1924-ին Երեւանի մէջ հիմնուած բժշկական միջնակարգ ուսումնարանէն մինչեւ այսօր շրջանաւարտ ելած են ութ հազարէ աւելի մասնագէտներ՝ հիւանդապահ, մանկաբարձ, ատամնաբոյժ, դեղագործ եւայլն։

Այսօր Հայաստան ունի մեծ թիւով բժիշկներ եւ հիւանդանոցներու անձնակազմի անդամներ, որոնք հիմնականին մէջ մասնագիտական կրթութիւն ստացած են Երեւանի բժշկական ուսումնարանին մէջ։ Բժիշկներու եւ օգնական բժիշկներու թիւով ներկայիս Հայաստան առաջին տեղերէն մէկը կը գրաւէ ամբողջ Խորհ. Միութեան մէջ։ Ամէն 10.000 հոգիի կայ 24 բժիշկ, իսկ իւրաքանչիւր բժիշկ ունի իր օգնականները։ 1958-էն ի վեր Երեւանի բժշկական ուսումնարանը դարձած է բազմաճիւղ։ Ունի մանկաբարձական, դեղագործական, ատամնաբուժական, հիւանդապահական եւ այլ ճիւղեր։ 1959էն ետք, ուսումնարանը հաստատած է զանազան նոր մասնճիւղեր։ Երեւանի բժշկական ուսումնարանը 1960-ին դադրեցուցած է հիւանդապահութեան հետեւողներու ընդունելութիւնը եւ անոնք ընդունուած են Լենինականի, Ղափանի եւ Դիլիջանի բժշկական ուսումնարանները, իսկ դեղագործերու, ատամնաբոյժներու եւ ատամներ պատրաստողներու ուսուցումը կը կատարուի միայն երեւանի ուսումնարանին մէջ։ Հայաստան մեծ պահանջ ունի հիւանդապահներու, սակայն Երեւանի բժշկական ուսումնարանը չի կրնար բաւարարել մինչեւ անգամ Երեւանի եւ անոր մօտակայ շրջաններուն պահանջը։ Այս պատճառով ալ հիւանդապահութեան դասընթացքներ կազմակերպուած են Ղափանի, Բասարգեչարի մէջ։ 1959-1963-ի ընդունելութեան արդիւնքները վերլուծելով կը տեսնենք որ հիւանդապահութեան հետեւիլ փափաքոներու թիւը յարաճուն թափով աճած է եւ իր գագաթնակէտին հասած է 1961-ին։ Անկէ ետք նուազած է այդ թիւը։ Ինչո՞ւ, երբ մեծ պահանջ կայ հիւանդապահներու։ Ամէնէն կարեւոր պատճառը՝ համապատասխան շէնքերու եւ սարքաւորումներու պակասն է։