Մինչեւ վերջերս ընդունուած էր այն տեսակէտը, թէ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ մարդկային կեանքը ընդամէնը քանի մը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, թէ՝ մինչեւ մետաղէ զէնքերուն յայտնաբերուիլը Հայաստան անմարդաբնակ երկիր մը եղած է:

Հնագէտ, պատմաբան Սանդրօ Սարդարեան քսանամեայ իր հետազօտական աշխատանքներով նոր լոյս կը սփռէ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ մարդկային կեանքին յարատեւութեան խնդրին վրայ: Արագած լերան հարաւարեւմտեան լանջին, Սատանի դար կոչուած բլուրին վրայ, Սարդարեան յայտնաբերեց քանի մը հազար ձեռքի հատիչներ՝ հին մարդու գործիքներ: Մանրազնին ուսումնասիրութիւնները եւ գիտութեան արդէն ծանօթ այս ձեւի գործիքներուն հետ անոնց բաղդատութիւնը ցոյց տուին, որ ձեռքի այդ հատիչները մէկ միլիոն տարուան հնութիւն ունին: Հետեւաբար մարդը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ բնակութիւն հաստատած է մէկ միլիոն տարի առաջ: Այսպիսով, հնագէտ պատմաբանը հաստատեց, որ մարդկային հասարակութիւնը Հայաստանի սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցած է հարիւր հազարաւոր տարիներ շարունակ, եւ հաւանական կը դառնայ այն ենթադրութիւնը, ըստ որուն, կապիկէն մարդ անցնելու գօտին կ՛ընդգրկէ նաեւ Հայաստանը: Մարդկային հասարակութեան զարգացման բոլոր հանգրուաններուն Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ մարդը ականատես եղած է բնութեան վերափոխումներուն, ինքն ալ մասնակից եղած է այդ վերափոխումներուն, աշխատած է պաշտպանուիլ, յարմարիլ նոր կացութեան հետ: Այսպէս, յայտնի է, որ մեր մոլորակը չորս անգամ սառած է: Սակայն Հայկական Լեռնաշխարհը ենթարկուած է միայն վերջին երկու սառուցումներուն: Արարատ եւ Արագած լեռները եւս ենթարկուած են ձեւափոխումներու: Հրաբխային լաւաները բարձրացած են Արագածի գագաթները եւ լերան ստորոտամերձ տարածութիւններուն մէջ կուտակած անսահման քանակութեամբ տուֆի պաշարներ: Բայց մինչեւ վերջին հարիւր հազար տարին Հայաստան ունեցած է տաք կլիմայ մը, երկիրը ծածկուած էր փարթամ անտառներով. մարդը կ՛ապրէր բացօթեայ: