Սուտանահայութիւնը բաւականին լաւ կազմակերպուած գաղութի մը երեւոյթն ունի՝ իր եկեղեցիով եւ յատուկ հոգաբարձութեամբ, իր դպրոցով եւ հոգաբարձութեամբ, իր երկու ակումբներով եւ իր վերին մարմինով, որուն ատենապետն է պրն. Գրիգոր Պոտուրեան։

Գաղութին հոգեւոր հովիւն է Սուրէն վրդ. Չինչինեան, որ արժանաւորապէս կը վարէ գաղութին եկեղեցական ու հոգեւոր գործերը, միաժամանակ դասաւանդելով ազգային վարժարանին մէջ։ Ազգ. վարժարանը ունի մանկապարտէզի եւ թերի նախակրթարանի բաժիններ, շուրջ վաթսուն աշակերտներով, տնօրէնութեամբ պրն. Օննիկ Գալուստեանի։ Գաղութին ընդհանուր թիւն է շուրջ 800 հոգի, առաւելաբար կը զբաղին առեւտուրով եւ արհեստներով։ Սուտանահայութիւնը ունի մեծահարուստներ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ ու գաղութը կը վայելէ լաւ եւ օրինապահ համայնքի մը համբաւը։ Գաղութին մէջ կը գործէ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը, որ ունի իր ակումբը, արդիական մարզարան մը, լողաւազան մը եւ պէտք ունի աւելի գեղեցիկ շէնքի մը։


Ամիս մը առաջ, Գահիրէի մէջ կայացած համաձայնութեան հիման վրայ, ազգային ուղղութեան եւ թուրիզմի նախարար տքթ. Ապտէլ Քատէր Հաթէմի եւ պրն. Նիկողոս Թարայեանի ջանքերուն շնորհիւ, այսօր արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է այն ծրագիրը, որուն շնորհիւ անգլիացի զբօսաշրջիկները պատեհութիւնը պիտի ունենան պտտելու Եգիպտոսի տեսարժան վայրերը եւ հնութիւնները։ Սոյն ծրագրի հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ զարկ տալ փոխադարձ զբօսաշրջիկութեան արաբական երկիրներու եւ Անգլիոյ միջեւ։ Այս նպատակով ընկ. Թարայեան Եգիպտոս երթալով, տեսակցութիւն մը ունեցած էր տքթ. Հաթէմի հետ։ Վերջինս տեսնելով այս ծրագրի գործնական եւ թէ բարոյական առաւելութիւնները, զայն անմիջապէս ընդունած էր։ Առաջին իսկ փաստը որ Ապրիլ 1-ին բացումը կը կատարուի չորս պանդոկներու, բոլորն ալ տնօրէնութեամբ ընկ. Թարայեանի, ցոյց կուտայ այն բացառիկ շնորհները եւ արժանիքները որ ունի Թարայեան։