Աննախընթաց բազմութեան մը ներկայութեան եւ արտակարգ շուքով տեղի ունեցաւ Ամոխոսթոսի մէ կիպրացի թուրք ահաբեկիչներու կողմէ վայրագօրէն սպաննուած երկու հելլէն սպաներու յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը։

Ներկայ գտնուեցան՝ նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոս, նախարարներ, երեսփոխաններ, Կիպրոս գտնուող հելլէն զինեալ ուժերու սպաներ եւ զինուորներ եւ կիպրացի մարտիկներ։ Ներկայ էին նաեւ զոհերուն սգակիր պարագաները։ Դագաղները ծածկուած էին հելլենական դրօշակներով, դափնեպսակներով եւ ծաղկեպսակներով։ Զոհերուն ընծայուեցան հերոսի վայել պատիւներ։ Դամբանականներ խօսեցան ներքին գործոց նախարար պրն. Եորքածիս, Կիպրոս գտնուող հելլենական ուժերու հազարապետ Տիմ. Եուանիտիս, ինչպէս նաեւ ԷՕՔԱ¬ի ղեկավար դէմքերէն Նիքոս Սամփսոն եւ Տորոս Իլիաս։

Պոլսոյ թրքական «Տիւնիս» թերթը կը տեղեկանայ թէ՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց վարժարաններուն մէջ «կրօնաւորներու ազդեցութիւնը զգալի է եւ ուսուցիչներն ու տնօրէնները ենթակայ են այս ազդեցութեան եւ չեն կրնար հակադրել անոնց թագուն գործունէութեան։ Թերթը կը շարունակէ.- «Կրթական նախարարութիւնը այս անգամ նոր որոշումներ առած է փոքրամասնութեանց դպրոցներու մասին եւ ճշդած է թէ՝ օրինական դասաժամերէ դուրս, ծնողներուն ալ հաւանութիւնով, կրօնական գիտելիքներ կը դասաւանդուին ուսանողութեան, անպատասխանատու հոգեւորականներ անժամանակ կերպով ազատօրէն դպրոց կը մտնեն եւ գլուխ գլխի կը մնան աշակերտութեան հետ։ Կրթական ծրագրէն դուրս գործող այսպիսի վարժարաններու դէմ քննութիւն պիտի կատարուի եւ եթէ վերագրումները հաստատուին, փոքրամասնութեանց՝ այս կարգի կրթարանները պիտի փակուին։

Խորհրդային Միութեան առաջին փոխ-վարչապետ Անասթաս Միկոյեան, որ ճափոն կը գտնուի, Ճափոնի կառավարութեան պիտի առաջարկէ մէկ միլիառ տոլար արժէքով ճափոնական ծանր մեքենաներ գնել իր երկրին համար։