Խորհրդային Միութեան վարչապետ պրն. Նիքիթա Խրուշչեւ, «Արմենիա» զբօսանաւով Վոսփորէն եւ Տարտանելէն անցնելով ուղղուեցաւ դէպի Աղեքսանդրիա, ուր պիտի հասնի վաղը։

Զբօսանաւը նեղուցներէն անցաւ առանց կանգ առնելու, մինչդեռ, պրն. Խրուշչեւ, որ կամրջակին վրայ կը գտնուէր, ձեռքով բարեւեց ծովեզերքը հաւաքուած բազմութիւնը։ Չհաստատուած տեղեկութեանց համաձայն, հաւանաբար «Արմենիա» նաւը պարենաւորման համար հանդիպի Կիպրոս, սակայն հաւանական չէ որ պրն. Խրուշչեւ ցամաք ելլէ։ Գահիրէի «Ալ Ահրամ» թերթի տեղեկութեանց համաձայն, Խորհրդային Միութեան դեսպան պրն. Վլատիմիր Էրոֆէէվ յայտարարած է թէ՝ նախագահ Նասըրի հետ վարչապետ պրն. Խրուշչեւի ունենալիք խօսակցութիւնները պիտի դառնան քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական հարցերու շուրջ եւ մեծ նշանակութիւն պիտի ունենան։ Երկու ղեկավարները նմանապէս աչքէ պիտի անցնեն աշխարհի մէջ տիրող կացութիւնը եւ պիտի զբաղին միջազգային մեծ խնդիրներով։ ԹԱՍ գործակալութիւնը հաղորդեց թէ՝ պրն. Խրուշչեւ «Արմենիա» նաւով Վոսփորէն անցած ատեն, թուրք վարչապետ պրն. Ինէօնիւին ղրկած է հետեւեալ հեռագիրը. «Նեղուցներէն անցնելով Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւն մեկնումիս առթիւ, պրն. վարչապետ, ձեզի եւ ամբողջ թուրք ժողովուրդին կþուղղեմ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս, ձեր եւ թուրք ժողովուրդի առողջութեան եւ բարօրութեան համար»։ Պրն. Խրուշչեւ աւելի վերջ, հելլենական ջուրերէն անցած ատեն, հելլէն վարչապետ պրն. Բաբանտրէուին յղած է հետեւեալ հեռագիրը. «Դէպի Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւն ճամբորդութեանս ընթացքին, Յունաստանի ափերուն մօտէն անցնելով, պրն. վարչապետ, կþուղղեմ ձեզի եւ խաղաղասէր հելլէն ժողովուրդին, որուն հետ Խորհըրդային Միութեան ժողովուրդները կապուած են բարեկամութեան հին կապերով, յաջողութեանց եւ բարօրութեան համար անկեղծ բարեմաղթութիւններս»։