աշխատիս, տարբեր, արդիական նիւթերով:
«Դիմակ» թատերախումբը շատոնց կը գործէ Կիպրոսի մէջ եւ բոլորը մեծ խանդավառութեամբ կը կատարեն այս գործը: Աւելի քան 10 կտորներ ներկայացուցած ենք, բայց ամէն տարի գրեթէ կը փորձենք նոր կտոր մը ներկայացնել, միշտ տարբեր դերասաններով:

Նաթաշա Թաւուգճեան ծնած է 1973ին Պէյրութ, Լիբանան: 1985ին ընտանիքին հետ հաստատուած է Կիպրոս եւ յաճախած Մելգոնեան հաստատութիւնը, մինչեւ 1990: Հակառակ թատրերգութիւն ուսանած չըլլալուն, թատրոնը իրեն համար մեծ հաճոյք մըն է: Շուրջ ութ բեմադրութիւններու մէջ դերեր ստանձնելէ ետք, ան որոշեց իր թատերակը գրել, որ ներկայացուեցաւ 2011ին («Կէս հայ in L.A.» խորագրով), Համազգայինի «Դիմակ» թատերախումբին կողմէ: 2013ին ան գրեց իր երկրորդ թատերակը, որու առաջին ներկայացումը եղաւ Կիպրոսի մէջ: