Խորհրդային Համայնավար կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Իզվեստիա»ի մէջ Վազգէն Մնացականեան կ'անդրադառնայ խորհրդահայ գրողներու ստեղծագործական աշխատանքներուն եւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ «անբաղձալի» կարգ մը երեւոյթներ արդի գրականութեան մէջ։

1.- Կը քննադատէ Մ. Շաթիրեանի, Ռ. Պետրոսեանի եւ Խ. Հրաչեանի պատմուածքները ու անոնց հեղինակները, որոնք զբաղած են իրենց հերոսներու «ինդիմ կեանքով», (այսինքն, մտերմական, ներաշխարհային ապրումներով)։ Քննադատը դիտել կուտայ թէ՝ «բանալ» նիւթ է (այսինքն՝ հասարակ, գռեհիկ) մարդոց ներքին կեանքը ատաղձ գրական ստեղծումներու։ 2.- Կը քննադատէ առանձնապէս բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը, իր «ազգայնական» ոգիին համար եւ դիտել կուտայ թէ՝ ան ծուռ ճամբու մէջ է, երբ անցեալով կը զբաղի եւ ոչ թէ ներկայով։ 3.- Համակրական արտայայտութիւններ կ'ունենայ Ալազանի, Մահարիի, Մկրտիչ Արմէնի եւ Նորենցի հանդէպ, որոնք «հակառակ իրենց հանդէպ գործուած անարդարութեան» (այսինքն 1937-1950ական թուականներու աքսորին եւ բանտարկութեան), Կոմունիստական պարտիային հաւատարիմ մնացին»։

Մարտ 25-ին, Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան, ընկերակցութեամբ Փարիզ ուսանող՝ Մեսրոպ վրդ. Աշճեանի, պաշտօնական առաջին այցելութիւնը տուաւ Մարսիլիոյ արք. գեր. Մարք Լալիէի եւ մօտ կէս ժամ շատ սիրալիր եւ բարեկամական զրոյց ունեցաւ մեր գաղութը հետաքրքրող կրօնական հարցերու շուրջ։ Կիրակի, Ապրիլ 5-ին, Մարսիլիոյ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ՝ գեր. Չուհաճեանին պարգեւատրութեան հանդիսաւոր պատարագին ներկայ եղաւ առաջնորդ սրբազանը, որ տեղ գրաւեց Մարսիլիոյ արք. Լալիէի աջին։ Իսկ Ապրիլ 7-ին, առաջնորդ սրբազանը, առաւօտեան, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու Էկզարք Կարապետ եպս. Ամատունիի, ընկերակցութեամբ՝ գեր. Չուհաճեանի։