Նիւ Եորքի Սթաթլըր-Հիլթըն պանդոկին մէջ, պրն. Եդուարդ Սահակեան ընդունելութիւն մը կազմակերպած է ի պատիւ Նիւ Եորքի 1964-65-ի ՄԻջազգային Ցուցահանդէսի հայկական ժողովրդական փառատօնի յանձնախումբին։

Ներկայ եղած են՝ Մեթրոփոլիթըն օփերայի երգչուհի Լուսին Ամարա եւ ջութակահարուհի Անահիտ Աճէմեան, որ վերջերս, մշակութային փոխանակութեան ծրագրի հիման վրայ, արտաքին նախարարութեան կողմէ գեղարուեստական շրջապտոյտ մը կատարած էր։ Ծանօթ լրագրող եւ արաբական մամուլի թղթակից պրն. Լեւոն Քէշիշեան եւս ներկայ եղած եւ 250 տոլարի նուիրատուութիւն մը ըրած է ի նպաստ յանձնախումբին։ Ամերիկահայոց առաջնորդ Գերշ. Հրանտ արք. Խաչատուրեան եւ պրն. Ճէք Չատըճեան ներկայ եղած են իբրեւ Ամերիկայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։ Այս առթիւ, Փառատօնի Յանձնախումբի ատենապետ պնր. Վիգէն Պապայեան տեղեկութիւններ տուած է Միջազգային Ցուցահանդէսի «Հայկական Օր»ուան յայտագրին եւ տարուած աշխատանքներուն մասին։

Ուոթըրթաունի Իսթ Ճիւնիըր Հայ Սքուլի ընդարձակ սրահին մէջ վերջերս, տպաւորիչ շուքով տեղի ունեցած է Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 54-րդ տարեդարձի եւ անմահ տաղասաց Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակի կրկնակ հանդիսութիւնը, ի ներկայութեան ժողովրդային հոծ բազմութեան մը։ Հանդէսին նախագահած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Սիրանոյշ Մխիթարեան, որ բացման խօսքէն ետք, գործադրութեան դրած է յայտագիրը. (Առաջին մասը՝ ՀՕՄ-ի 54-րդ տարեդարձին նուիրուած, իսկ երկրորդ եւ երրորդ մասերը՝ Սայաթ-Նովայի)։ Իր ամբողջութեան մէջ, հանդէսը եղած է խիստ տպաւորիչ։ ՀՕՄ-ի առաքելութեան մասին խօսած է ընկերուհի Գոհար Թէօլէօլեան, իսկ Սայաթ Նովայի մասին՝ գրագտէ ընկեր Վալադ Վասադեան։ Հանդէսը ունեցած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ բաժին մը - մեներգ, արտասանութիւն, նուագ եւ կենդանի պատկեր։