Արա Քարաքաշեան, Մասաչուսեց նահանգի Ռիտինկ քաղաքի Մեմորիըլ հայ սքուլի տնօրէնը, հաւատք ունի ներկայ ուսանողութեան ապագային նկատմամբ: Սակայն ան դէմ է համաձեւութեան եւ կը հաւատայ, որ ուսանողները պէտք է կրթական նոր ձեւեր պրպտեն ուսանողական իրենց ասպարէզի ընթացքին: Ա. Քարաքաշեանի հայրը ամասիացի է, իսկ մայրը՝ պոլսեցի: Իր տնօրէնութեան շրջանին Ա. Քարաքաշեան սկսած էր այնպիսի նորութիւններ ներմուծել, որ եթէ չըսենք սկզբնական շրջանին ահազանգի վիճակի մէջ դրած էր ծնողները, ուսուցիչներն ու ուսանողները, կրնանք հաստատել, որ անակնկալի բերած էր զանոնք: Յամենայն դէպս ժամանակի ընթացքին այս նորութիւնները արժանացան ընդհանուրին հաւանութեան, եւ շատեր որդեգրեցին նորութիւնը: Ամէն բանէ առաջ, կը բացատրէ Ա. Քարաքաշեան, «մենք կ՛ուզենք գիտակցութիւն տալ կարող աշակերտներուն: Եւ երկրորդ՝ կը փափաքինք սինիըրի եւ ճիւնիըրի աշակերտները վարժեցնել աւելի ետք գալիք համալսարանական դրութեան»: 1964 Յունուարի երկրորդ կէսէն ի վեր, մօտաւորապէս մէկ ամսուան համար որպէս այցելու հիւր ունէր Իրանի Թաւրիզ քաղաքէն հրաւիրուած երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ մը: Մոհամետ Ալ Փէյկամ Ամերիկա հրաւիրուած էր հինգ ամսուան համար Ֆուլպրայթ հիմնարկութեան կողմէ: Խօսելով պարսիկ ուսուցիչի դպրոցէն ներս ունեցած գործունէութեան մասին, ուր ան դասաւանդած է քանի մը շաբթուան համար բնագիտութիւն եւ գիտութիւն, Ա. Քարաքաշեան յայտարարեց. «Իսկական հաճոյք մըն էր աշխատանքը Փէյկամիի հետ, եւ իր այցելութիւնը մեծապէս նպաստեց երկու կողմերուն: Ան շատ ժողովրդականութիւն շահեցաւ աշակերտներուն մօտ, որոնք հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին պարսկական կեանքի մասին իր նկարագրութիւնները»:
Ուսանողական շրջանին Ա. Քարաքաշեան եղած է աշխուժ աշակերտ մը, դասերուն եւ թէ մարզական խաղերուն մէջ: Ան պէյզպոլի խումբի պետը եղած է թէ՛ Սթոնհամի հայ սքուլին մէջ եւ թէ՛ Պոտուէն հայ սքուլին մէջ: «Այժմ ուրախ եմ վայելելով մարզական խաղերու հաճոյքը որպէս դիտող եւ երբեմն ալ պարտէզիս մշակութեամբ զբաղելով», կ՛ըսէ ան:
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ