Թուրք երիտասարդական կազմակերպութիւնները, բացէ ի բաց տնտեսական պաշարումի ենթարկեցին Կ. Պոլսոյ հելլէն առեւտրականները։
Անոնք հրատարակութեան տուին միացեալ կոչ մը, որով ժովովուրդին կը թելադրեն որ որեւէ առեւտուր չընէ հելլենական վաճառատուներէն։ Յիշեալ կազմակերպութիւնները իրենց հրապարակ հանած հազարաւոր թռուցիկներուն մէջ կը շեշտեն ի միջի այլոց. «Քու կռնակէդ փրցուած ամէն մէկ ղրուշ՝ տնտեսապէս մեզ շահագործողներու կողմէ կը վերածուի զէնքի՝ Կիպրոսի քու հայրենակիցներուդ դէմ։ Այս շահագործողներու հետ ամէն առեւտուր դադրեցնելը՝ այսօր, թուրքերու ամէնէն սրբազան պարտականութիւնն է»։ Ազգայնական այս կազմակերպութիւնները ապա կը շեշտեն թէ՝ տնտեսական այս պաշարումէն ետք, պէտք է կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Թուրքիայէն հե- ռացուին հելլէն քաղաքացիները եւ միաժամանակ պէտք է ջնջել այն իրաւունքները, զորս կրթական մարզի մէջ չարաչար կը գործածեն Կ. Պոլսոյ Հելլէնները։ Թուրք երիտասարդական կազմակերպութիւնները ի վերջոյ կը յայտարարեն՝ թէ կառավարութեան կողքին են այն պայքարին մէջ, զոր ան կը մղէ զուտ քաղաքական նպատակներ թագցնող կրօնական հաստատութեանց դէմ։ Անգարայէն ալ կը հաղորդեն թէ՝ վարչապետ պրն. Ինէօնիւ հելլէն վարչապետ պրն. Բաբանտրէուի յայտարարութեանց անդրադառնալով ըսած է. «Կիպրոսի համար ստորագրուած դաշնագրերը ի զօրու կը մնան եւ Կիպրոսի պետութիւնը անկախ է»։ Պրն. Ինէօնիւ աւելցուցած է թէ՝ տակաւին ամբողջական բնագիրը չունի հելլէն վարչապետի յայտարարութեանց, այնպէս որ չի կրնար աւելի երկար խօսիլ այս մասին։ Միայն ըսած է. «Մեր հակառակորդներու հասկցած անկախ պետութեան իմաստը այն է թէ՝ իրենց ենթակայ բնակչութիւնը պէտք է ջարդուի։ Այսպիսի հասկացողութեան մը շուրջ չենք կրնար խօսիլ»։ Պ. Բաբանտրէուի յայտարարութիւնները խոր հակազդեցութեան տեղի տուած են Անգարայի մէջ։ Տեղւոյն քաղաքական շրջանակները շեշտած են, թէ հելլենեւթուրք յարաբերութեանց վիճակը տագնապալի է։