Մեծ հայրենապաշտ եւ փիլիսոփայ Փանտիտ Նեհրուի մահով Հնդկաստան կորսնցուց ոչ միայն քաղաքական անփոխարինելի դէմք մը, այլ՝ իմացական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած մարդ մը:

Նեհրուի հայրենապաշտութիւնը ի յայտ կու գայ իր կտակէն, գրուած՝ այնքան զեղուն զգացումներով եւ ներշնչումով, որոնցմով կը բնորոշուի մարդը եւ հայրենապաշտը անոր մէջ: Քանի մը հատուածներ՝ այդ կտակէն, բաւական են հաստատելու վերեւի բնութագրումները.- «Հնդիկ ժողովուրդը ինծի մատուցեց այնքան սէր եւ նուիրաբերում, որ ի՛նչ ալ ընեմ, ամենափոքր չափով իսկ չեմ կրնար հատուցել: Հատուցում չի կրնար ըլլալ այնքան թանկարժէք բանի մը համար: «Ամենայն անկեղծութեամբ կը յայտարարեմ, թէ մահէս ետք ինծի համար չեմ ուզեր, որ կրօնական որեւէ արարողութիւն ըլլայ: Չեմ հաւատար այդօրինակ սրբազան արարողութեանց: «Երբ մեռնիմ, կ՛ուզեմ, որ մարմինս կիզուի հոն եւ աճիւններս ուղարկուին Ալլահապատ: Ափ մը աճիւն թող նետուի Գանգէս գետին մէջ: Այս փափաքս կրօնական որեւէ նշանակութիւն չունի: Մանկական տարիքէս հոգեպէս կապուած այդ գետին հետ: Եւ որքան մեծցայ, նոյնքան մեծցաւ նաեւ սէրս Գանգէսի հանդէպ: Հնդկական նախադարեան քաղաքակրթութեան խորհրդանիշն է այս գետը: «Հնդկական անցեալին խորհրդանիշը եւ յիշատակ մըն է ինծի համար Գանգէսը, որ կը վազէ ներկայի մէջէն եւ կը հոսի դէպի ապագայի մեծ ովկիանոսը: «Հպարտ եմ այն ժառանգութիւնով, որ մերն էր եւ է՛ այսօր ալ: Ունիմ այն գիտակցութիւնը, ինչպէս ունինք բոլորս ալ, թէ օղակն եմ շղթայի մը, որ կը սկսի պատմութեան արեւածագէն, Հնդկաստանի անյիշատակելի անցեալէն: «Եւ իբրեւ վկայութիւն, եւ իբրեւ յարգանքի վերջին տուրքս Հնդկաստանի իմացական ժառանգութեան, կ՛ուզեմ, որ աճիւնէս ափ մը նետէք Գանգէսի մէջ: «Բայց աճիւններուս մեծագոյն մասը կ՛ուզեմ, որ սաւառնակով վեր հանուի եւ ցանուի դաշտերուն մէջ, հոն, ուր կը տքնին Հնդկաստանի գիւղացիները, որպէսզի խառնուի հնդկական փոշիին եւ հովին հետ եւ անբաժանելի մասը դառնայ Հնդկաստանի»: