Նիւ Եորքի համաշխարհային ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 22-ին։ «Ազգութեանց Օր»երու հանդէսները սկսան Ապրիլ 26-ին մասնակցութեամբ 38 ազգութիւններու։
Այս 38 ազգութեանց դրօշակները, միանալով Ամերիկեան Հնդիկներուն, տողանցք կատարեցին բացման հանդիսութեանց ընթացքին, իրենց ազգային դրօշներով։ Բնականաբար, հայերը եւս մասնակցեցան բացման հանդիսութեանց, իրենց ներկայացուցիչներով, որոնք ազգային տարազ կը կրէին եւ իրենց ազգային Եռագոյն դրօշով ներկայացան հանրութեան։ Նիւ Եորքի համաշխարհային ցուցահանդէսի Հայկական Օրը, ինչպէս ճշդած ենք առանձնապէս, Մայիսի 31-ն է։ Կէսօրէ ետք ժամը 2-ին տեղի պիտի ունենան խմբական ելոյթները պարախումբերու, երգչախումբի եւ երաժշտական խումբերու, հարիւրաւոր անձներու մասնակցութեամբ։ Մասնակից արուեստագէտները ծանօթ դէմքեր են մեր ժողովուրդին համար եւ ջերմօրէն գնահատուած։ Երեկոյեան ժամը 7-ի հանդիսութիւնը տարբեր մթնոլորտի մը մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Իբրեւ հակադրութիւն կէսօրուան ժողովրդական զուարթ հանդիսութեան, երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ համանուագային նուագահանդէս մը, երգչախումբի մասնակցութեամբ, ներկայացնելու համար հայ դասական եւ ժամանակակից երաժշտութիւնը։
Վերջին օրերու ընթացքին, թրքական զինուորական սաւառնակներ բազմիցս հելլենական օդային մարզը բռնաբարած ըլլալով՝ հելլէն կառավարութիւնը Անգարայի իր դեսպանին՝ պրն. Փումփուրայի միջոցով խիստ ազդարարութիւն ըրած է թուրք կառավարութեան։ Շեշտած է որ, եթէ այդ թռիչքները կրկնուին, հելլէն օդանաւորդութիւնը ձեռնածալ պիտի չկենայ։ Միւս կողմէ, հելլէն օդային ուժերուն հրահանգուած է, նման թռիչքներու պարագային, թրքական սաւառնակները հետապնդել եւ անոնց հրամայել՝ որ իրենց հետեւին։ Եթէ անոնք հրամանին չենթարկուին, զանոնք այնքան անհանգիստ պիտի ընեն, որ անոնք ստիպուին վար իջնել։ Սաւառնակներուն վրայ կրակելու համար պէտք է մասնաւոր հրաման ստանան։