Մեծանուն գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան ամսոյս 9-ին Պոլսէն մեկնած է դէպի Պիթլիս, ընկերակցութեամբ «Մարմարա» թերթի տնօրէն պրն. Պետրոս Զօպեանի եւ աշխատակից Արա Ալթունեանի։
Թուրքիոյ մամուլի նախարար Ալի Իհսան Քէօյիւշ փափաք յայտնած ըլլալով հանդիպում մը ունենայ մեծանուն գրագէտին հետ, Ուիլիըմ Սարոյեան գիշեր մը մնացած է Անգարա եւ երկար տեսակցութիւն մը ունեցած է նախարարին հետ։ Յաջորդ առաւօտ Ուիլիըմ Սարոյեան ճամբան շարունակած է դէպի Սամսոն, Տրապիզոն, էրզրում, Վան եւ Պիթլիս։ Մօտ տասը օր մնալէ վերջ այդ շրջանին մէջ, պիտի վերադառնայ Պոլիս՝ Մուշ, Մալաթիա, Անտիոք, Ատանա, Կեսարիա, Անթալիա, Իզմիր, Պուրսա ճամբով։ Այս ամբողջ ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ 15 օր։ Գրագէտը պիտի տեսնէ թրքահայաստանի աւերակ քաղաքները։ Ուիլիըմ Սարոյեան մեկնումէն օր մը առաջ այցելած է Ազգային Պատրիարքարանը եւ կէսօրուան ճաշի հիւրը եղած Ամեն. Շնորհք Պատրիարքին, որուն հետ ունեցած է երկար տեսակցութիւն։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Այվազովսկիի գլուխ գործոցներուն առջեւ պահ մը կանգ առած եւ յայտնած է իր հիացումը։ Պատրիարք հայրը ամերիկահայ անուանի գրողը ընդունած է իր սենեակին մէջ եւ շատ մտերիմ խօսակցութիւն մը ունեցած է անոր հետ։ Հետաքրքրուած է անոր ընտանեկան պարագաներով, մանաւանդ հօրեղբօրմով՝ Արամ Սարոյեանով, որուն ծանօթացած է Գալիֆորնիոյ մէջ։ Յետոյ Պատրիարք հայրը հարցուցած է թէ՝ ո՞ւր սորված է հայերէնը։ Սարոյեան պատասխանած է. - Շատ փոքր տարիքիս, երբ Գալիֆորնիա ազգականներուս մօտ կը գտնուէի, հոն բոլորը հայերէն կը խօսէին։ Ես ալ անշուշտ, այս միջավայրին մէջ հայերէն սորվեցայ։ Ուիլիըմ Սարոյեան Պատրիարքարանի մուտքին հանդիպած է հայ տղոց եւ հարցուցած է անոնց անունները եւ ուզած է գիտնալ թէ՝ ինչո՞ւ դպրոց չեն գացած։ Ապա դառնալով տղոց՝ ըսած է. - Դուք չէ՞ք գործեր, աշխատանք չունի՞ք։ Ատիկա գէշ բան է, պէտք է աշխատիք, թերթ ծախեցէք. ես ձեր տարիքը եղած ատենս թերթ կը ծախէի...։