Նիւ Եորքէն կը գրեն.- Անօրինակ յուզումի եւ խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, 10 հազարէ աւելի ներկաներու մասնակցութեամբ, Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսի մը հանդիսավայրին մէջ տեղի ունեցան հայկական փառատօնի մշակութային հանդիսութիւնները՝ 31 Մայիսին:

Մեծն Պոսթընի «Կոմիտաս» եւ Նիւ Եորքի «Գուսան» երգչախումբերը, Պոսթընի «Հայկական ազգ. պարախումբ»ը եւ Նիւ Եորքի «Նայիրի» պարախումբը, անհատ արուեստագէտներ եւ խմբավարներ՝ Ալան Յովհաննէս, Ռուբէն Գրիգորեան, Գարեգին վրդ. Փիտեճեան, Հայկազ Մկրտիչեան, Մարօ եւ Անահիտ Աճեմեաններ, Անիթա Տէրեան, Լուսի Իշխանեան, Նուարդ Համբարեան եւ ուրիշներ, Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արք., տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններ, Հայկական օրուան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Պապայեան եւ յայտագրի պատրաստութեան մասնակից բազմաթիւ ծանօթ անձնաւորութիւններ՝ բեմին վրայ գրաւեցին իրենց տեղերը եւ զոյգ երգչախումբերու կողմէ մեծավայելուչ եւ տպաւորիչ կերպով երգուող «Յառաջ, նահատակ» քայլերգին թնդիւններուն մէջ, հանդիսավայրէն դէպի բեմ յառաջացան տասներկու դրօշակիրներ՝ վեց հայկական եռագոյններով եւ ամերիկեան վեց աստղազարդ դրօշներով: Առաջին այս րոպէին իսկ ներկայ խուռն բազմութեան մէջ ակներեւ էր ընդհանուր յուզումը եւ խանդավառութիւնը: Արցունք կար գրեթէ բոլորին աչքերուն մէջ: Հայկական ազգ. քայլերգէն եւ ամերիկեան ազգ. մաղթերգէն ետք փղձկումը դարձաւ անխուսափելի, երբ առաջնորդ սրբազան հայրը կատարեց դրօշներու օրհնութեան արարողութիւնը՝ ներկաներու երկիւղած լռութեան եւ ընդհանուր յուզումի մէջ: Յանուն ցուցահանդէսի տնօրէնութեան, Ազգութիւններու օրուան արարողապետ Ուալթըր Պեքերտ ողջունեց Հայկական օրուան փառատօնին մասնակից խումբերն ու արուեստագէտները եւ ներկայ հոծ բազմութիւնը. ապա Անիթա Տէրեան, իբրեւ վարիչ օրուան հանդիսութեան, բացուած յայտարարեց փառատօնը եւ անցաւ յայտագրի գործադրութեան: Համերգը, պարերը թէ մեներգները եղան հայկական մշակոյթի պանծացումին սատարող հրապարակային տպաւորիչ ելոյթներ: