Հայրենակից Արիստակէս Յակոբեան, Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին ծանօթ եւ յարգուած անդամներէն մէկը, յարգելու համար յիշատակը իր եղբօր՝ Արամի եւ կնոջ՝ Լուսավարդի, իր ամբողջ ստացուածքը կտակած է բարեսիրական նպատակներու:

Ա. Յակոբեան իր կտակով 20 հազար տոլար բաժին հանած է նաեւ Համազգայինի Ն. Փալանճեան Ճեմարանին: Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, համազգայինի Կեդր. Վարչութեան հաւանութեամբ, որոշած է Ճեմարանի թիւ 2 շէնքին մէկ յարկը կոչել «Արիստակէս, Լուսավարդ եւ Արամ Յակոբեան յարկ»: Արիստակէսին եղբայրը՝ Արամ, Տարօնի մեր անուն հանած մարտիկներէն էր: Ան մասնակցած էր Սասունի եւ Մշոյ դաշտի յեղափոխական շարժումներուն եւ խիզախ ու յանդուգն ֆետայի էր: 1915-ին խումբ մը նման քաջերով ճեղքած էր թրքական պաշարումը եւ անցած էր Կովկաս, ուր մասնակցած էր տեղական ազատագրական շարժումներուն, ի վերջոյ զոհուելով պոլշեւիկեան վայրագութիւններուն:


Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը՝ Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ մեզի.- Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա տաղի քառասուն օրերը» վերջապէս շարժանկարի կը վերածուի «Մեթրօ կոլտուին մայէր»ի կողմէ: Շարժանկարի պատրաստութեան պիտի ձեռնարկուի Յունուար 1965-ին: Այս տեղեկութիւնը ստացանք Օմար Շերիֆի հետ տեսակցութեան մը ընթացքին: Ան արդէն իսկ ստորագրած է համաձայնութիւն մը «Մեթրօ»ի հետ եւ պիտի խաղայ Մուսա Տաղի հերոսին դերը: «Վստահ եմ, որ լաւ Բագրատ մը պիտի մարմնաւորեմ», յայտնեց Օմար Շերիֆ: Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ յայտնի եգիպտացի դերասանը կը խաղայ հայու մը դերը: Ասկէ առաջ մարմնաւորեց հայոց թագաւորի դերը «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» ժապաւէնին մէջ, ուր դեր ունէր նաեւ Սոֆիա Լորեն: Օմար Շերիֆ կարդացած է Վերֆելի գործը, բայց տակաւին չէ տեսած «Մեթրօ»ի կողմէ պատրաստուած բեմագրութիւնը: Թուրքերը գործի լծուած են նորէն եւ կը փորձեն ամէն ազդեցութիւն ի գործ դնել «Մեթրօ Կոլտուին»ի վրայ, որպէսզի շարժանկարը չպատրաստուի: