Նշան Փալանճեան ճեմարանի ՀՕՄ մանկապարտէզի տարեկան աշխատանքներու ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Յունիս 1964, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ոչ մէկ ատեն «Վասպուրական» սրահը, մուտքի սենեակէն սկսեալ, այսքան գեղեցկօրէն չէր զարդարուած: Արդարեւ, ճաշակաւոր դասաւորումով ցուցադրութեան դրուած աշխատանքները առաջին իսկ տպաւորութեամբ հիացում կը պատճառեն այցելողին: Այնքա՜ն այլազան են ու ճոխ անոնք, որ որքան մօտէն դիտուին, կարելի է միայն սքանչանալ: Մուտքի սենեակին, առաջին ակնարկով աչքի կը զարնուի Քաջն Նազարը իր էշով, այլ եւ այլազան աշխատութիւններ, աշխատանքային բաժանումի մասը, օդացոյց՝ ամպոտ ու անձրեւոտ օրերու: Ձեռային աշխատանքներով ուսուցանելու ամէնէն արդիական մանկավարժութիւնն է, որ գործադրուած է հինգէն եօթը տարեկան, Կանաչ ու Դեղին դասարաններու փոքրիկներուն համար: «Սիրել պէտք է եւ աշխատանք,- կը յայտնէ ուսուցչուհի՝ Լուսին Մալիքեան:- Եւ այս բոլորը, ինչ որ կը տեսնէք, կատարուած է աշխատանքը սիրելով, առանց մասնաւոր դրամագլուխի»: - Մեր միւս վարժարանները կը հետաքրքրուի՞ն ձեր կատարած աշխատանքներով: Կը կիրարկե՞ն ձեր մանկավարժութիւնը: Հարց կու տանք Լ. Մալիքեանին: - Տարուան ընթացքին մեր քանի մը դասախօսութիւններուն ներկայ եղողներ եղան: Դժբախտաբար շատ անտարբեր են: Օրինակ, յատուկ հրաւէրներ ուղարկած էինք բոլոր հայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ մանկապարտիզպանուհիներուն, որպէսզի Շաբաթ օր իրենց պաշտօնակիցներով գային եւ միասին ըլլայինք ցուցադրութեան այս սրահին մէջ: Միայն հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական վարժարաններէն եկողներ եղան: Փափաքելի է, որ այս հոյակապ ցուցադրութեան այցելեն հայ վարժարաններու բոլոր տնօրէններն ու մանկապարտէզներու ուսուցչուհիները՝ իրենց աշակերտներով: