Հայ Օգնութեան Միութեան երէց մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական ժողով մը, Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ներքնասրահը:

Դասախօսն էր ծանօթ քիմիագէտ տոքթ. Վ. Աֆթանտիլեան: Տոքթ. Աֆթանտիլեան մօտ մէկ ժամ խօսեցաւ «Ամերիկահայ գիտնականներ» նիւթով ու յայտարարեց, թէ պաշտօնական թէ անհատական գիտական հրատարակութիւններ պրպտելով՝ հաստատած է, որ այս երկրին մէջ կը գտնուին 250 հայ գիտնականներ: Ամերիկահայութեան թիւը 250,000 նկատելով՝ յարգելի դասախօսը դիտել տուաւ, թէ այս թուական համեմատութիւնը գրեթէ նոյնն է՝ Ամերիկայի ժողովուրդը կազմող միւս ազգութիւններու տուած գիտնականներու համեմատութեան: Ան շեշտեց, թէ ամերիկահայ գաղութը իր պատուաւոր մասնակցութիւնը ունի այս երկրի գիտական յառաջդիմութեան մէջ ու այս իրողութիւնը հարկ է որ յիշենք առանց ազգային գերակայութեան զգացումի, յիշելով նաեւ տարբեր ազգութիւններու բերած նպաստները: Դասախօսը յայտարարեց նաեւ, թէ ապահովաբար բազմաթիւ հայ գիտնականներ չեն փափաքած արձանագրուիլ գիտնականներու անուններ ցոյց տուող ցանկերու մէջ, եւ տակաւին ուրիշներ կան, որոնց հայ ծագումը իրենց անուան փոփոխութեամբ դժուար է ճշդել: Ամերիկահայ գիտնականներուն 50 առ հարիւրը այս երկիրը ծնած է, եւ մնացեալը՝ արտասահմանէն եկած: Բաղդատաբար տարբեր ազգութեանց գիտնականներու, հայերու մէջ համեմատաբար աւելի են մաթեմաթիկոսները: Հայ գիտնականներու 60 առ հարիւրը գիտութեանց պսակաւորի տիտղոս ունի, իսկ 71 առ հարիւրը դոկտորի: Ի վերջոյ, Աֆթանտիլեան յիշեց ամերիկահայ չորս գիտնականներ՝ հերոս գիտնականը՝ Հերի Տաղլեան, որ 1945-ին զոհ գնաց հիւլէական արկածի մը, Էմիկ Աւագեան (իրանահայ) անդամալոյծ գիւտարարը: Է. Պարսամեան՝ վերջերս հանրածանօթ դարձած գիւտարարը եւ Հ. Մեհրապեան, որ Քալիֆորնիոյ մէջ խիստ կարեւոր պաշտօն ունի անջրպետի քննութեան ամերիկեան ծրագիրներու իրականացման մէջ: