Միաժամանակ դաստիարակ, ժապաւէն արտադրող եւ մասնագէտ ասիական խնդիրներու, տոքթ. Յակոբեան կը հաւատայ, թէ դաստիարակութիւնը միակ լուծումն է համաշխարհային հասկացողութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան:

«Կը հաւատամ ազգերու միջեւ դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխանակութեան: Նմանապէս՝ կը հաւատամ, որ ժապաւէններու ազատ փոխանակութիւնը կը նպաստէ փոխադարձ իրերհասկացողութեան: Այս գետնի վրայ տարուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Ամերիկեան տեղեկատու գործակալութեան աշխատանքները հիացում կը պատճառեն»: Այսպէս կ՛արտայայտուէր տոքթ. Յ. Մ. Յակոբեան, որ ծնած է Խարբերդ 1913-ին: Մօտաւորապէս 25 տարի ան անվիճելիօրէն մնացած էր շրջանի գլխաւոր բժիշկը: Տոքթ. Յակոբեան, որ եղած է նախկին դասախօս Հնդկաստանի, Լիբանանի եւ ԱՄՆ կարգ մը համալսարաններու մէջ, սկսած է ժապաւէններ արտադրել 1953 թուականէն սկսեալ: Ան նախագահն է «Աթլանթիս փրոտաքշընզ ինքորփրէյթըտ»ի, ընկերութեան, որ մասնագիտացած է ընկերային գիտութեանց եւ մարդկային կենցաղի վերաբերեալ դաստիարակչական ժապաւէններու արտադրութեան մէջ: Այս ընկերութեան արտադրութիւնները արձանագրած են արտակարգ յաջողութիւններ եւ շահած՝ մեծ մրցանակներ ցուցահանդէսներու ընթացքին: Տոքթ. Յակոբեանին ընկերութիւնը արտադրած է 27 ժապաւէններ, որոնց կէսէն աւելին շօշափած են դաստիարակչական նիւթեր, հինգը եղած են դասախօսական եւ վեցը պատրաստուած են հեռատեսիլի համար: Գործօն դեր մը ունենալով հայկական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ՝ անցնող երկու տարիներու ընթացքին ան նախագահած է Լոս Անճելըսի Հայկական միացեալ արուեստներու ընկերակցութեան: Տոքթ. Յակոբեան անդամ է նաեւ Հայկական ուսումներու եւ պրպտումի ազգային ընկերակցութեան, որ վերջերս հանգանակած էր 400,000 տոլարի հասնող գումար մը՝ հայկական ուսումներու ամպիոն մը հիմնելու համար Հարվըրտ համալսարանին մէջ: