Յունահայոց Ազգ. վարչութիւնը, ի լուր հելլէններու անմոռանալի եւ ժողովրդասէր թագաւոր Փաւլոս Ա.ի մահուան գոյժին, Շաբաթ Մարտ 7-ին բացառիկ նիստ գումարեց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արքեպիսկոպոսի նախագահութեան տակ։
Առաջնորդ սրբազան հայրը նախ աղօթեց հանգուցեալ Փաւլոս թագաւորի հոգւոյն համար եւ ապա վեր առաւ անոր լուսաւոր անհատականութիւնը, արժանիքները եւ առաքինութիւնները։ Ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին հանգուցեալ վեհապետին յիշատակը։ Յետոյ, Կեդրոնական վարչութիւնը միաձայնութեամբ տուաւ հետեւեալ որոշումները.- Ցաւակցական հեռագիրներ ուղղել Գոնսթանտինոս թագաւորին, Մայր թագուհի Ֆրիտերիքիին եւ արքայական ընտանիքի անդամներուն։ Ամբողջ կազմով հետեւիլ յուղարկաւորութեան։ Ծաղկեպսակ զետեղել վեհապետի դագաղին վրայ։ Թաղման օրը հոգեհանգիստ կատարել հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Վեհապետի թաղման օրը փակ պահել ազգային հաստատութիւններն ու վարժարանները։ Մասնակցիլ հելլէն ազգային սուգի բոլոր արտայայտութեանց։ Այս որոշումները հրատարակութեան տալ մամուլի մէջ։ Փաւլոս թագաւորի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար Աթէնք ժամանեցին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։
Ամիսներէ ի վեր, պէյրութահայ ազգայիններէ կազմուած եօթը հոգինոց օժանդակութեան Կեդրոնական յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ պրն. Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի, գործի լծուած է, յառաջիկայ Սեպտեմբերին, Գալիֆորինիոյ Լոս Անճելըս հայաշատ քաղաքին մէջ հայ երկրորդական վարժարան մը բանալու համար։ Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, կեդր. յանձնախումբի կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին, մանրամասն զեկուցում տրուած է յանձնախումբի կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն մասին։ Հրապարակ հանուած են 4000 խոստումնագիրներ, որոնցմէ 2600ին ստորագրութիւնը արդէն իսկ ապահովուած է։ Ապահովուած են նաեւ բացուելիք վարժարանի գրադարանին համար 700 հատոր գիրք։