Երէկ, Կիրակի, Ապրիլ 26, Ազգային Առաջնորդարանի հրահանգին համաձայն, Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի եկեղեցիներու մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ յաւարտ պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ Ապրիլեան Եղեռնի մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու անմոռանալի յիշատակին, ի ներկայութեան ժողովրդային հոծ բազմութեան։

Աթէնքի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց արժ. Տ. Ներսէս Աւ. քհնյ. Խոշորեան՝ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեանի, որ քարոզեց՝ վեր առնելով Ապրիլեան եղեռնի նահատակներու զոհաբերութիւնը եւ վերապրողներուս վրայ ծանրացող պարտականութիւնը։ Երգեցողութիւնները կատարեց՝ նորակազմ երկսեռ դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ պրն. Սարգիս Մանուկեանի։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Ազգային Կեդր. վարչութիւնը, Տնտես. խորհուրդը։ Գոքինիոյ մէջ պատարագեց թաղին հոգեւոր հովիւը՝ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, որ խօսեցաւ Ապրիլեան նահատակներու մասին։ Երգեցողութիւնները կատարեց եկեղեցւոյն երկսեռ դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ պրն. Կ. Մինասեանի։ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Կիպրոսէն հիւրաբար Աթէնք գտնուող արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Սանտրունի, որ Հայր Մերէն առաջ ամփոփ կերպով խօսեցաւ Ապրիլեան Եղեռնի մասին։ Երգեցողութիւնները կատարեց Կիլիկիա երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ տիկին Ալիս Ֆարաճեանի։ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեանի կողմէ։ Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց տեղի ունեցաւ յուշատօն՝ նախագահութեամբ պրն. Արամ Թագւորեանի։ Խօսեցան պրն. Ռուբէն Գալֆայեան եւ Ա. Էսկիճեան։ Ապրիլեան եղեռնի տարեդարձին առթիւ, Ուրբաթ օր, Ապրիլ 24-ին, փակ մնացին Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ Յակոբեան եւ Զաւարեան Ազգային վարժարանները ինչպէս նաեւ Աւետարանական վարժարանները։