Կիրակի 7 Յունիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրահին մէջ գումարուեցաւ Հ. Գթ. Խաչի 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը։ Ժողովասրահի սարքաւորումը այս տարի ստացած էր առանձին փայլ մը, Գավալայի մասնաճիւղի կողմէ նուիրուած ՀՕՄ-ի խորհրդանիշ դրօշակներով եւ մասնաճիւղերու անունը կրող ոսկետառ տախտակներով, որոնք կը զարդարէին իւրաքանչիւր մասնաճիւղի եւ դիւանի սեղանները։
Ժողովի աշխատանքներուն հետեւեցաւ հիւրաբար քաղաքը գտնուող ընկ. Սիմոն Վրացեան, հոգ. հովիւ՝ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. իշխանութեան անդամները եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։ Հ. Գթ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ. Արշալոյս Սէմէրճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք պատգամաւորներուն, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ժողովը իր ներկայութեամբ պատուած է ընկ. Վրացեան։ Ժողովը անցնելով իր աշխատանքներուն, օրուան պատուակալ նախագահ ընտրեց ընկ. Վրացեանը, որ բացուած յայտարարեց ժողովը։ Ապա տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւնը։ Նախագահ ընտրուեցաւ ընկ. տքթ. Աբր. Աբրահամեան եւ քարտուղար՝ ընկ. Թագւոր Աւետիսեան։ Բանաձեւի յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան ընկ. Կարապետ Գասպարեան եւ Լեւոն Ճլկունի։ Աղեքսանդրուպոլսոյ, Գոմոթինիի, Գավալայի եւ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղերու բարոյական եւ նիւթական գործունէութեան տեղեկագիրներու ընթերցումներէն ի յայտ եկաւ, որ բոլոր մասնաճիւղերը աստիճանական վերելք արձանագրած են եւ ունեցած գնահատելի գործունէութիւն։ Նոյնքան եւ առաւել գնահատանքի արժանացաւ նաեւ գործունէութիւնը Շրջ. վարչութեան, որ ձեռնահասօրէն վարած է բոլոր մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, իր կոչումին եւ պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ։ Միութեան գործունէութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ այն իրողութիւնը, թէ Հ. Գթ. Խաչը մեր գաղութին մէջ կը կատարէ նախախնամական մեծ դեր կրթական, խնամատարական եւ մշակութային մարզերէն ներս։
(Շարունակելի)