Հայկական Հին Քաղաքներ

ԵՐԻԶԱ.- Հին ատենները Բարձր Հայոց Եկեղեցւոյ գաւառին մէջ կառուցուած այս քաղաքը հայկական մեհեաններու կեդրոնավայր մըն էր: Այնտեղ հաստատուած էր Անահիտի կամ Արտեմիսի ոսկի արձանը, որ գարնան եւ աշնան մեծահանդէս թափօրով կը պտտցուէր քաղաքին մէջ:

Այդ տօնախմբութիւններուն մէկուն միջոցին էր, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի քրիստոնէութիւնը յայտնուեցաւ, Ս. Գրիգոր, որ Տրդատի զինակիցն էր, մերժեց դալար ոստեր ու ծաղիկներ նուիրել դիցուհիին եւ այդ պատճառով նետուեցաւ Խոր Վիրապ: Յետոյ, երբ Տրդատ քրիստոնէութիւնը ընդունեց, Ս. Գրիգոր Հայաստանի ուրիշ մեհեաններու հետ քանդել տուաւ նաեւ Անահիտի մեհեանը եւ անոր տեղ Աստուածածնայ նուիրուած տաճար մը կանգնեց:

 

ԱՐՏԱՇԱՏ.- Հին Հայաստանի մայրաքաղաքը, Այրարատայ Ոսկետան գաւառին մէջ: Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Արտաշէս Բ. կառուցած է զայն. ուրիշ աւանդութիւն մը Արտաշատի հիմնարկութիւնը կը վերագրէ Արտաշիոս Հայկազն իշխանին, որ Արշակունեաց հարստութեան հաստատումէն առաջ ասորեստանցիներու կողմէ կուսակալ կարգուած էր Հայաստանի մէկ մասին: Քաղաքէն վեց մղոն հեռու կը գտնուի Խոր Վիրապը, ուր նետեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը: Է. դարու կէսին Ներսէս Գ. կաթողիկոսը Խոր Վիրապին տեղը կը շինէ գեղեցիկ վանք մը. վանքը կը կոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով:

 

ԱՇՏԻՇԱՏ.- Հայաստանի պատմական քաղաքներէն մէկը, Տուրուբերանի Տարօն գաւառին մէջ, Եփրատի աջ կողմը բարձրացող Քարքէ լերան մէկ բարձրաւանդակին վրայ: Հին Հայաստանի մէջ դիցանուէր քաղաք մըն էր, անուանի իր մեհեաններով: Այնտեղ կը գտնուէր Վահէվահեան մեհեանը, ուր հաստատուած էր Հերակլէսի արձանը. այնտեղ կը գտնուէին նաեւ Անահիտի եւ Աթենասի մեհեանները: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կործանել տուաւ բոլոր մեհեանները եւ Աշտիշատի մէջ հիմնեց Հայաստանի անդրանիկ մայր եկեղեցին, որ վերջին «Աշտիշատի վանք» անունը ստացաւ իր մօտը կառուցուած վանքին պատճառով:           

Քաղեց‘ ԱՐՕՐ