Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի կարգադրութեամբ, տարիներէ ի վեր Համբարձման տօնախմբութիւնը կը կատարուի Հալէպի մօտակայ Եագուպիէի հայաբնակ գիւղին մէջ՝ նախագահութեամբ սրբազանին եւ մասնակցութեամբ ուխտաւորներու:
Մայիս 7, Հինգշաբթի, Համբարձման տօնին, առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Եագուպիէի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Թաթարեանի, որ Երուսաղէմէն վերադարձած էր իբրեւ ուխտաւոր, եւ Համազասպ քհնյ. Շաքարեանի, առաւօտուն մեկնեցան Եագուպիէ: Տեղւոյն թաղականութիւնը, հոգաբարձութիւնը, վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ աշակերտներն ու նաեւ ուխտաւորները դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր հովիւը եւ ընկերակիցները՝ ծաղկեփունջերով եւ յարգանքի արտայայտութիւններով: Սրբազան հայրը եւ ժողովուրդը ձիթենեաց պարտէզներէն անցնելով՝ բարձրացան Ս. Աննա հրաշագործ եկեղեցին, ուր Ս. պատարագ մատուցեց հոգեւոր հովիւը, իսկ քարոզեց առաջնորդ սրբազանը եկեղեցւոյ բարձունքը, շրջապատուած ձիթենիներով՝ նմանցնելով Համբարձման լերան իբրեւ ներշնչարան հաւատացեալներուն: Քարոզը արաբերէնի թարգմանուեցաւ հասկնալի ըլլալու համար նաեւ տեղացի արաբախօս հայերուն: Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ հանդիսաւոր անդաստան տեղի ունեցաւ եւ ապա սրբազանը կենաց փայտով օրհնեց ուխտաւորները: Ներկաները նուագով եւ երգերով խանդավառութիւն ստեղծեցին: Կէսօրին ազգային վարժարանի սրահին մէջ ժողովուրդին կողմէ ի պատիւ սրբազան հօր եւ հոգեւոր հովիւին, ճաշասեղան մը տրուեցաւ. ներկայ էին նաեւ գաւառապետը, ոստիկանապետը եւ պետական այլ անձեր: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց պետական ներկայացուցիչներուն, որոնք սիրով ընդունած են հրաւէրը եւ անձամբ ներկայ եղած են: Ու մաղթանքներ ըրաւ Սուրիոյ բարգաւաճման համար: Գաւառապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, թէ պատիւ կը զգայ, որ հայոց առաջնորդին հետ սեղանակից եղած է եւ միշտ պատրաստ է գոհացում տալու սրբազան հօր բոլոր փափաքներուն: