Մարսէյէն կը գրեն 29 Փետրուար թուականով.-
Արտաւազդ եպիսկոպոսի օդանաւը որոշեալ ժամուն հասած է օդակայան, ուր հարիւրէն աւելի բազմութիւն մը 30-40 ինքնաշարժներով եկած էին դիմաւորելու զինք:

Այս բազմութեան մաս կը կազմէին բոլոր քահանաները (բացի Փրատոյի եկեղեցւոյ քահանայէն), բոլոր թաղական խորհուրդները (բացի Փրատոյի հոգաբարձութենէն), Կապոյտ խաչը իր բոլոր մասնաճիւղերով, «Նոր Սերունդ»-ի Շրջ. վարչութիւնը ամբողջական կազմով եւ արենուշները: Օդակայանի տնօրէնութիւնը տեսնելով ընդունելութեան բացառիկ բնոյթը՝ մասնաւոր կարգադրութեամբ արտօնած է, որ սրահներու անցքերը բացուին եւ ժողովուրդը մուտք գործէ: Երբ Արտաւազդ եպիսկոպոս օդանաւէն իջած է, երկու տասնեակ արենուշներ համազգեստով երկու ծաղկեփունջ նուիրած են իրեն ու՝ բարեւի կեցած: Ազգային վարչութեան նախագահը սրբազանին ներկայացուցած է ներկաները, եւ սկսած է աջահամբոյրը: Ամբողջ թափօրը նոյն շքերթով առաջնորդած է եպիսկոպոսը Պուլվ. Օտտոյի եկեղեցին, որ արդէն բերնէ բերան լեցուած էր հաւատացեալ ժողովուրդով:
Զանգակներու ղօղանջին տակ, «Հրաշափառ»-ով սրբազանը մուտք գործած է եկեղեցի եւ ըրած՝ իր գոհաբանական աղօթքը: Ապա, վերջին ծայր յուզուած իրեն եղած այս անսպասելի եւ փառաւոր ընդունելութենէն, իմաստալից քարոզ մը խօսած եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնած է:
Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Յ. Պապիկեան բարի գալուստի խօսքերով հաւաստիացուցած է սրբազանը, որ իր ծանր պարտականութեան մէջ վարչութիւնը իրեն զօրավիգ պիտի ըլլայ: Սեն Ժերոմի քահանայ հայրը, յանուն Կրօնական ժողովի՝ բարի գալուստ մաղթած է, ինք եւս իր կարգին Արտաւազդ եպիսկոպոսին իր հաւատարմութիւնը յայտնած է՝ ըսելով, որ քահանայ հայրերը միշտ զօրավիգ պիտի կանգնին իրեն, որպէսզի իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուի: Դժուար եղած է հեռացնել սրբազանը եկեղեցիէն՝ երկար աջահամբոյրներու պատճառով: Եկեղեցիէն դուրս գալով՝ ժողովուրդը հետեւած է թափօրին մինչեւ առաջնորդարանի փառաւոր շէնքը։