Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանի 35-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի օր, Մարտ 1-ին, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ։
Ներկայ էին՝ իրաւասու ձայնով 19 պատգամաւորներ եւ բաւական թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիր մարզասէր հայրենակիցներ։ Շրջանային վարչութեան ատենապետ պրն. Պատրիկ Սարգիսեան ժողովը բանալով բարի գալուստ մաղթեց եղբայր պատգամաւորներուն եւ յաջողութիւն՝ ժողովի աշխատանքներուն։ Շուրջ տասը ժամ, ժողովը օրինակելի կարգապահութեամբ եւ եղբայրական ոգիով՝ զբաղեցաւ օրակարգի բոլոր հարցերով։ Եղան հարցապնդումներ, տրուեցան մանրակրկիտ լուսաբանութիւններ եւ գծուեցաւ 1964-1965 տարեշրջանի գործունէութեան ուղեգիծը։ Պատգամաւորական ժողովին մէջ յայտնի եղաւ որ, անցեալ տարեշրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը արձանագրած է ուշագրաւ նուաճումներ, սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպչական մարզերէ ներս։ Ունի երեք հարիւր յիսուն անդամներ։ Ունեցած է բազմաթիւ մարզական հանդիպումներ։ Իր սկաուտական եւ գայլիկներու խումբերը կազմակերպած են արշաւներ, դասախօսութիւններ, ամառնային քէմփեր եւ մասնակցած են՝ ազգային եւ եկեղեցական տօնակատարութեանց՝ հսկելով կարգապահութեան։ Նիւթական գետնի վրայ եւս Հ.Մ.Ը.Մ. ձեռք բերած է գոհացուցիչ արդիւնքներ։ Անդամավճարներէ, ձեռնարկներէ եւ նուիրատուութիւններէ ունեցած է շուրջ 170 հազար տրախմիի մուտք եւ ելք։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ ամբողջ յունահայ գաղութը սիրալիր ընդունլեութիւն ըրած եւ հիւրասիրած են Սկաուտական 11-րդ Միջազգային ճամբարին մասնակցող հայ սկաուտներուն եւ արենուշներուն։ Պատգամաւորական ժողովը իր աշխատանքները աւարտելով՝ ընտրեց 1964-1965 տարեշրջանի Շրջանային վարչութիւնը՝ որ կը բաղկանայ հետեւեալ եղբայրներէն.- Պատրիկ Սարգիսեան, Դանիէլ Դանիէլեան, Համբարձում Կիւտէնեան, Լեւոն Գայեան, Յարութիւն Սվազլեան, Պօղոս Պօղոսեան եւ Յակոբ Ճէլալեան։