Լրագրական տեղեկութեանց համաձայն, հելլէններու Գոնսթանտինոս թագաւորին եւ Տանըմարքայի Աննա-Մարիա իշխանուհիի ամուսնութիւնը տեղի պիտի ունենայ շուտով։

Գոփենհակի առաւօտեան թերթերէն շատերու աշխատակիները կը գրեն թէ՝ հելլէններու թագաւորին ամուսնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիսին։ Միւս կողմէ, 18 տարեկանէն վար իշխանուհի Աննա-Մարիան ալ պէտք է արքայական հաւանութիւն ստանայ, ամուսնանալու համար, եթէ ամուսնութիւնը տեղի ունենայ Օգոստոս 30-էն առաջ, երբ ան կը տօնէ իր ծննդեան տարեդարձը։ Ամուսնութիւնը փութացնելու հարցին շուրջ խօսակցած են Յունաստանի եւ Տանըմարքայի արտաքին գործոց նախարարները։ Սակայն երկու նախարարները թուական չեն նշանակած, նկատելով՝ թէ հարցը նախ կը վերաբերի Յունաստանի եւ Տանըմարքայի պալատներուն։

Այսօր, կէսօրին, վարչապետ Բաբանտրէուի Քասթրիի բնակարանին մէջ, Կիպրոսի շուրջ պիտի գումարուի կարեւոր ժողով մը, որուն պիտի մասնակցին Մակարիոս արքեպիսկոպոսէն եւ Յունաստանի ու Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարներ պրն. Քոսթոփուլոսէն եւ Քիփրիանոսէն զատ նաեւ զօրավար Ղրիվաս եւ արտաքին գործոց մնայուն փոխ նախարար պրն. Բաբաս։ Նիստի ընթացքին պիտի տրուին վճռական որոշումներ, որոնք պիտի ազդեն Կիպրոսի ապագայ ճակատագրին ինչպէս նաեւ Յունաստանի արտաքին ընդհանուր քաղաքականութեան։

Նիւ Եորքէն կը հեռագրեն՝ թէ ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար պրն. Ու Թանի յայտարարութեան համաձայն, Կիպրոսի համար միջազգային ուժի կազմութեան արգելք հանդիսացող տնտեսական դժուարութիւնը հարթուած է եւ շուտով 4-5 միլիոն տոլար պիտի հայթայթուի զանազան երկիրներու կողմէ։ Միջազգային ուժին պիտի մասնակցին՝ Գանատա, Անգլիա, Ամերիկա եւ Շուէտ։ Գանատայէն այսօր հազար զինուորներ օդային գծով ճամբայ պիտի ելլեն դէպի Կիպրոս։ Անգլիա 3500 զինուոր պիտի տրամադրէ, միւս պետութիւնները՝ 3000։