Վերջերս, Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը անդամական հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ։

Բացումը կատարեց՝ վարչութեան քարտուղարուհի ընկերուհի Շաքէ Ղազերեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեամբ Հ. Կ. Խաչի բոլոր ձեռնարկները միշտ քաջալերող հաւատաւոր անդամուհիներուն, եւ ապա՝ անդրադարձաւ անցեալ ամիսներու գործունէութեան։ Շեշտեց՝ թէ վարչութեան փափաքն է իր հաւատաւոր անդամուհիները տարեշրջանի ընթացքին տարուած աշխատանքներուն միշտ տեղեակ պահել, վարչութեան եւ անդամուհիներու միջեւ տեւական կապ հաստատելու առիթներ ստեղծել եւ անդամուհիներուն համար յաճախ օգտակար դասախօսութիւններ կազմակերպել։ Յակոբեան վարժարանի աշակերտներուն կողմէ եղան երկու արտասանութիւններ, որոնցմէ ետք, ընկ. Ղազերեան խօսքը տուաւ յատկապէս հրաւիրուած օրուան դասախօս՝ ուսուցիչ պրն. Մ. Շարապխանեանին, որուն ընտրած նիւթն էր «Տղուն դաստիարակութիւնը տունէն ներս» որ ջերմապէս ծափահարուեցաւ բոլորին կողմէ։ Պրն. դասախօսը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Տղոց դաստիարակութիւնը շատ նուրբ եւ շատ դժուար գործ մըն է։ Եւ այս գործին իրականացման դերը ստանձնած է ծնողքը, ընտանիքը այսինքն՝ տունը։ Տան մէջ է որ տղան հոգեպէս ու մարմնապէս կը թրծուի ու կը պատրաստուի, որպէս տիպար անհատ՝ մարդկութեան օգտակար ըլլալու։ Դպրոցը, ուսուցիչները ծնողքին կþօգնեն իր ստանձնած այս դժուարին պարտականութեան մէջ։ Անոնց գործակցութիւնը տղոց դաստիարակութեան ու կրթութեան գործին մէջ անհրաժեշտ է, որովհետեւ, միայն այդ գործակցութեամբ է որ պիտի կարողանան մարդկութեան հասնցնել, զարգացած ու կրթուած անհատներ, որոնց պակասը դժբախտաբար, աւելի զգալի կը դառնայ։ Ներկաներուն եւ վարչութեան կողմէ ընկ. Ղազերեան շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. դասախօսին իր այնքան շինիչ եւ օգտաշատ դասախօսութեան համար։