Հայ ժողովուրդի կազմութեան առաջին օրերէն անցած է աւելի քան երեք հազար տարի եւ անոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթը, իմ կարծիքովս, անոր մշակութային ստեղծագործութիւնն է:

Արդարեւ, հայ մշակոյթը առաջին օրէն իսկ սերտ կապ ունեցած է հին արեւելեան, հելլենական կամ յունահռոմէական, բիւզանդական, արաբական, իրանական եւ եւրոպական քաղաքակրթութիւններուն հետ, շատ բան առնելով անոնցմէ, բայց միեւնոյն ատեն՝ շատ բան տալով մարդկային մշակոյթի գանձարանին: Այս խօսքերը կը պատկանին հնագէտ փրոֆ. Բաբգէն Առաքելեանին՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ճիւղի տնօրէնը: Խօսելով հնագիտական աշխատանքներու մասին՝ փրոֆեսէօրը կ՛աւելցնէ, որ շատ բան կերտած է հայը՝ իր երկիրը դարձնելով բացօթեայ թանգարան մը: Արմաւիր, Արտաշատ, հին Վաղարշապատ, Դուին, Երեւան, Գառնի, Զուարթնոց գրեթէ կը գտնուին կողք կողքի: Զարմանալի է, քիչ երկիրներ կան, ուր այսքան քիչ եւ փոքր տարածութեան վրայ կը հանդիպինք այսքան հին քաղաքներու եւ յուշարձաններու: Հայաստան իր հողին տակ կը պահէ անցեալի պատմութեան վերաբերեալ այնպիսի կոթողներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն մարդկութեան տիեզերական պատմութեան համար: Հայաստան բացօթեայ թանգարան մըն է, մէկը՝ այն եզակի թանգարաններէն, ուր կարելի է տեսնել մարդկութեան արշալոյսէն մինչեւ մեր օրերը երկարող բոլոր դարաշրջաններուն նիւթական մշակոյթի ամէն տեսակ արժէքաւոր նմուշներ: Այս խօսքերուն հեղինակը մէկն է Հայաստանի այն հնագէտներէն, որոնք մեծ վաստակ ունին այդ թանգարանին կարեւոր բաժինները ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն ներկայացնելու գործին մէջ: Բ. Առաքելեան դաստիարակուած է Երեւանի հայագիտական միջավայրին մէջ: Ուղղակի կամ անուղղակի աշակերտած է՝ Հ. Աճառեանին, Յ. Մանանդեանին, Մ. Աբեղեանին, Յ. Օրբէլիին, Գր. Ղափանցեանին եւ քանի մը ուրիշներու: Փրոֆեսէօրին գիտական հետաքրքրութիւններուն բնագաւառը կը հանդիսանայ հին եւ միջնադարեան Հայաստանի պատմութիւնը: