Հարցազրոյց Հորիզոնի Խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի Հետ
Կը խնդրենք պատմական ակնարկ մը ներկայացնել Գանատայի հայ համայնքի մասին։
Ըստ գանատահայ պատմաբան Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչիլի հետազօտութեանց, Գանատա հաստատուած առաջին հայը կը նկատուի Կարապետ Ներկարարեան, որ 1887-ին հասած է Փորթ Հոփ նաւահանգիստը։ Գաղութը սկսած է կազմաւորուիլ 1950-ական թուականներուն, Յունաստանէն գաղթած հայերով, ապա, 1960-ականներուն հոն հաստատուած են եգիպտահայերը, 1970-ական եւ 1980-ական թուականներուն, լիբանանահայեր, սուրիահայեր, պոլսահայեր, իսկ 1990-ականներուն՝ իրաքահայեր։ Ներկայիս, գանատահայութեան գերակշռող մասը կը բնակի Մոնթրէալ, Լաւալ եւ Թորոնթօ քաղաքներուն մէջ, փոքր թիւով գաղութներ կան նաեւ Գէմպրիճի, Ուինիփէկի, Վանգուվըրի, Համիլթընի եւ Ս. Գաթրինզի մէջ։ Հայութեան թիւը, ոչ պաշտօնական տուեալներով 80 հազար է։
Ներկայացուցէք խնդրեմ համայնքի ներկայ պատկերը, ինչ կառոյցներ կը գործեն, ինչ լրատուամիջոցներ։
Գանատայի տարբեր գաղթօճախներու մէջ կը գործեն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը, որոնք վերը նշուած ոստաններուն մէջ ունին իրենց եկեղեցիներն ու ծուխերը։ Գանատայի մէջ կան նաեւ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու համայնքները։ Քաղաքական կուսակցութիւններէն հոն կը գործեն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը եւ Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութիւնը։
Բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութիւններու շարքին են ՀՕՄ-ը, ՀԲԸՄ-ը, Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, Թէքէեանը, Պոլսահայ միութիւնը, եգիպտահայերու միութիւնը եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններ։ Գանատայի մէջ կը հրատարակուին «Հորիզոն» եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթերը, «Թորոնթոհայ» եւ «Լուսաբաց» ամսաթերթերը եւ այլ պարբերականներ։ «Հորիզոն»ը ունի նաեւ իր համացանցային ամէնօրեայ կայքէջը։
Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ շաբաթական դրութեամբ կը հեռասփռուին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի «Նոր Հայ Հորիզոն» եւ Մոնթրէալի «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի ժամերը։ Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Վանգուվըրի եւ Համիլթընի մէջ կը սփռուին նաեւ հայկական ռատիոժամերու յայտագիրներ։ Ամէնօրեայ վարժարաններու շարքին են Մեծն Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը, Հայ Կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկ վարժարանը, Ալեք Մանուկեան վարժարանը, իսկ Թորոնթոյի մէջ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը։
Թորոնթոյի մէջ գործող ՀԲԸՄ-ի ամենօրեայ վարժարանը իր դռները փակեց 2012-ին։ Ազգային Ս. Յակոբ վարժարանը՜ իր մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդականի 910 աշակերտներով գաղութի մեծագոյն ամենօրեայ վարժարանն է։ Շաբաթօրեայ վարժարաններ կը գործեն Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Վանգուվըրի, Գէմպրիճի, Համիլթընի եւ Ս. Գաթրինզի մէջ։
Ինչպէ՞ս է Հայ համայնքի մասնակցութիւնը պետական կառոյցներէն ներս։
Պետական կառոյցներու մէջ հայկական ներկայութիւնը սկիզբ առած է 1990-ական թուականներէն ետք։ 2000-ական թուականներէն ետք, գանատահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ սկսած են պաշտօնավարել պետական կառոյցներէ ներս, յատկապէս քաղաքապետական, նահանգային, դաշնակցային մակարդակներու վրայ։ Այսօր ունինք հայազգի պետական բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ նախարարութիւններու մէջ, մինչեւ իսկ վարչապետի գրասենեակին մէջ։
Գանատայի Խորհըրդարանի հայ անդամներ եղած են Սարգիս Ասատուրեան (1993-2004) եւ Անտրէ Արթիւր (2006-2011)։ Ծերակոյտի անդամ եղած է հայազգի Ռէյմոնտ Սէթլաքուի (2000-2003)։ Մոնթրէալի տարբեր քաղաքապետութեանց անդամ եղած են Նուշիկ Էլոյեան, Մարի Տէրոս, Յասմիկ Պէլելի, իսկ 2011-2013 Մոնթրէալ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահը եղած է Յարութ Շիթիլեան։ Վերջին 10 տարիներուն, քաղաքապետական, նահանգային եւ դաշնակցային ընտրութիւններուն հայ թեկնածուները մեծաթիւ ներկայութիւն են։
Հայ Դատի աշխատանքները ի՞նչ ձեւով կ’ընթանան Գանատայի մէջ։
Գանատայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքները սկիզբ առած են 1960-ական թուականներէն։ Հայկական լոպպիական եւ քարոզչական աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք՝ 2003-ին Գանատայի Ծերակոյտը ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ, 2004-ին խորհրդարանը 168 թեր 53 դէմ քուէարկութեամբ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2006-ին, Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր յատուկ յայտարարութեամբ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ 2006-էն ի վեր Օթթաուայի մէջ կը գործէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ դաշնակցային մակարդակի վրայ կը շարունակէ Հայ Դատի աշխատանքները։
Նշենք, որ յանձնախումբը մասնաճիւղեր ունի Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Վանգուվըրի, Գէմպրիճի, Համիլթընի եւ Ս. Գաթրինզի մէջ։ Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ քարոզչական աշխատանք կը տանի նաեւ գանատահայերու իրաւունքներու՝ Արցախի ինքնորոշման եւ սուրիահայութեան բարօրութեան ուղղութեամբ։ Վերջին տարիներուն, յանձնախումբը կը դիմագրաւէ նաեւ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւը, որուն կը դիմադարձէ յստակ քայլերով։
Յիշենք, որ Հայ Դատի գծով աշխոյժ աշխատանք կը տանին նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) անդամներ։
Ի՞նչ են համայնքին դժուարութիւնները։
Գանատահայ գաղութի այսօրուան մեծագոյն մարտահրաւէրը հայապահպանումն է։ Հակառակ հայկական վարժարաններու գոյութեան, այսօր մեծ թիւով գանատահայեր կը յաճախեն օտար հանրային վարժարաններ եւ շուտով կը մոռնան իրենց մայրենի լեզուն։ Այլ մտահոգութիւն մըն է խառն ամուսնութիւններու պարագան, որ վերջին տասնամեակին յաւելում արձանագրած է։ Այստեղ նշեմ նոր պարագայ մը, որ կը վերաբերի Հայաստանէն Գանատա ներգաղթած հայերու։ Գանատա հաստատուող հայաստանցի ընտանիքներու մեծամասնութիւնը կը շաղկապուի ո՛չ թէ տեղական քաղաքի հայ համայնքին, այլ՝ ռուսական համայնքին։ Նման ընթացքով, այդ հայ ընտանիքներու նոր սերունդի ընկերա-մշակութային համարկումը կը կատարուի օտար մշակոյթի մէջ, որուն կը հետեւի ուծացումը։ Յիշեցնեմ նաեւ, իւրաքանչիւր համայնք ունի իր ամէնօրեայ խնդիրները գաղութի գոյատեւելիութիւնը շարունակելու իմաստով։ Օրինակ՝ հայկական վարժարաններու համար կատարուող ամէնամեայ նուիրահաւաքները, եւայլն։
Ի՞նչ է համայնքի կապը Հայաստանի հետ, (ներդրումներ, զբօսաշրջութիւն, հայրենադարձութիւն, մասնակցութիւն ծրագրերու): Համայնքը ինչքանո՞վ տեղեակ է կամ հետաքրքրուած Հայաստանի հասարակական կեանքէն։
Գանատահայութիւնը առատաձեռնօրէն միշտ հայրենիքի կողքին եղած է։ Հայաստանի Երկրաշարժի օրերուն, ամբողջ գաղութը զօրաշարժի ենթարկուած է։ Նոյնպէս, Արցախեան ազատամարտի օրերուն, գաղութը նիւթական պատկառելի մասնակցութիւն բերած է։ Օրինակ՝ 2010-ին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կողմէ նախաձեռնուած Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր գիւղի ըմպելի ջուրի խողովակաշարերու վերանորոգման աշխատանքները հովանաւորեց գանատահայ գաղութը եւ 250 հազար տոլար նուիրահաւաք կատարուեցաւ ի նպաստ այդ աշխատանքին։ Շնորհիւ հայկական լրատուամիջոցներուն, գաղութը միշտ տեղակ եղած է հայրենիքի հարցերուն։ Կան տասնեակ մը ընտանիքներ, որոնք արդէն հայրենադարձ են։ Գանատահայ մատղաշ սերունդը հայրենիքին եւ Արցախին ծանօթացնելու նպատակով ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարանն ու Մոնթրէալի Ս. Յակոբ վարժարանը ամէն տարի շրջանաւարտ կարգի ուսանողութեան համար կը կազմակերպեն հայաստանագնացութիւն, ուր աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով այցելելով Հայաստան զգացական անքակտելի կապով կը շաղկապուին հայրենիքին եւ հայկական իրենց ինքնութեան հետ։ Գանատահայոց Թեմի Canadian Youth Mission To Armenia (CYMA) երիտասարդական կազմակերպութեան կամաւորներ 1993-էն ի վեր կամաւոր աշխատանքով կ’օգնեն Հայաստանի գիւղերուն, վերանորոգելով եկեղեցիներ, որբանոցներ եւ վարժարաններ։ Հայրենիքին հետ կամրջումի նոր երեւոյթ մըն է եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) Վանաձորի մէջ կազմակերպած ամառնային ճամբարը։ 2012-ին սկիզբ առած այս ծրագրին կը մասնակցին 8-14 տարեկան 200 վանաձորցի երեխաներ, որոնք անվճար կը յաճախեն ճամբար։
Ծրագրին հսկող 15-20 գանատահայ երիտասարդ երիտասարդուհիները ճամբարականներուն կը սորվեցնեն Հայ Դատի պատմութիւն, երգեցողութիւն, անգլերէն լեզու, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներ։
(Հարցազրոյցը կատարեց ԵՌԱԳՈՅՆը)