ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 10-ին, նահատակներու յուշատօնէն ետք, ծովեզերեայ «Ղորղոնա» կեդրոնին մէջ։

Աղեքսանդրուպոլսոյ Հ. Գթ. Խաչի վարչութիւնը, այս ծովափնեայ զբօսավայրը յատկապէս վարձած էր, պաշտօնապէս ու փառաւոր կերպով տօնելու համար ՀՕՄ-ի օրը։ Շրջանի քոյր մասնճիւղերը, Գոմոթինին եւ Գավալան, իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը բերին «Օր»ուան տօնակատարութեան յայտագրին։ Մինչեւ ժամը 4։30 հանդիսականները կերան, խմեցին, զուարճացան ու երգեցին։ Խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասած էր։ Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով, զոր երգեցին շրջաններու երգչախումբերը։ Ապա ՀՕՄ-ի տեղւոյն մասնաճիւղի ատենապետուհի տիկին Մարի Աճէմեան բացման խօսքը ընելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով եղած հրաւէրին, փութացած էին ներկայ գտնուիլ սոյն տօնակատարութեան։ Ապա՝ օր. Թագուհի Շմաւոնեան արտասանեց «Հայրենազուրկ հայորդիներ»ը։ Իսկ փոքրիկն Շիրլէյ Տաշլեան արտասանեց յունարէն բանաստեղծութիւն մը՝ «Ի Մանա»։ Յայտնութիւն մը եղաւ Կարօ Գուրպանեան «Ի Քիփրոս» արտասանութեամբ։ Սերգօ Զուռնաճեանի «Հ. Գթ. Խաչին» եւ Մատթէոս Յակոբեանի «Մասիս» արտասանութիւնները ջերմօրէն գնահատուեցան ներկաներու կողմէ։ Հանդէսին առաջին մասը վերջացաւ օր. Սոնա Ֆէնէրճեանի «Տաղ հայ լեզուին» արտասանութեամբ։ Հանդէսի երկրորդ մասը սկսաւ փոքրիկներ Սիլվա Վարդեանի «Գարուն» եւ Սիլվա Շմաւոնեանի «Մայիս» արտասանութիւններով։ Մեծերէն՝ օր. Արշալոյս Քիւրտեանի «Հ. Գթ. Խաչին» եւ Հերմինէ Գալայճեանի «Այս մեր երկիրն է» արտասանութիւնները շատ յաջող էին։ Գէորգ Պէքիարեան երգեց «Ծիծեռնակ»ը, «Բինկէօլ»ը եւ «Կարմիր վարդ»ը։ Ապա տեղի ունեցաւ փոքրիկ տրամախօսութիւն մը. «Տիկինը եւ սպասուհին», օր. Աղաւնի Կիւլպէնկեանի եւ Հերմինէ Գալայճեանի կողմէ։ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ յատկապէս ուղարկուած օրուան բանախօսի՝ ընկ. Լեւոն Ճլկունիի բանախօսութենէն ետք ձեռնարկը վերջացաւ Տէր հօր «Պահպանիչ»ով։