Ծանօթ վիպասող Յակոբ Կիւլոյեան, որ Թեհրանի «Արարատ» մշակութային միութեան հրաւէրով Թեհրան մեկնած էր քանի մը շաբաթ առաջ, ասմունքի յաջող ելոյթներ ունեցած է Թեհրանի, Նոր Ջուղայի եւ Թաւրիզի մէջ՝ ամէն տեղ արժանանալով խանդավառ ընդունելութեան:

Ապրիլ 26-ին Նոր Ջուղայի Հայ ակումբի սրահին մէջ, խուռներամ հանդիսականներու ներկայութեամբ, ունեցած է իր արտասանական անդրանիկ ելոյթը՝ նիւթ ունենալով Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»-ը: «Ալիք»-ի թղթակիցը այդ առթիւ Նոր Ջուղայէն կը գրէ.- Յարգելի վիպասողի հարազատ ապրումները արտայայտւում էին համապատասխան դիմախաղերով, նիւթը աւելի գրաւիչ ու տպաւորիչ դարձնելով ու վարակելով սրահում եղող հասարակութեանը համապատասխան ապրումներով: Յ. Կիւլոյեան «Ալիք»-ի միջոցով (5 Մայիս) հրաժեշտի հետեւեալ խօսքը ուղղած է իրանահայութեան.- «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան հրաւէրով վերնագրուած տրամադրութիւնը՝ լսելու Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» ղօղանջումը հայ պատմութեան, դարձաւ հրաւէրն ու սեփականութիւնը իմ հանդիպած վայրերու հայութեան՝ Թեհրան, Նոր Ջուղա ու Թաւրիզ: Վայրեր, ուր ինձ զգացի իմ ժողովուրդի հարազատ զգացումներուն մէջ, ինչպէս իմ ընտանիքի սիրով ու ջերմութեամբ լեցուն օճախի մէջ: Ինձ հարստացուցիք ու զօրացուցիք իմ հաւատքին ու խանդավառութեանս մէջ, որը ձերն է եւ ձեզմով կեանք առած՝ Տաճարում կը մնայ անկորնչելի, ինչպէս՝ Արարատը իմ էութեանս մէջ…: Չափազանց քաղցր բան է ունենալ կամ ստեղծել առիթներ՝ ծառայելու ժողովուրդին: Այցելած համայնքներուս մէջ սրահներ, տուներ, սեղաններ պատարագի ու խորաններ, տաճարներ կանգուն՝ լեցուն ու գեղեցիկ, երբեմն ամայի կամ աւերակ, մինչեւ Սալմաստի Փայաջուկ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցին, ուր անմահն Րաֆֆին է աղօթած, իր տունը, որուն խորհուրդի մէջէն այցելուն քիչ վերջ կը տեսնի կանգուն յուշարձանը հայ վերածնունդի սլացքին… Ամէն մէկ վայրկեանը ձեր մէջ իմ ապրումներուս՝ դարձած երգ՝ կը մեկնիմ, իրանահայութենէն հոգիիս մէջ տարած անուններ, անուններ, անուններ ու սրբազան խորհուրդներ… երգելու համար գալիք օրերուս…