Մոնթրէալէն կը գրեն.- 4 Յունիսի Կիրակի գիշեր Ուքրանական թատրոնի ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Հանդէսը կը հովանաւորէր Հրանդ սրբազան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց առաջնորդական տեղապահը: Ներկայ էր Ճորճ Մարտիկեան: Կÿատենապետէր Լեւոն Ասատուրեան: Գործադրուեցաւ շատ գեղեցիկ ու տպաւորիչ յայտագիր մը: Անսահման խանդավառութիւն կար սրահին մէջ, սկիզբէն մինչեւ վերջ: Օրուան բանախօսն էր Մ. Թէօլէօլեան, որ տպաւորիչ ճառ մը խօսեցաւ՝ իր գագաթնակէտին հասցնելով ներկաներու խանդավառութիւնը: Թորոնթոյի մէջ եւս մեծ շուքով տօնուած է անկախութեան տարեդարձը՝ նախագահութեամբ Յակոբ Մուրատեանի: Բանախօսած է Մինաս Թէօլէօլեան:
ՀՅ Դաշնակցութեան «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի կազմակերպած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 43-րդ տարեդարձին յիշատակը տօնակատարուեցաւ շրջանի Աբգարեան Ազգային երկրորդական վարժարանի բացօթեայ սրահին մէջ: Հանդիսութեանց ներկայ եղան պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ մեթր Վարդգէս Շամլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Լութֆիկ Նարկիզեան եւ քաղաքապետարանի հայ անդամները, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութեամբ՝ շրջանի հայութիւնը: Կոմիտէի կողմէն Յովհաննէս Փայլունի խնամուած յայտագիր մը գործադրեց բարձրախօսին առջեւ: Ան հանդէսը բացուած յայտարարելէ ետք բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Գառնիկ Բանեանը, որ պատմականօրէն վերլուծեց այն քաղաքական պայմանները, որոնք ծնունդ տուին 1918-ի Մայիս 28-ի Մեծ Աքթին, որ հիմը դրաւ Արարատի փէշերուն, հայ ժողովուրդի դարեր շարունակ երազը եւ պայքարի նպատակը եղող ազատ եւ անկախ հայրենիքի մը: Իր փակման խօսքին մէջ նախագահը խրախուսեց ժողովուրդը եւ յորդորեց կառչած մնալ Մայիս 28-ին: