(Շար.)
Ընկեր Նուպար Աճէրեան յուզումով արտասանեց Միքայէլ Վարանդեանի «Հայ հերոսները» որմէ ետք, ընկ. Գրիգոր Դերձակեան իր սրամիտ զուարթախօսութիւններով, կուշտ ու կուռ խընդացուց բոլոր ներկաները։
Ընկեր Յովսէփ Ղեւոնդեան արտասանեց Հ. Վահան Յովսհաննէսեանի «Բերէք ինձ զայն» քերթուածը։ Խօսելու հրաւիրուեցաւ ընկեր Դանիէլ Դանիէլեան, որ յունահայ գաղութի կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց երէց ընկեր Սիմոն Վրացեանին, որ չըմերժեց իրեն եղած հրաւէրը եւ հեռաւոր Պէյրութէն Յունաստան եկաւ Մայիս 28ի հանդիսութեան բանախօսելու համար։ Յետոյ, ընկ. Թերզեան խօսքը տուաւ Սիմոն Վրացեանին, որ ի միջի այլոց ըսաւ. «Հաւատացէք, որ շատ երջանիկ կը զգամ ինքզինքս, այսպիսի խանդավառ ու բոլորովին հայկական մթնոլորտի մէջ գտնուելուս համար։ Շատ երկիրներ ճամբորդած եմ, շատ հաւաքոյթներու ներկայ եղած եմ, բայց այսօրուան այս խանդավառութիւնը ոչ մէկ երկրի մէջ չեմ տեսած։ Միայն Արժանթինի գաղութն է, որ կրնայ ձեզ հետ մրցիլ։ Անոր պատճառն ալ կարծեմ այն է՝ որ հոն գաղթողներուն մեծ մասը Յունահայեր են»։ Ապա յարգելի ընկերը, խօսեցաւ Մայիս 28ը կերտող հայ ժողովուրդի քաջարի ու անձնազոհ զաւակներուն մասին, որոնց մղած հերոսական կռիւներուն շնորհիւ էր, որ մեր ժողովուրդը կարողացաւ իր վեց հարիւր տարուան գերութեան ժանգոտած շղթաները խորտակել եւ հիմը դնել ազատ ու անկախ հայրենիքի մը։ Ներկաները հիւրասիրուեցան համեղ աղանդերներով, գարեջուրով եւ գինիով։ Ուշ ատեն բոլորս ոտքի ելանք «Յառաջ նահատակ»ով փակելու համար անմոռանալի այս հաւաքոյթը։ Յուզիչ էր այն պահը, երբ մեր վեթերան ընկերոջ սրահէն հեռացած միջոցին, բոլորս մէկ մարդու պէս, սկսանք երգել «Մշակ բանուոր»։ Ընկեր Վրացեան կանգ առաւ եւ յայտնապէս յուզուած՝ ունկնդրեց Դաշնակութեան քայլերգը։ Ապա բարի գիշեր մաղթելով մեկնեցաւ սրահէն։
(Վերջ)