Նիկոսիայէն ստացուած հեռագիրներ կը հաղորդեն թէ՝ Կիպրոսի երկու գիւղերու մէջ, թրքական գրգռութեանց հետեւանքով, տեղի ունեցած են արիւնալի բախումներ, որոնք վերջ գտած են գիշերը՝ ուշ ատեն։

Դէպքերը տեղի ունեցած են Գազիվերա եւ Գալօ Խորիօ գիւղերուն մէջ։ Գազիվերա գիւղին մէջ հելլէն մը սպաննուած է եւ երեք հելլէններ ալ վիրաւորուած են։ Գալօ Խորիոյի մէջ, մէկ հելլէն եւ մէկ թուրք սպաննուած եւ երեք թուրքեր վիրաւորուած են։ Թուրք կառավարութիւնը ծանուցագրեր ուղղած է ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար պրն. Ու Թանին, նախագահ Մակարիոս արքեպիսոպոսին, Կիպրոսի խաղաղեցման ուժերու պետին։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ Աթէնքի դեսպան պրն. Իլքին, այցելեց արտաքին գործոց նախարար պրն. Քոսթոբուլոսին, որուն ծանուցագիր մը յանձնելով յայտնեց որ, եթէ Կիպրոսի մէջ թուրքերու սպաննութիւնները վերջ չգտնեն, Թուրքիա պիտի միջամտէ կղզիին մէջ, պրն. Քոսթոբուլոս մերժեց ծանուցագիրը եւ շեշտեց թէ՝ հելլէն կառավարութեան տեղեկութեանց համաձայն, նոր կռիւներու պատասխանատուութիւնը կ'իյնայ Կիպրոսի թուրքերուն վրայ։

Նիկոսիա (Կիպրոս) հրատարակուող անգլիական «Սայփրըս Մէյլ»ի Մարտ 4-ի թիւէն առնելով, թարգմանաբար կուտանք հետեւեալ տեղեկութիւնը.- Վերջին հայերը, առաւելաբար տարիք առած մարդիկ, որոնք համայնքային կռիւներէն ետք իսկ կը շարունակէին բնակիլ Վիքթորիա փողոցը, երէկ հարկադրուեցան հեռանալ իրենց տուներէն, հոն ձգելով իրենց ունեցած-չունեցածը։ Նախապէս, շուրջ 15 հայ ընտանիքներ կային Վիքթորիա փողոցը, սակայն, ետքէն միայն երկու-երեք ընտանիքներ մնացած էին։ Թուրքերը ասոնց հրամայեցին կամ պարպել իրենց բնակարանները կամ ենթարկուիլ ձերբակալութեան։ Վրայ հասան բազմաթիւ հայ երիտասարդներ, որոնք ուզեցին օգնել ծերունիներուն, որպէսզի իրենց ինչքի գէթ մէկ մասը կարենան իրենց հետ առնել, սակայն, թուրք ոստիկանները երիտասարդներուն հրահանգեցին անմիջապէս հեռանալ։ Ծերունեներուն երեք ժամ տրուեցաւ, հեռանալու համար իրենց տուներէն։