
Այս տարուան թելեթոնի մեր նպատակն է՝
ամբողջացնել Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու կառուցումը
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղը այս տարի եւս կը կազմակերպէ երկօրեայ հեռախօսային թելեթոն, մասնակցութիւն բերելով համա-եւրոպական եւ համազգային նուիրահաւաքի արշաւին, ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի:
Այս տարուան թելեթոնի գլխաւոր առաջադրանքը՝ Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու կառուցումը իր աւարտին հասցնելու համար գումարներու գոյացումն է:
Այս հարցերու մասին «Ազատ Օր»ին խօսեցաւ Յունաստանի մասնաճիւղի ատենապետ Վաչէ Տէր Կարապետեանը:
Ո՞ր նպատակին համար եւ ինչպէ՞ս իրագործուեցաւ անցեալ տարուան ֆոնեթոնը:
Հիմնական ծրագիրը Վարդենիս-Մարտակարտ ճանապարհի կառուցումն է: Ճանապարհի ընդհանուր երկարութիւնը մօտ 116 քիլոմեթր է, որու 22ը արդէն պատրաստ է:
Ճանապարհի հողային բաժինը գրեթէ լրիւ ամբողջացած է, կամուրջներ շինուած են կամ ամրացուած են, ոլորապտոյտ շրջաններուն մէջ հարկ եղած պայթիւնները իրականացած են (բնութիւնը պաշտպանելու ամենայն ուշադրութեամբ), այսինքն՝ առաջին փուլը լրիւ ամբողջացած է: Այդ որ կը մնայ ճանապարհի ասֆալտապատումն է: Ըսեմ նաեւ թէ ձմրան ամէնէն խիստ ամիսներուն ընթացքին, օդային անբարենպաստ պայմաններուն պատճառով, կարճ ժամանակով դադար կ"առնեն աշխատանքները, որ դարձեալ կը վերսկսին գարնան:
Ճանապարհի շինութիւնը բաւական բարդ գործընթաց է, այն իմաստով որ մեծ ուշադրութեամբ կատարուած են կամուրջներու ամրացման, կամ ճամբու լայնացման աշխատանքները, նկատի առնելով թէ միայն ինքնաշարժներ կամ հանրակառքեր պիտի չանցնին անկէ, այլ ինչպէս անցեալին ալ նշած ենք, կարեւոր է զօրքին համար ալ օգտագործելի պահել այս ճանապարհը:
Անցեալ տարի կարողացանք հաւաքել շուրջ 22 միլիոն 600 հազար տոլար, որ մեծ մասամբ լրացուց ճանապարհի շինութեան ծախսը:
Երկու խօսք կ'ուզեմ ըսել, բոլոր անոնց, որոնք կ'ըսեն թէ «այսքա՜ն դրամ կը տրուի ճանապարհի մը շինութեան համար»: Ասկէ 10-12 տարիներ առաջ նոյն հարցը դրուեցաւ Գորիս տանող ճանապարհին համար, որ Լաչինի միջոցաւ Հայաստանը կը կապէր Ղարաբաղին: Այն ժամանակ միա՛կ ճանապարհն էր: Այն ճանապարհը ժամանակին արժեց 11 միլիոն տոլար: Առաջին մեծ ծրագիրն էր, որովհետեւ փոքրիկ-փոքրիկ ծրագիրները միշտ ալ ընթացքի մէջ էին (ջրամատակարարման, դպրոցներու շէնքային թէ ջեռուցման, բնակարաններու, գիւղերու ծրագիրներ): Ուրեմն, այս տարիներուն ընթացքին, շինութեան 11 միլիոնին դիմաց, մօտ 45 միլիոն դրամ ծախսուած է շրջանները այցելած զբօսաշրջիկներէն, կամ շրջակայ գիւղերուն մէջ ապրող մարդոց վաճառական կարողականութիւններէն: Գիւղերը զարգացած են, մարդիկ եկած-գացած են, հիւրեր ընդունած են, ճաշ կերած են, գնումներ ըրած են, վերջապէս ամբողջ շրջանը եւ բնակչութիւնը ուղղակիօրէն ազդուած են ճանապարհի գոյութենէն: Կարծեմ, որ շատ պարզ է թէ որքան արժէք կը ներկայացնէ ճանապարհին կառուցման ծրագիրը: Նոյնպէս համոզուած եմ ներկայի ծրագիրի օգտակարութեան համար: Այս ճամբու աջ ու ձախ կողմերը, մօտաւորապէս 2-3 քիլոմեթրի վրայ կան բազմաթիւ գիւղեր՝ Դրմբոն, Կոճողուտը, Վերին Հոռաթաղը, Վաղուհասը, Հաթերքը, Գետավանը, Չափարը, Խնկաւանը, Չարեքթարը, Նոր Էրքէջը, Դադիվանքը, Նոր Գետաշենը, Քնարաւանը եւ Եղեգնուտը: Աւելի անդին՝ 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կան համայնքներ՝ Քարձաճառի շրջկեդրոնը, Նոր Ղարաչինարը, Հարութագոմերը, Զարդախաչը, Համշակը, Չափնին, Չինաւանը, Նոր խարխապուրը, Շիկքարը, Նոր Բրաջուրը, Եղցին, Զովքը, Նոր Վերնաշեն, Մշենի, Նոր Մանաշիդ գիւղերը:
Արտագաղթի պատճառով ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուին այս շրջանները:
Ժամանակաւոր կերպով ազդուած են: Կարեւոր է որ ճանապարհի շինութեան ընթացքին, հարիւրաւոր մարդիկ աշխատանքով պիտի ապահովուին: Կամուրջները, ջրամուղները, ձիւնհալի պատճառով աշխատանքները, ամէն ինչ նկատի առնուած է, եւ իւրաքանչիւր գործի համար աշխատաւորներու մեծ թիւ անհրաժեշտ է: Իսկ շինութենէն ետք, շրջաններու զարգացման ուղղուած ծրագիրները դեռ աւելի պիտի ապահովեն ժողովուրդի կեանքն ու աշխատանքը այդ շրջաններէն ներս: Ըսեմ նաեւ թէ որոշուած է անպայմանօրէն ճանապարհը աւարտել 2015ի գարնան:
Անցնող տարիներուն ի՞նչ ծրագիրներ իրագործուեցան:
Բազմաթիւ ծրագիրներ: Օրինակ՝ Երեւանի մէջ Չայկովսկիի անուան երաժշտական դպրոցի ամբողջական վերակառուցման ծրագիրը շատ կարեւոր էր. միակ հանրակրթական արհեստավարժ երաժշտական դպրոցն է եւ շատ կարեւոր էր, որ կարողացանք գտնել մարդոց, որոնք համաձայնեցան ֆինանսաւորել այդ դպրոցի վերակառուցումը: Կը բերեմ այս օրինակը, ցոյց տալու համար թէ Հայաստան Համայկական Հիմնադրամին կը ներկայանան նաեւ անհատներ, որոնք յստակօրէն կ'ըսեն, թէ տրամադիր են իրենք իրենց վրայ վերցնելու լման ծրագիրներ՝ շրջանի մը մէջ դպրոցի մը շինութիւնը, կամ առողջապահական կեդրոն մը, ուռուցքաբանական կեդրոն մը, համակարգչային ծրագիր մը: Կամ խումբ-խումբ գործակցութիւններ կ'ըլլան, որ ծախսալից ծրագիր մը կրնան ստանձնել: Կամ՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի որոշ մասնաճիւղեր, իրենց ուժերը կը միացնեն եւ բոլորը միասին մէկ ծրագիր կը ստանձնեն:
Ինչպէ՞ս կը հսկէք ծախսուող գումարներու արդար եւ թափանցիկ տրամադրման:
Շատ ուշադիր ենք այս հարցին մէջ: Յատկանշականօրէն ըսեմ, որ երբ սկսաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ծրագիրը, 23 տարիներ առաջ, նիւթական մեծ գումարներ ապահովող առաջին մեծ ծրագիրն էր, որ սկզբունքի վերածեց թափանցիկ ու արդար վերահսկումը նուիրաբերուող գումարներուն: Անհաւատալի եւ անհասկնալի բան մըն էր թափանցիկութիւնը առաջին տարիներուն ընթացքին: Ծախսերուն համար հաշիւ պահանջել, վերաքննել իւրաքանչիւր ծրագիր: Բոլորովին նոր սկզբունք մըն էր, գիտնալ՝ թէ հաշիւ պիտի տրուի ամէն մէկ ծախսուած դրամի համար: Բայց տարիներու ընթացքին փաստուեցաւ թէ որքան ճիշդ եւ արդար է թափանցիկութեան պահանջը, որպէսզի ապահովուի ծրագրի բարոյականութիւնը եւ առիթ չտրուի ոեւէ կասկածամիտ անհատի, որպէսզի անտեղի քննադատութիւններ չկատարէ:
Հոգաբարձուներու խորհուրդի մեր ժողովին ընթացքին ալ, երկու տարիներ առաջ, լրջօրէն զբաղեցանք նման հարցով, երբ կայքէջերու մէջ ամբաստանութիւններ կÿըլլային Հիմնադրամի աշխատանքին կապակցութեամբ: Ուրեմն, մեր պատասխանատուներէն Վահէ Ճազմատարեանը գնաց եւ հարցուց, թէ ճիշդ ո՞ր ծրագրերուն կը վերաբերէին ամբաստանութիւնները: Ինքը տեղւոյն վրայ գնաց՝ օրինակ ճանապարհի 40-րդ քիլոմեթրին, 65-րդ քիլոմեթրին վրայ եւ յատուկ «սիլինտըր»ներ պահանջեց, տեսնելու համար հողի-պեդոնի-ասֆալթի բաղադրութիւնը եւ քննելու համար եթէ անոնք միջազգային չափանիշներուն կը համապատասխանէին: Պատահական կէտերու վրայ կատարուած այս քննութիւնները կրկնեցինք նաեւ բնակարաններու շինութիւններու գործին մէջ, փաստելու համար իրավիճակը: Նաեւ ըսեմ, թէ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ, իւրաքանչիւր մեծ նուիրատու, կրնայ իր փափաքած որեւէ պահուն, գալ եւ պահանջել իր մասնակցած ծրագրի ընթացքի հաշուետուութիւնը:
Ինչպէ՞ս պիտի կատարէք նուիրահաւաքի աշխատանքը:
Ինչպէս ամէն տարի, դարձեալ ICAP-ի մէջ պիտի համախմբուինք, ընկերութեան տնօրէն Սերգօ Գույումճեանի դասաւորումով, որ մեզի կը հայթայթէ հեռախօսային համակարգի դիւրութիւնները՝ գերարդիական այս կեդրոնէն ներս: Կամաւորները պիտի հեռաձայնեն մեր հայրենակիցներու բնակարանները, ամբողջ Յունաստանը ներառնող ցանկերու հիմամբ: Կը խնդրեմ մեր հայրենակիցներէն, որ կամաւոր իրենց մասնակցութիւնը բերեն մեր կողքին: Մեզի համար մեծ թիւը անհրաժեշտ չէ, այլ կարեւոր է ներկայացուցչական մասնակցութիւն ապահովել, որպէսզի նաեւ շեշտուի ծրագրի համահայկական բնոյթը: Շատ անգամ մեր մասին խօսելով՝ Հայաստան Հիմնադրամ կ'ըսեն. ես կը փութամ շեշտելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ, ճիշդ որովհետեւ պէտք է ցոյց տրուի համայն հայութեան համար կարեւոր այս ծրագիրներու իրագործման անհրաժեշտութիւնը, համահայկական նկարագիրը:
Նոյնն է նուիրատուութիւններու պարագան: Ինծի համար շատ աւելի կարեւոր է 1000 հոգիէ 1 եւրօ գանձել, քան թէ 10 հոգիէ՝ 100 եւրօ...: Կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւր հայրենակից կարողանայ ըսել՝ թէ այդ ճանապարհի մէկ խճաքարը ես աւելցուցած եմ: Իմ մասնակցութեամբ շինուած է այդ փոքրիկ բաժինը:
Կ'ուզեմ աւելցնել նաեւ, թէ այն պարագային որ ոմանց հետ կարելի չըլլայ հեռաձայնային կապ հաստատել տուեալ օրերուն ընթացքին, նուիրատուութիւնները կրնան փոխանցուիլ հետագային եւս, Փիրէոս դրամատան մէջ, Հայաստան Հիմնադրամի հաշիւի միջոցաւ փոխանցումով, կամ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մօտ: Նուիրուած գումարներուն համար անմիջապէս ստացագիր կը տրուի մեր մասնաճիւղին կողմէ, ապա, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակէն նաեւ կը ղրկուին համապատասխան ընկալագրեր:
------------------------------------
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Յունաստանի մասնաճիւղի ֆինանսաւորումով
կարեւոր ծրագիրներ իրենց լրումին հասած են
Յունաստանի մասնաճիւղը հինգ տարուայ կեանք ունի: Անցնող տարիներուն ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի եւ Արցախի համար յառաջ տարուած բոլոր ծրագիրներուն, իսկ անկէ անդին ստանձնեց նաեւ Վանաձորի մանկատան համակարգչային սենեակի համալրումը եւ Վանաձորի թիւ 30 մանկապարտէզի կահոյքաւորումը:
Տարեկան ֆոնեթոններէն գոյացած գումարները մատակարարելու եւ նպատակին ծառայեցնելու իմաստով՝ պայմանաւորուածութիւն վերցուած էր Վանաձորի երկու մանկատուներու օժանդակելու մասին, ինչպէս եւ մասնակցութիւն՝ Արցախի մէջ ջուրի ցանցի հաստատման-նորոգման եւ ընդլայնման հսկայ աշխատանքին ու ճանապարհային շինութիւններուն:
Վանաձորի որբանոցի մը մէջ մետիա-կեդրոնի համակարգի ստեղծման աշխատանքը յաջողուեցաւ ի մասնաւորի՝ յունահայ քոյր-եղբայր Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեաններու նուիրատուութեամբ:
Նոյնպէս իր յաջող աւարտին հասած է նաեւ Վանաձորի թիւ 30 մանկապարտէզի նոր կահաւորուած սենեակներու եւ խաղահրապարակի աշխատանքը: Մանկապարտէզի աւելի քան 130 սաները արդէն իրենց հանգիստը եւ ժամանցը կ'անցնեն պայծառ ու գեղեցիկ կահաւորուած սենեակներուն մէջ եւ մարզական տարբեր սարքերով համալրուած բարեկարգ խաղահրապարակին վրայ:
Այս ծրագիրը իրագործուած է դարձեալ Յունաստանի մասնաճիւղի լրիւ ֆինանսաւորմամբ, նուիրուատուութեամբը հետեւեալ հովանաւորներուն՝ Նիքոլաոս Սարգիսեան, Անդրանիկ եւ Փերուզ Եոլճեաններ, Գէորգ եւ Սոնիա Գույումճեան, Յովիկ եւ Սիլվա Ներսէսեան, Խրիսթոս Սըվազլեան, Սթամաթիս եւ Մէրի Բոնիրու, Հրանդ եւ Հռիփսիմէ Պասմաճեան:
Յունաստանի մասնաճիւղի պատուիրակութեանց այցելութիւնները Հայաստան, առիթ մը եղած են մօտէն տեսնելու Հիմնադրամի նախաձեռնութիւնները: Հիւրերը ջերմ ընդունելութեան արժանացած եւ մօտէն քննած ու գնահատած են տարուած աշխատանքը եւ գործակցութեան բարձր մթնոլորտը: