Մայիս 27-ին, Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած բազմահատոր գործերը եւ պարբերականները՝ կը խօսին գրողին անցած ստեղծագործական ուղիին մասին։
Մայիս 22-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայկական Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի գիտական նիստը նուիրուած՝ հայ մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի ծննդեան 120-ամեակին։ Նիստը ներածական խօսքով բացած է հիմնարկի տնօրէն՝ բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Գուրգէն Յովնան։ Գիտաշխատող Յակոբ Մարգարեան զեկուցում տուած է «Պարոնեանի գեղագիտական իտէալը» նիւթին շուրջ։ Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Գառնիկ Ստեփանեան «Նորայայտ էջեր Յակոբ Պարոնեանի ստեղծագործութիւններէն» զեկուցման մէջ մասնաւորաբար խօսած է մեծ երգիծաբանի այն գործերու մասին, որոնք մինչեւ հիմա անծանօթ են եղած կամ հրատարակուած են միայն պարբերական մամուլի մէջ եւ հետագային ուսումնասիրութեան առարկայ չեն եղած։
Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 80-ամեակի նախօրէին Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանը բանաստեղծին Ամերիկա բնակող երկու աղջիկներէն եւ մէկ տղայէն ստացած է իրենց հօր արժէքաւոր դիւանին մէկ մասը։ Այս դիւանը կը պարունակէ, բացի ստեղծագործութիւններէ եւ այլ նիւթերէ, նաեւ Վարուժանի նամակներուն մէջ կարեւոր մասը, գրուած Ա. Զոպանեանի, Վ. Թէքէեանի, Ռ. Զարգարեանի, Ա. Արփիարեանի եւ ուրիշներու։ Դիւանին ամէնէն արժէքաւոր մասը տետրակ մըն է, որուն մէջ ամփոփուած են բանաստեղծին 1906-07 թուականներուն Կանտի համալսարանէն գրած նամակներուն սեւագիր պատճէնները, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ պատրաստել բանաստեղծին «Նամականին»։